Շարունակելով իր յաջող ելոյթներու շարքը` Լիբանանի 18 տարեկանէն վար տղոց ազգային խումբը նախորդ շաբաթավերջին ջախջախիչ այլ յաղթանակ մը արձանագրելով ապահովեց աւարտականի իր տոմսը, ուր կը մրցի Եգիպտոսի դէմ:
Լիբանան, որ կիսաւարտականին իր դէմ ունէր Թունուզը, 82-54 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց (26-11, 45-25, 67-43 եւ 82-54):
Նշենք, որ Եգիպտոս, որ կը հիւրընկալէ այս մրցաշարքը, կիսաւարտականին յաղթեց Սէուտական Արաբիոյ 73-62 արդիւնքով: