Գերմանիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Սմբատեան իր հաւատարմագիրները յանձնեց նախագահ Եոաքիմ Կաուքին:
Գերմանիոյ նախագահը յոյս յայտնեց, որ դեսպանը իր կարեւոր ներդրումը ունենայ Հայաստանի եւ Գերմանիոյ միջեւ բարեկամական յարաբերութիւններու եւ փոխշահաւէտ համագործակցութեան հետագայ ծաւալման եւ ամրապնդման գործին մէջ:
Սմբատեան ներկայացուց Հայաստան – Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններու զարգացման ընթացքը: Զրուցակիցները նաեւ անդրադարձան քաղաքական երկխօսութեան, առեւտրական եւ տնտեսական համագործակցութեան, շրջանային զարգացումներուն, Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման հոլովոյթին վերաբերող հարցերու: