
Արդարութեան նախարար Աշրաֆ Ռիֆի երէկ իֆթարի մը ընթացքին կոչ ուղղեց բոլորին համբերատար ըլլալու` շրջանցել կարենալու համար Լիբանանին սպառնացող մարտահրաւէրներն ու դժուարութիւնները:
Ռիֆի խստիւ դատապարտեց ոմանք անձնասիրութիւնը եւ ի շահ անձնական շահերուն ամէն բան զոհելու մօտեցումը:
Միւս կողմէ, Ռիֆի բարձր գնահատեց վարչապետ Թամմամ Սալամի կեցուածքները եւ իր սկզբունքներէն անշեղ մնալու անոր մօտեցումը:
Ան կոչ ուղղեց կառչած մնալու երկրին սահմանադրութեան` պահպանելու համար երկրին ապահովական կայունութիւնը: