
Չելսիի նորեկ քոլոմպիացի մարզիկ Ռատամել Ֆալքաօ իր նոր ակումբին հետ պիտի կրէ թիւ 9 մարզաշապիկը, յայտնեց լոնտոնեան ակումբին պաշտօնական կայքը:
Բերդապահ Թհիպօ Քուրթուա որոշեց իր մօտ պահել թիւ 13 շապիկը:
TotalFootball.am կայքը աւելցուց նշելով, որ Չելսի նախորդ յուլիսին յայտարարեց Ֆալքաոյը փոխ առնելուն մասին:
Նախորդ տարեշրջանին Ֆալքաօ փոխ տրուած էր Մանչեսթըր Եունայթըտի: