Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քնեսեթի Նախագահը Կոչ Ուղղած Է Ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Յուլիս 10, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Եուլի Էտելշթայն
Եուլի Էտելշթայն

Իսրայէլեան «Տը Ճերուզալեմ փոսթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Քնեսեթի նախագահ Եուլի Էտելշթայն Քնեսեթի կրթութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան յանձնախումբին հետ հանդիպումին ընթացքին կոչ ուղղած է ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը:

Ըստ օրաթերթին, Իսրայէլի խորհրդարանի նախագահը ըսած է, որ Հայաստանի մէջ ինք այցելած է յուշահամալիրներ եւ ատկէ ետք շատ բարդ է արհամարհել այն, ինչ որ ինք այդտեղ տեսած է:

«Ես կ՛ակնկալեմ, որ ես ու Քնեսեթը մենք մեզ համապատասխանաբար դրսեւորենք, որ կարենանք ժողովրդավարական երկրի մը բարոյական արժէչափերուն համապատասխան որոշումներ տալ», ըսած է ան:

Ան բացատրած է նաեւ, որ բազմաթիւ կառավարութիւններ չեն ճանչնար հայերուն դէմ այդ վայրագութիւնը, մինչդեռ նոյն երկիրներուն խորհրդարանները կը ճանչնան:

«Ես պիտի փորձեմ յառաջ մղել հարցը եւ յոյսով եմ` Քնեսեթի անդամները պիտի գիտնան ինչպէս ճիշդ քուէարկել, երբ հասնի ճշմարտութեան պահը», ըսած է Էտելշթայն:

Աղբիւրը կը մանրամասնէ, որ Իսրայէլի Քնեսեթը իր պատուիրակութիւնը ուղարկած էր Հայաստան` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչման ձեռնարկներուն: Սակայն, միւս կողմէ, Իսրայէլ պաշտօնապէս չի ճանչնար Հայոց ցեղասպանութիւնը` յոյս ունենալով, որ այդ ձեւով կրնայ շտկել իր յարաբերութիւնները Թուրքիոյ հետ, որ գործած է ցեղասպանութիւնը: Աղբիւրը կը մատնանշէ այս հարցին մէջ նաեւ Ազրպէյճանի գործօնը:

Քնեսեթի կրթութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան յանձնախումբի նախագահ Եաացով Մարկին ըսած է, թէ իրենք տեղեակ են Հայոց ցեղասպանութեան հարցին մէջ գտնուող «դիւանագիտական նուրբ կողմերէն», սակայն յաղթահարած են զանոնք, եւ Իսրայէլի կառավարութեան համար ալ եկած է նոյն ձեւով վարուելու ժամանակը:

Մարկին իր կարգին կառավարութեան կոչ ուղղած է ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը, իսկ Քնեսեթին` պատմական որոշում տալու` պահպանելով հրէական արժէքները:

 

 

Նախորդը

«1915-ին Հայ Ժողովուրդին Եւ Քրիստոնեայ Համայնքներուն Դէմ Օսմանեան Կառավարութեան Կողմէ Կատարուածը Միայն Ցեղասպանութիւն Բառով Կարելի Է Բնորոշել» Յայտարարեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

Յաջորդը

Դեսպան Սմբատեան Հաւատարմագիրները Յանձնեց Գերմանիոյ Նախագահին

RelatedPosts

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւնը

Հոկտեմբեր 17, 2025
Բրիտանիան Ամբողջութեամբ Կը Ջնջէ Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Զէնքի Մատակարարման Արգելքը
Հայկական

Բրիտանիան Ամբողջութեամբ Կը Ջնջէ Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Զէնքի Մատակարարման Արգելքը

Հոկտեմբեր 17, 2025
Արագածոտնի Թեմի Առաջնորդը Կալանաւորուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Արագածոտնի Թեմի Առաջնորդը Կալանաւորուեցաւ

Հոկտեմբեր 17, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?