Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (13 Յուլիս 1965)

Յուլիս 13, 2015
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խմբագրական

Քրեմլինի Պատերուն Տակ

Տասը օրուան մէջ երկրորդ անգամ ըլլալով կը խօսուի Խորհրդային Միութեան վերին իշխանութեանց մէջ կատարուելիք փոփոխութիւններու մասին: Առ այժմ միայն զրոյցներ կը շրջին, բայց` հետզհետէ աւելի յամառօրէն:

Առանց կրակի ծուխ չ՛ըլլար, կ՛ըսէ ժողովրդային առածը: Ու քաղաքական դէտերը կը տարուին մտածելու, թէ իսկապէս բան մը կը պատրաստուի Քրեմլինի հաստ պատերուն ետին:

Գլխաւորաբար խնդրոյ առարկայ կը դառնայ հաւաքական ղեկավարութիւնը: Խորհրդային հարցերու մեկնաբանները կը վերադառնան իրենց նախասիրութեան` ընդգծելու համար, թէ ուշ կամ կանուխ հաւաքական ղեկավարութիւնը վերջ պիտի գտնէ, եւ իշխանութիւնը պիտի կեդրոնանայ մէկ անձի մէջ, այս պարագային փոքր, բայց` յատկանշական տարբերութեամբ մը:

Մինչեւ հիմա ընդհանրապէս Խորհրդային Միութեան կոմկուսի առաջին քարտուղարն է, որ լուծարքի կ՛ենթարկէր կառավարութեան պետը` վերջ տալով «հաւաքական ղեկավարութեան», երկգլուխ իշխանութեան: Այս անգամ, նման դիտաւորութիւն չի վերագրուիր Պրեժնեւի, այլ նախագահութեան կրտսեր անդամ Ալեքսանդր Շելեփինի, որ կը նկատուի Մոսկուայի բարձրացող աստղը:

Այսպիսով, Լէոնիտ Պրեժնեւ պիտի գրաւէ Խորհրդային Միութեան նախագահի աթոռը` փոխարիներով Անաստաս Միկոյեանը, որուն քաղաքական ասպարէզին վերջ պիտի տրուի այս փոխոխութեամբ:

Ներքին ազդակներ անշուշտ դեր պիտի ունենան այս փոփոխութեան մէջ, բայց անոնք պիտի վայելեն օժանդակութիւնը արտաքին ազդակներու, որոնցմէ գլխաւորը Վիեթնամի խնդիրն է, եւ ընդհանուր առմամբ չինեւխորհրդային յարաբերութեանց ներկայ վիճակը:

Հոկտեմբերի անակնկալէն ետք, երբ թաւալգլոր տապալեցաւ ամենազօր Խրուշչեւը, խորհրդային վարիչները շարունակեցին խրուշչեւեան քաղաքականութիւնը` առանց Ուքրանիոյ երբեմնի կոմիսարին: Փորձեցին լեզու գտնել Փեքինի աղանդամոլներուն հետ, բայց Վիեթնամի ամերիկեան ռմբակոծումները բոլոր ծրագիրները խանգարեցին, եւ Մոսկուան դրուեցաւ ծանր երկընտրանքի մը առջեւ. շարունակել «խաղաղ գոյակցութեան» քաղաքականութիւնը եւ վարկաբեկուիլ յաչս ընկերվարական ճակատին եւ Երրորդ Աշխարհին, կամ` իւրացնել չինական տեսակէտները պատերազմի անխուսափելիութեան մասին` աշխարհը մատնելով պաղ պատերազմի վտանգին:

Մոսկուա ցարդ չկրցաւ ընտրութիւն մը կատարել: Քոսիկին Հանոյ կը գտնուէր, երբ սկսան ամերիկեան առաջին ռմբակոծումները Հիւսիսային Վիեթնամի վերեւ, ու չինեւխորհրդային մերձեցումը, որուն առային քայլերը կ՛առնուէին, ողբալիօրէն ձախողեցաւ:

Պերժնեւ-Քոսիկին երկեակի այս անճրկումին առջեւ խորհրդային քաղաքական բեմին վրայ գործող անհամբեր ղեկավարներ սկսած են գլուխ ցցել` յարմար առիթի մը երկրին ղեկը ձեռք առնելու համար: Այդ ղեկավարներու առաջին շարքին վրայ կը գտնուի Ալեքսանդր Շելեփին, 47 տարեկան, նախկին պետ համայնավար երիտասարդական շարժումին, ծանօթ` իր վարչական կարողութեամբ:

Սակայն Շելեփինի իշխանապետութիւնը պիտի կրնա՞յ լուծում մը տալ համայնավար աշխարհը ալեկոծող խնդիրներուն: Խրուշչեւ, իր ամբողջ տաղանդով, ունեցաւ անդիմադրելի աւազախրում մը` Ղազախստանի խոպան հողերուն մէջ փորելով իր քաղաքական գերեզմանը:

Պրեժնեւ-Քոսիկին իշխանութեան գերեզմանը ապահովաբար պիտի ըլլայ Վիեթնամը:

Շելեփին ի՞նչ լուծում պիտի առաջարկէ համայնավար աշխարհին, որ վերջերս տարապայմանօրէն հարցասէր դարձած է:

Այս պատասխանէն կախում պիտի ունենայ ոչ միայն իր իշխանութեան ճակատագիրը, այլ նաեւ` համայնավար կայսերապետութեան, որ այլեւս նոր ցնցումներու դժուար թէ տոկայ:

 

Հայաստան

Հայ Դպրոցին Պատմութիւնը

Երեւանի մէջ վերջերս լոյս տեսած է փրոֆ. Մ. Սանթրոսեանի նոր գիրքը` «Արեւելահայ դպրոցը ԺԹ. դարու առաջին կիսուն» ստուարածաւալ աշխատութիւնը:

ԺԹ. դարու առաջին կէսը հայութեան համար եղած է տառապանքներով եւ ազատագրական պայքարի ընդվզումներով լի ժամանակաշրջան մը: Ըստ երեւոյթին, ֆիզիքական բնաջնջման ամէնօրեայ վտանգին տակ գտնուող մեր ժողովուրդը ժամանակ եւ պատեհութիւն պիտի չունենար մտածելու իր հոգեւոր սնունդին մասին: Սակայն գիրքին վաստակաւոր հեղինակը մոռնալու դատապարտուած փաստաթուղթերէն եւ դիւաններէն երեւան հանած վաւերագիրներուն շնորհւ ցոյց կու տայ, թէ ահաւոր եւ օրհասական այդ օրերուն իսկ մեր ժողովուրդը մտածած է նաեւ հայ դպրոցի մասին:

«Հայրենի հողից պոկուած եւ աշխարհի ամենահեռաւոր անկիւնները նետուած հայերի` իրենց ազգային ինքնուրոյնութիւնն ու լեզուն ինչ գնով էլ լինի պահպանելու տոկուն, երբեմն էլ անյուսալի ճիգերի օրինակ կարող է ծառայել անցեալ դարի 50-ական թուականներին ամենահեռաւոր հայկական գաղթավայրերում` Ինտոնեզիայի Ճաւա կղզու Պաթաւիա (Ճաքարթա) քաղաքում հայկական դպրոց հիմնելը», կը գրէ հեղինակը:

Գիրքին մէջ իրենց պատշաճ տեղը գրաւած են հայկական հինգ կարեւոր թեմերը` իրենց դպրոցական եւ կրթական կեանքով: Հոս նիւթեր կան Վրաստանի, Երեւանի, Ղարաբաղի, Շամախի, Աստրախանի, Նոր Նախիջեւանի եւ Պեսարապիոյ հայկական թեմերու, Պարսկաստանի եւ Հնդկաստանի հայկական գաղութներու դպրոցներուն, անոնց հիմնադրութեան, գոյատեւման միջոցներուն, ուսումնական վիճակին, դասաւանդուած նիւթերուն եւ դասագիրքերուն մասին: Հեղինակը հանգամանօրէն կը խօսի կարգ մը կրթարաններու մասին, ինչպէս` Էջմիածնի Ժառանգաւորաց, Աստրախանի «Աղաբաբեան» դպրոցները, Մոսկուայի «Լազարեան» ճեմարանը, Թիֆլիսի «Ներսիսեան» դպրոցը, Երեւանի եւ Շուշիի թեմական դպրոցները:

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Յակոբ Վարդիվառեանի «Մեծ Երազի Ճամբուն Ուղեւորները Եւ Համապարփակ Պատմութիւն Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան» Գիրքի Շնորհահանդէսը

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In