Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պէյրութի Մէջ. Ճենթիլոնի Կը Հաստատէ Լիբանանի Նկատմամբ Իտալիոյ Յանձնառութիւնը

July 15, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

7-14-15_basil_paoloԻտալիոյ արտաքին գործոց նախարար Փաուլօ Ճենթիլոնի, որ երկօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ մը եկած էր Պէյրութ, երէկ հանդիպումներ ունեցաւ լիբանանցի քաղաքական պատասխանատուներու հետ եւ այցելեց հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած իտալական ուժերուն տեղակայուած շրջանն ու ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն կեդրոնը` Նաքուրա:

Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ առաւօտեան Պուսթրոս պալատին մէջ ընդունեց իտալացի իր պաշտօնակիցը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, շրջանային զարգացումները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Հանդիպումէն ետք տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Ճենթիլոնի յայտնեց, որ իր երկիրը պիտի շարունակէ նեցուկ կանգնիլ Լիբանանին` աւելցնելով, որ Իրանի հիւլէական ծրագիրին շուրջ գոյացած համաձայնութիւնը իր դրական ազդեցութիւնը պիտի ունենայ Լիբանանի եւ շրջանի բոլոր երկիրներուն վրայ, յատկապէս ՏԱՀԵՇ-ի եւ անոր սպառնալիքներուն դէմ պայքարելու իմաստով:

Անդրադառնալով Եգիպտոսի մէջ իտալական հիւպատոսարանին դէմ կատարուած ահաբեկչութեան գործողութեան` Ճենթիլոնի ըսաւ, որ անիկա Իտալիոյ դէմ ուղղուած յստակ զգուշացում մըն է` ՏԱՀԵՇ-ի եւ ահաբեկչութեան դէմ չպայքարելու առումով, «իսկ մեր պատգամը անոնց յստակ է. մենք կ՛աշխատինք խաղաղութեան եւ երկխօսութեան ի խնդիր եւ անշեղ պիտի մնանք ՏԱՀԵՇ-ի եւ ահաբեկչութեան դէմ մեր մղած պատերազմէն», ըսաւ ան:

Իր կարգին, Պասիլ փափաք յայտնեց, որ այլ երկիրներու մէջ գործադրուածը Լիբանանի համար չարգիլուի: Պասիլ կ՛ակնարկԷր Լիբանան եկող սուրիացի գաղթականներուն, որոնց դիմաց Լիբանանի սահմանները փակելը արգիլուած է:

7-14-15_berri_paoloԱյն Թինէի մէջ Պըրրի ընդունեց Ճենթիլոնին եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Իտալիոյ դեսպան Մասիօ Մարոթթիի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան-իտալական յարաբերութիւնները, յատկապէս հարաւային Լիբանանի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն առաքելութեան շրջագիծին մէջ իտալական ուժերուն ներդրումը:

Քննարկուեցան նաեւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Ճենթիլոնի ուղղուեցաւ նաեւ հարաւային Լիբանան, ուր այցելեց Շամաա գիւղաքաղաքին մէջ տեղակայուած իտալացի զինուորներուն կեդրոնը, ինչպէս նաեւ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն հրամանատարութիւնը` Նաքուրայի մէջ:

Ճենթիլոնի հանդիպում մը ունեցաւ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու հրամանատար զօր. Լուչիանօ Փորթոլանոյի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարարը իմացաւ սահմանային Կապոյտ գիծին մօտ տիրող իրավիճակին եւ ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան մանրամասնութիւններուն մասին:

Ճենթիլոնի ընդգծեց Լիբանանի նկատմամբ Իտալիոյ կառավարութեան յանձնառութիւնը:

Իր կարգին, զօր. Փորթոլանօ հաստատեց, որ Ճենթիլոնիի այցելութիւնը ինքնին փաստ մըն է, որ Իտալիոյ կառավարութիւնը կը զօրակցի Լիբանանին:

 

Նախորդը

«Կառավարութեան Գործելաոճին Քննարկումը Եւ Համախոհութեան Հիման Վրայ Որոշումներ Տալն Ու Նշանակումները Կատարելը Անհրաժեշտութիւն Կը Նկատուին» Շեշտեց Իպրահիմ Քանաան

Յաջորդը

Իրանի Հիւլէական Ծրագիրին Շուրջ Գոյացած Համաձայնութեան Մասին Լիբանանցի Քաղաքական Անձնաւորութիւններուն Կեցուածքները

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.