Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հարցազրոյց` Արամ Խաչատուրեանի Տուն-Թանգարանի Տնօրէն Փրոֆ. Արմինէ Գրիգորեանի Եւ Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» Երաժշտանոցի Տնօրէն Աշոտ Ճենտերեճեանին Հետ

Յուլիս 13, 2015
| Հարցազրոյց
0
Share on FacebookShare on Twitter

DSC00024

Հարցազրոյցը վարեց` ՀՈՒՐԻ ՓԱՓԱԶԵԱՆ-ԷՄՄԻԵԱՆ

Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցի 2014-2015 կրթական տարեշրջանի ամավերջի հանդէսն ու վկայականաց բաշխումը տեղի ունեցաւ նախագահութեամբ Արամ Խաչատուրեանի տուն-թանգարանի տնօրէն փրոֆ. Արմինէ Գրիգորեանի: Այս առթիւ հարցազրոյց մը կատարուեցաւ փրոֆ. Արմինէ Գրիգորեանի եւ Համազգայինի «Բ. Կանաչեան» երաժշտանոցի տնօրէն Աշոտ Ճենտերեճեանին հետ:

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Ի՞նչ էին ձեր տպաւորութիւնները այս հրաւէրին, «Բ. Կանաչեան» երաժշտանոցի աշխատանքին, սաներուն, երաժշտական հունձքին մասին:

ԱՐՄԻՆԷ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ.- Տպաւորութիւններս շատ վառ են ու ջերմ: Արդէն այցելեցի քանի մը հաստատութիւն, ներկայ եղայ նաեւ «Բ. Կանաչեան» երաժշտանոցի քննութիւններու ընթացքին: Շատ ոգեւորուած եմ ստեղծուած մթնոլորտով, կազմակերպիչներու հոգատարութեամբ, թէ  իրականութեան մէջ պատասխանատու գործը ինչպիսի՛ ջերմութեամբ կը կատարեն եւ ընդհանրապէս ողջունելի եւ ոգեւորող այն փաստով, որ երաժշտանոցը տարիներու ընթացքին յաջողած է կրթել քանի մը սերունդ: Վստահ եմ, որ անոր գործունէութիւնը դեռ երկար կը շարունակուի եւ շատ սերունդներ կ՛անցնին այդ երաժշտանոցէն, որ հայու ինքնութիւնը պահպանելու ամէնէն ընդունելի միջոցներէն եւ զօրաւոր զէնքերէն մէկն է:

Հ.- Չորրորդ տարին է, որ դուք այստեղ էք, պարո՛ն Ճենտերեճեան. փաստօրէն երաժշտանոցի չորրորդ հունձքն է այս տարի. ի՞նչ կրնաք ըսել այս տարուան հունձքին մասին: Ինչպէ՞ս ընթացաւ տարեշրջանը:

Ա. Ճ.- Այս օրերուն տեղի կ՛ունենան երաժշտանոցի աւարտական քննութիւնները, որուն ներկայ ըլլալու համար հրաւիրուած է փրոֆ Արմինէ Գրիգորեանը` որպէս դատակազմի նախագահ: Դասի արդիւնքներուն մասին կը դժուարանամ ըսել, հակառակ անոր որ չնայած գիտենք մեր ուսանողներուն հնարաւորութիւնները: Շատ ուրախ եմ, որ Արմինէ Գրիգորեանը բաւական բարձր գնահատեց երաժշտանոցին աշխատանքները: Ընդհանրապէս կ՛ուզեմ ըսել, թէ այս չորս տարուան մէջ լուրջ քայլեր նկատեցի սիրողականէն դուրս գալու դէպի մասնագիտութիւն, դէպի լրջմիտ վերաբերմունք երաժշտութեան հանդէպ: Մեր` իմ ու Արմէնի, քրտնաթոր աշխատանքը բարեբախտաբար արդիւնք կու տայ. օրինակ` նկատի ունիմ սրահի ունկնդիրներուն պահուածքը, երեխաներուն պահուածքը բեմի վրայ, որովհետեւ խնդիրը միայն նուագելու մէջ չէ: Ինչ որ բարձր մակարդակով կ՛իրականացուի, մասնագիտութիւն կը կոչուի: Այս ուղղութեամբ բաւական յառաջընթաց կայ: Այս տարի կամաց-կամաց կը խստացնենք մեր վերաբերմունքը գնահատականներուն առնչութեամբ: Նախորդ տարիներուն վերաբերմունքը աւելի խրախուսող եղած է` միշտ տալով իրական արժէքէն աւելի բարձր գնահատական: Իսկ հիմա մենք կարելի եղածին չափ կը փորձենք իրական դիմագիծին յարմարեցնել գնահատականը: Ճիշդ հիմա մենք կ՛աշխատինք տեսական առարկաներու բաւական լուրջ բարեփոխումներու վրայ: Կը կարծեմ, որ պարոն Արմէն Ճենտերեճեանին հետ պէտք է յաջողինք, որովհետեւ ծրագիրներու պարունակութիւններն ալ մասնագիտական դիմագիծ կրթելուն կը նպաստեն:

Ա.- Ինչպէ՞ս կը ներկայացնէք Արամ Խաչատուրեանի տուն-թանգարանը:

Ա. Գ.-Արամ Խաչատուրեանի տուն-թանգարանը, որ կը գտնուի Բաղրամեան փողոցի վրայ, հիմնուած եւ ստեղծուած է իր անձնական տան հիման վրայ, որ ստացեր էր որպէս նուէր 1947 թուականին Հայաստանի կառավարութեան կողմէ: Թանգարանը հրաշալի առանձնատուն էր, զոր շատ կը սիրէր Արամ Խաչատուրեան:Ան իր հիւրերը այնտեղ կ՛ընդունէր, կը ստեղծագործէր. առանձնատունը ունէր պտղատու մեծ այգի,  ուր շատ ժամանակ կ՛անցընէր Ա. Խաչատուրեան: Իր ցանկութիւնն էր, որ ան դառնայ իր տուն-թանգարանը: Այդ փափաքը իրականացաւ 1978 թուականին, երբ մեծ երաժիշտը կնքեց իր մահկանացուն: Իսկ տուն-թանգարանը 1984 թուականէն արդէն բացաւ դռները: Պէտք է ըսել, որ ան լոկ տուն-թանգարան չէ, կարելի է զայն անուանել մշակութային կեդրոն, ուր անընդմէջ տեղի կ՛ունենան մշակութային տարբեր իրադարձութիւններ` ե՛ւ համերգներ ե՛ւ փառատօներ, ե՛ւ ցուցադրութիւններ, հանդիպումներ` անուանի տարբեր-տարբեր մարդոց հետ: Շատ տքնաջան կ՛աշխատի տուն-թանգարանը, ուր գիտական աշխատանքներ կը տարուին, նիւթեր կը տպագրուին, ուսումնասիրութիւններ կը կատարուին: Արդէն 11-րդ տարին է, որ թանգարանին տնօրէնն եմ, շատ ուրախ եմ, որ տարիէ տարի ձեռք կը բերենք նոր նիւթեր, հնարաւորութիւններ կ՛ունենանք թարմացնել մեր ցուցադրութիւնը: 11 տարիներու ընթացքին քանի մը անգամ շէնքը վերանորոգուեցաւ` թէ՛ հովանաւորներու, թէ՛ պետութեան միջոցներով, այժմ տուն-թանգարանը նաեւ կը համագործակցի տարբեր թանգարաններու, միջազգային կազմակերպութիւններու հետ, ինչ որ հնարաւորութիւն կու տայ մեր ցուցադրութիւնը, մեր ժառանգութիւնը լուսաբանել ու բացայայտել աշխարհին:

Ա. Ճ.- Արամ Խաչատուրեանի տուն-թանգարանը ունի նաեւ միշտ գործող հրաշալի համերգասրահ, որ ունի հոյակապ հնչականութիւն: Յաճախ ելոյթներ տեղի կ՛ունենան այնտեղ եւ երբեմն ալ երկու ձեռնարկ կը կատարուի օրուան մէջ: Հայաստանի լաւագոյն «Ռոյալ» դաշնամուրը, որ այդ սրահի մէջ տեղադրուած է, Արամ խաչատուրեանը անձամբ շատ նպաստած է այդ գործիքը Հայաստան բերելու համար: Արտակարգ տաքուկ սրահ է, արտակարգ հնչեղականութիւն յատկապէս` լարային գործիքներու համար:

Ա. Գ.- Արամ Խաչատուրեանի պատգամն էր, որ իր տան մէջ անընդհատ հնչէ կենդանի երաժշտութիւն: Տուն-թանգարանը ունի 10 ցուցասրահ, ուր կը ցուցադրուին բազմաթիւ նիւթեր` կապուած իր կեանքի եւ ստեղծագործական ուղիին հետ: Յուշային մասը իր տունն է, ուր պահպանուած է համարեա այնպէս, ինչպէս եղած է անոր կեանքի օրով: Այնտեղ կը ցուցադրուին իր անձնական իրերը, իր անձնական «Ռոյալ» դաշնամուրը,  բազմաթիւ նիւթեր, որոնք կը ներկայացնեն զինք` որպէս գլխագիր մարդու, որպէս ստեղծագործողի եւ մեր մշակոյթի խորհրդանիշի:

Հ.- Կրնա՞ք պատկերացում մը տալ Արամ Խաչատուրեանի տուն-թանգարանի այցելուներու մասին:

Ա. Գ.- Թէեւ այցելուներ միշտ կան, բայց կ՛աշխատինք, որ անոնց թիւը աւելնայ: Այցելուները ընդհանրապէս զբօսաշրջիկներ են, հայրենակիցներ, դպրոցներու սաներ, որոնց համար բազմաթիւ կրթական ծրագիրներ կ՛իրականացնենք` ներգրաւելով զանոնք դէպի թանգարան:Արամ Խաչատուրեան ճանչցուած է ամբողջ աշխարհին մէջ, հետեւաբար ոչ միայն երաժշտասէր, այլ բազմաթիւ զբօսաշրջիկներ, որոնք այցելելով Հայաստան, ցանկութիւն կը յայտնեն անպայման տեսնել եւ ծանօթանալ Ա. Խաչատուրեանի ձգած ժառանգութեան: Թէեւ թանգարանը միշտ աշխուժ է եւ լեցուն` կեանքով, բայց քայլեր կ՛առնենք, որ ա՛ն ալ աւելի աշխուժանայ:

Հ.- Ինչպէ՞ս կը գնահատէք Հայաստան-սփիւռք կապն ու յարաբերութիւնը` մշակութային անկիւնէն դիտուած, երբ հայրենի անուանի դէմքեր, պատասխանատու ու մասնագէտ անձեր առաքելութեան մը համար կը գործուղուին սփիւռք:

Ա. Ճ.- Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցը Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցին հետ ունի կնքուած պայմանագիր, որուն հիման վրայ երկու կողմերն ալ ունին պարտաւորութիւններ իրարու հանդէպ: Այդ պայմանագիրի կէտերէն մէկն է, որ «Բ. Կանաչեան» երաժշտանոցի աւարտական քննութիւններուն դատակազմի նախագահը հրաւիրուի Երեւանի պետական երաժշտանոցէն: Բացի այդ «Բ.Կանաչեան» երաժշտանոցը աւարտած աշակերտները հնարաւորութիւն ունին իրենց երաժշտական ուսումը շարունակել Երեւանի մէջ: Թէեւ «Բ. Կանաչեան» երաժշտանոցը ունի շատ հարուստ ու ճոխ գրադարան, բայց որոշ դէպքերու պարագային կ՛օգտուի նաեւ Երեւանի պետական երաժշտանոցի գրադարանէն: Պէտք է ըսել նաեւ, որ «Բ. Կանաչեան» երաժշտանոցի աւարտականի տասը վկայականները վաւերացուեցան Երեւանի պետական երաժշտանոցէն: Այս բոլորը ինքնին կը խօսին ոչ միայն հայրենիք-սփիւռք, այլ հաւաքական փոխադարձ կապին` Երեւանի պետական եւ «Բ. Կանաչեան» երաժշտանոցներուն միջեւ, որ լաւագոյն վկան է յարաբերութեան: Իմ կարծիքովս այս օրերուն Հայաստան-սփիւռք մէկ ամբողջութիւն դարձած են:

Ա. Գ.- Միայն միաւորուելով հնարաւոր է բարձր արդիւնքի հասնիլ:

Ուրախ եմ, որ այստեղ ծրագիրս շատ յագեցած է: Դասախօսութիւն ունիմ Արամ Խաչատուրեանի մասին: Պիտի ներկայացնեմ նաեւ տուն-թանգարանին գործունէութիւնը, Ա. Խաչատուրեանի դաշնամուրային եռեակին գործունէութիւնը, որուն դաշնակահարը ես եմ: Արամ Խաչատուրեանի անուան եռեակի ծրագիրն էր այս տարի իրականացնել նոր ալպոմ մը, որ նուիրուած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին: Ալպոմը բաղկացած է երկու ձայնասկաւառակներէ, ուր զետեղուած են Արամ Խաչատուրեանի սենեկային ստեղծագործութիւնները, որոնք այնքան ալ ճանչցուած չեն հանրութեան կողմէ: Ալպոմին շնորհահանդէսը նոր տեղի ունեցած է,  շուտով կը հասնին այստեղ ձայնասկաւառակները:

Յոյսով եմ, որ կը շարունակենք համագործակցիլ, որ կարենանք թէ՛ մեր գիտելիքները եւ թէ՛արուեստը փոխանցել նոր սերունդին:

 

 

Նախորդը

Յակոբ Վարդիվառեանի «Մեծ Երազի Ճամբուն Ուղեւորները Եւ Համապարփակ Պատմութիւն Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան» Գիրքի Շնորհահանդէսը

Յաջորդը

Վարդավառ Կամ Պայծառակերպութիւն` Յիսուս Քրիստոսի

RelatedPosts

Համազգայինը Կը Ներկայացնէ «Նեմեսիս» Գեղարուեստական Բեմականացումը` Հայոց Ցեղասպանութեան 110-Ամեակին Նուիրուած
Հարցազրոյց

Համազգայինը Կը Ներկայացնէ «Նեմեսիս» Գեղարուեստական Բեմականացումը` Հայոց Ցեղասպանութեան 110-Ամեակին Նուիրուած

Ապրիլ 18, 2025
Ձմեռ Պապի 15 Տարիների Այցելութիւնները
Հարցազրոյց

Ձմեռ Պապի 15 Տարիների Այցելութիւնները

Մարտ 18, 2025
Պայքարի Միջոցով Միայն Կը Մաքրուի Պարտութեան Խարանը. Արա Պուլուզեան
Հարցազրոյց

Պայքարի Միջոցով Միայն Կը Մաքրուի Պարտութեան Խարանը. Արա Պուլուզեան

Յունուար 14, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?