Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
…Ռաֆայէլ Յովհաննիսեան: Ո՛չ, ծայրայեղական չես, մի՛ մտահոգուիր: Անոնք, որ քու արդար նկատողութիւնդ ծայրայեղական պիտի դասեն, հաղորդ չեն մեր ժողովուրդին բազկերակին, հաւատարիմ չեն մեր պատմութեան երէկին ու այսօրին:
«Ո՞վ է սա Ռաֆայէլ Յովհաննիսեանը», պիտի հարցնես, ընթերցո՛ղ, «եւ ինչո՞ւ զինք անպարտ կը հռչակես ենթադրեալ ծայրայեղականի ամբաստանութենէն»:
Եթէ հայկական պատկերասփիւռի կայանէ մը հեռարձակուող «Օտար, ամայի ճամբէքի վրայ» յայտագիրին ծանօթ ես, ընթերցո՛ղ, ու եթէ կիրակի, յունիս 28-ի գիշերը հետեւեցար օրուան յայտագիրին, նկատեցիր, որ լրագրողն ու ոսպնեակը այցելած էին Լիբանան` լուսարձակի տակ բերելու հայութեան սրտին սիրելի այդ երկրին հետ մեր մայր հայրենիքի գործակցութեան ոլորտներն ու զբօսաշրջական երկիր մը ըլլալու անոր արժանիքները: Լրագրողին ոսպնեակը շրջած էր Այնճարէն մինչեւ Ժիպէյլ, Պէյթէտտին, Պշարրէ եւ այլուր (հայութեան հետ սերտօրէն առնչուող պատմական աւաններ):
Յայտագիրը պատրաստողը` Ռաֆայէլ Յովհաննիսեան, իր ներկայացումը ամբողջացուց մօտաւորապէս հետեւեալ խօսքերով.
Թերեւս ծայրայեղական նկատուիմ, սակայն մասնաւորապէս Ցեղասպանութեան 100-ամեակի տարուան ընթացքին, այլ երկիրներու մէջ զբօսաշրջութեան հասցէներ որոնող հայեր (հաւանաբար առաւելաբար ի մտի ունէր Հայաստանի բնակիչ հայերը) պէտք չէ Թուրքիան ընտրեն իբրեւ արձակուրդի վայր, այլ նախընտրեն Լիբանանը, Յունաստանը եւ նման բարեկամ երկիրներ, ուր պիտի հիւրընկալուին բարեացակամ կերպով, հեռու` Էրտողաններու սպառնական ու հակահայ տրամադրութիւններու մթնոլորտէն:
Սիրելի՛ Ռաֆայէլ, արդեօք այս կոչդ քանի՞ ականջի հասաւ. արդեօք քեզ ծայրայեղական դասողները անո՞նք պիտի ըլլան, որոնք Երեւանի կամ այլ քաղաքներու փողոցներուն պատերուն կամ սիւներուն վրայ գովազդներ փակցուցած են եւ ժողովուրդը կը հրաւիրեն արձակուրդը Թուրքիոյ մէջ վայելելու, կամ` անո՞նք, որոնք Հայաստանի գեր-վաճառատուներն ու շուկաները ողողած են թրքական արտադրութիւններով…
Գիտե՞ս, Ռաֆայէ՛լ. սփիւռքեան օճախներ եւս անմասն չեն այս «մոռացութեան մատնուած», լուսանցքայնացուած մեղանչումէն:
Բայց արդեօք ծայրայեղակա՞ն է ան, որ դէպի Թուրքիա զբօսաշրջութիւնը չի քաջալերեր, կամ կը յանդգնի պահանջելու, որ Հայաստան եւ սփիւռքեան օճախներու մէջ թրքական արտադրութիւնները չքաջալերուին, մերժուին, ո՛չ միայն հայերուս, այլ նաեւ` բոլոր սպառողներուն կողմէ:
Ո՛չ, Ռաֆայէ՛լ, սա ծայրայեղականութիւն չէ: Այս արդար կոչը պէտք է հնչէ ո՛չ միայն այս տարի` Ցեղասպանութեան 100-ամեակին, այլ նաեւ` վաղն ու ընդմիշտ, այնքան ատեն որ «Կը յիշեմ ու կը պահանջեմ» զանգը կը ղօղանջէ մեն մի հայու իրաւատիրական կամքին մէջ,
Այնքան ատեն որ Ցեղասպանութեան զոհերուն արիւնը կը պղպջայ Տէր Զօրի անապատներուն մէջ,
Մինչեւ այն օրը, երբ ցեղասպանը ճանչնայ իր ոճիրը եւ արդար հատուցում կատարէ մեր ԲՈԼՈՐ պահանջներուն:
«Կը յիշեմ եւ կը պահանջեմ» յայտարարողը պիտի յիշէ նաեւ, որ մօտիկ անցեալին «Ո՛չ թրքական արտադրութեանց» եւ «Ո՛չ թրքական-թրքատիպ երաժշտութեան» նշանախօսքերը թունդ-թունդ կը հանէին հայ երիտասարդութեան սիրտերը, զանոնք գործնական քայլերու կը մղէին` խափանելու թրքական այլօրինակ թափանցումները հայ կեանքէն ներս: Յետոյ, «մեր պատմական հողերու արտադրանքներն են»
ինքնախաբէութիւնը կլանեց մեզ, «ի՜նչ համով ու գեղեցիկ» թրքական արտադրութիւններ սկսան ողողել մեր խոհանոցներն ու հանդերձարանները: «Եթէ մենք չներածենք, ուրիշը պիտի ընէ, եւ մենք շահու աղբիւր մը պիտի կորսնցնենք»-ը վերածուեցաւ ինքնարդարացման եւ…յիշողութիւնը աղօտող քողի, որուն ետին ապաստանեցան Թուրքիոյ դէմ տնտեսական պոյքոթին երէկի մասնակիցներն անգամ…
Դուն ծայրայեղական չես, Ռաֆայէ՛լ, անծանօ՛թ բարեկամ: Քու եւ քեզի-պէսներուն ձայնը համահունչ է «Կը յիշեմ եւ կը պահանջեմ»-ին, որ միայն շրթունքի վրայ մնացող արտայայտութիւն չէ: Այսպիսի կոչեր պէտք է կրկնուին, որպէսզի վերյիշենք, թէ մենք թուրքին դէմ պայքարի մէջ ենք ԿԱՐԵԼԻ ԲՈԼՈՐ ԳԵՏԻՆՆԵՐՈՒՆ վրայ, ներառեալ` զբօսաշրջական, տնտեսական-առեւտրական եւ այլ:
Եւ թող ոչ ոք համարձակի երեսիդ շպրտել, որ` «մենք նման փոքր քայլերով ինչպէ՞ս կրնանք հակադարձել անսպառ կարելիութիւններով օժտուած եւ հզօր պետութեանց դաշնակցութիւնը վայելող Թուրքիոյ» պատճառաբանութիւնը: Արդեօք նոյն «տկար ու անզօր ծայրայեղականները» չէի՞նք, երբ քայլ առ քայլ նահանջի մատնեցինք Թուրքիոյ պետութիւնը, մեր կողքին շահեցանք հզօր պետութիւններ, Վատիկանն ու միջազգային կազմակերպութիւններ…