Հայաստանի ախոյեան Փիւնիկ Երեւան, որ երէկ գիշեր «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի Բ. հանգրուանին երթի մրցումներուն ծիրին մէջ ճակատեցաւ Մոլտէի դէմ, 5-0 արդիւնքով ծանր պարտութիւն մը կրեց անկէ (Կիսախաղ` 2-0):
Նորվեկիական խումբին դէմ Փիւնիկի կրած այս ծանր պարտութիւնը քիչ մը դժուարացուց գլխաւոր մարզիչ Սարգիս Յովսէփեանի առաքելութիւնը` նկատի ունենալով, որ յաջորդ հանգրուան հասնելու համար Փիւնիկ դարձի մրցումին պէտք ունի նուազագոյնը 6-0 արդիւնքով յաղթանակի մը: