
Պատրաստուելու համար «Փրեմիեր Լիկ»-ի 2015-2016 տարեշրջանին` Մանչեսթըր Եունայթըտ մեկնեցաւ Միացեալ Նահանգներ, ուսումնամարզական հաւաք մը կատարելու համար:
Խումբի մարզիչ Լուիս Վան Կաալ անակնկալ որոշումով մը իր կազմին մէջ նկատի չառաւ բերդապահ Վիքթոր Վալտեսը:
Ըստ սպանական «Սփորթ» կայքին, Եունայթըտի հետ Վալտեսի օրերը հաշուուած են:
Վալտեսի գործակալը` Կինես Քարվախալ, որ մօտիկ յարաբերութիւններ ունի Ռէալ Մատրիտի նախագահ Ֆլորենթինօ Փերեսի հետ, կը կարծուի, որ բանակցութիւններու սկսած իր յաճախորդին գծով:
Ներկայիս Ռէալ Մատրիտի մէջ բերդապահի հարցը ցարդ չէ լուծուած:
Մինչ Իքեր Քասիաս մեկնեցաւ, անդին Տաւիտ Տէ Ժէայի փոխանցումը կը կարծուի, որ պիտի չկատարուի` նկատի ունենալով, որ բանակցութիւնները փակուղի մտած են, որովհետեւ իր մարզիկին համար Մանչեսթըր կը պահանջէ 25 միլիոն եւրօ կը յայտնէ ArmSport.am:
Նշենք, որ Տէ Ժէայի պայմանագրութիւնը կ՛աւարտի 2016-ին եւ շատ հաւանաբար այդ տարին կ՛ուզէ ձրի իր կազմին միացնել անգլիական ակումբին բերդապահը:
Պարսելոնայի նախկին բերդապահին` Վալտեսի պայմանագրութիւնը եւս Եունայթըի հետ կ՛աւարտի 2016-ին: