Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ընկերային Նոր Համաձայնութեան Պահը

July 13, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ

11220069_987346451300171_3412529086419426789_n

Ելեկտրականութեան սակի բարձրացման խնդիրը Հայաստանի դիմագրաւած ներքին ընկերային ու տնտեսական բնագաւառի միակ հարցը չէ: Բազմաթիւներէն մէկն է: Սառցալերան միայն երեւցող մասն է: Տակաւին չենք խօսիր արտաքին քաղաքական խնդիրներու մասին, որոնք թէեւ բոլորովին այլ են (եւ այս յօդուածին ծիրէն դուրս կ՛իյնան), բայց եւ այնպէս բարեփոխման արժանի համապարփակ թղթածրարին մաս կը կազմեն:

Վայրագ դրամատիրութիւնը այսօր, համաշխարհային տարողութեամբ, յարձակողականի անցած է քիչ մը ամէն տեղ: Անոր գործածած զէնքերը երբեմն արիւն կը հոսեցնեն (Լիպիա, Սուրիա, Իրաք եւ այլն), իսկ երբեմն ալ անարիւն են, ինչպէս` Յունաստանի, Սպանիոյ եւ այլ երկիրներու պարագային, ուր տնտեսական «ժուժկալութեան» կամ անխնայ սեփականաշնորհման ծածկին տակ, ամբողջ երկիրներ ու ժողովուրդներ կը խորտակուին, կը կողոպտուին ու կը գրաւուին:

Այս բոլորը Հայաստանի համար աննպաստ զարգացումներ են: Տնտեսական մենաշնորհները Արեւմուտքի մէջ աւեր կը գործեն. ա՛յն Արեւմուտքին, որ անցնող տասնամեակներուն ընթացքին, ի գին ժողովրդային բուռն պայքարներու, կրցած էր գէշ աղէկ հակամենաշնորհային օրէնսդրութիւն մշակել ու գործի դնել: Ա՛լ ուր մնաց Հայաստանի մէջ, որ ցարդ զուրկ է այդ օրէնսդրական մշակոյթէն:

Հետեւաբար ելեկտրականութեան սակի բարձացման խնդիրը պէտք է տեսնել միայն իբրեւ անմիջական լուծում պահանջող հարց, որ դարձեալ լուծման կարօտ աւելի համապարփակ թղթածրարի մը մէկ մասն է միայն:

Հետեւաբար այս հարցին լուծումը, նոյնիսկ եթէ իտէալական ըլլայ ժողովուրդին համար, չի կրնար հարթել երկրին դիմագրաւած ներքին ընկերային ու տնտեսական տագնապը, ատոր ամբողջական թղթածրարը:

Այս բոլորը, ինչպէս խնդրոյ առարկայ բոլոր երկիրներուն մէջ, Հայաստանի պարագային եւս դուռ կը բանան ժողովրդային դժգոհութիւններու: Մանաւանդ` Հայաստանի մէջ, ուր քաղաքական կառավարման համակարգը եւս ձախողակ վիճակի մէջ է:

Եւ հոս թաղուած է շան գլուխը:

Հայաստան չի կրնար այս ներքին տագնապին լուծումներ առաջադրել ներկայ քաղաքական համակարգով: Հիմնական պատճառներէն մէկը այն է, որ ակնյայտօրէն խզում կայ այդ համակարգին (ու անոր ծնունդ տուող կառավարութեան) եւ ժողովուրդին միջեւ: Խզուած է Ժան Ժաք Ռուսոյի առաջադրած ներքին «Ընկերային համաձայնութիւնը» (Contrat Sociale):

Կրնայ հասկնալիօրէն առարկուիլ, թէ նոյն այս ժողովուրդն էր, որ մեծամասնութեամբ քուէարկեց այս իշխանութիւններուն: Սակայն այս առարկութիւնը կատարողները կը մոռնան, որ ա՛յդ եւս մաս կը կազմէ համակարգային տագնապին, այն իմաստով, որ համակերպումի, «եոլա երթալու» հոգեբանութիւնն է, որ շատերը կը մղէ քուէարկելու ի նպաստ ինքզինք սպառած համակարգին: Դեռ չենք խօսիր ընտրական չարաշահումներուն մասին, որոնք աւեր կը գործեն ոչ միայն Հայաստանի, այլեւ բազմաթիւ այլ երկիրներու մէջ:

(Այս մասնայատուկ նիւթով` փակագիծ մը: Անգլիան, որ կը համարուի ժողովրդավարութեան առումով դարերու ճամբայ կտրած երկիր, ահաւասիկ տարիներէ ի վեր կը կառավարուի այնպիսի իշխանութեամբ մը, որ ստացած է ժողովուրդի քուէներուն միայն մէկ երրորդը եւ ոչ թէ մեծամասնութիւնը: Ու այդ մէկ երրորդին կամքը կը պարտադրուի մնացեալ երկու երրորդին… Հո՛ն եւս համակարգի խնդիր կայ):

1930-ական թուականներուն Մ. Նահանգներու նախագահ Ֆրենքլին Ռուզվելթ իր առաջադրած եւ գործադրութեան դրած New Deal-ով, նոր «Ընկերային համաձայնութեան» մը հիմը դրաւ, որ երկրին ապահովեց որակական ոստում մը` տնտեսական եւ ընկերային բնագաւառներէն ներս: Բ. Համաշխարհային պատերազմէն ետք Արեւմուտքի որդեգրած Պրեթըն Վուտզի սկզբունքները նմանօրինակ ոստում ապահովեցին ամբողջ Եւրոպայի մէջ (ներառեալ` Մ. Նահանգներու):

Ճիշդ է, Հայաստան չունի Մ. Նահանգներու կամ Եւրոպայի բնական պաշարները, նիւթական կամ մարդուժի իմաստով: Բայց բնական պաշարներու հարստութիւնը միշտ չէ, որ բարօրութիւն ու բարգաւաճում կ՛ապահովէ. քարիւղ արտադրող շատ մը երկիրներ կը տուայտին ընկերային ու տնտեսական տագնապներու մէջ (Պահրէյն, Նիկերիա, Մեքսիքօ եւ այլն): Հո՛ս է, որ դեր կը խաղայ քաղաքական կառավարման առողջ համակարգը:

Հետեւաբար Հայաստանի իշխանութիւնները կը գտնուին նոր «Ընկերային համաձայնութիւն» մը մշակելու անհրաժեշտութեան դիմաց: Ելեկտրականութեան սակի բարձրացման դէմ բողոքը աւելի երեւելի կը դարձնէ այս անհրաժեշտութիւնը:

Այս յօդուածագիրին համոզումով, նոր «Համաձայնագիր»-ի առաջին նախապայմանը կառավարման համակարգի բարեփոխումն է` երկրի սահմանադրութեան մէջ անհրաժեշտ փոփոխութիւններու միջոցով:

Որքան շուտ, այդքա՛ն լաւ: Մինչ այդ, սակայն, հրապարակէն պէտք է հեռու մնան լարուածութիւնը բարձրացնելու ինքնակոչ ջատագովները, եւ պէտք է խուսափիլ արտաքին միջամտութիւններու համար նպաստաւոր ենթահող ստեղծող բոլոր տեսակի քայլերէ:

2 յուլիս, 2015

[email protected]

Նախորդը

Վարդավառ Կամ Պայծառակերպութիւն` Յիսուս Քրիստոսի

Յաջորդը

ՀՅ Դաշնակցութիւնը Եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Նոր Սերունդը

RelatedPosts

Քեսապն… Ու Հեղեղները
Անդրադարձ

Քեսապն… Ու Հեղեղները

November 11, 2026
Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը
Անդրադարձ

Հայ Կեանք Եւ Մասամբ Նորին…

November 11, 2026
Թուրքիոյ Ներքաղաքական Երկընտրանքը
Անդրադարձ

Սփիւռքը Եւ «Անդրազգ» Եզրոյթի Հարցականները

November 11, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.