ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Հաճելի երեկոյ մը պիտի անցընէք ընտանեկան յարկի տակ, ուր պիտի գտնուին նաեւ ձեզի հաճելի անձեր:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ընդհանրապէս նորութիւններէ հեռու կը մնաք եւ կը յարգէք ընտանեկան աւանդութիւնները:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Եթէ արձակուրդի մէջ էք, այսօր հաճելի անակնկալներ պիտի ունենաք եւ թերեւս նուէրներ ալ ստանաք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Այս երեկոյ հաճելի խնճոյքի մը պիտի գտնուիք, ուր ձեզի շատ կարեւորութիւն պիտի տրուի:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Այս երեկոյ ընտանեկան խրախճանք մը պիտի կազմակերպէք, ուր ներկայ պիտի գտնուին ընտանիքին պատանիները եւ երէցները:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Այս երեկոյ պարահանդէսի մը ներկայ պիտի գտնուիք, ուր պիտի ծանօթանաք հետաքրքրական եւ հաճելի անձերու:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Այսօր բեռնաւորուած էք ծանր աշխատանքներով, որոնք համբերութեամբ պիտի կատարէք, քանի որ արձակուրդը մօտ է:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Խրախճանքները ուրիշներէ մի՛ սպասէք. դուք ալ ձեր կարգին կրնաք բարեկամներ հրաւիրել եւ հաճելի ժամանակ մը անցընել:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Օրը շատ փայլուն է, եւ հաճելի անակնկալներ պիտի ունենաք. բարեկամէ մը նուէր մըն ալ պիտի ստանաք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Առանձնացած կեանք մը կ՛ապրիք. ձեր պատեանէն դուրս ելէք, որպէսզի կեանքի պայծառութիւնը վայելէք. կեանքը հաճելի է:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Օրուան աշխատանքը շատ է եւ ծանր, սակայն` ոչինչ: Երեկոյեան անակնկալ հրաւէր մը պիտի ունենաք եւ հաճելի պահեր պիտի վայելէք:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Անցեալ սէր մը պիտի նորոգուի այս երեկոյ. բան մը, որ անկարելի կը կարծէիք: Կեանքը միայն ժխտական չէ: