Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ոչ Միայն Ղարաբաղը Մերն Է, Այլ Նաեւ Հայաստանը Ստեղծուած Է Ազրպէյճանական Հողերու Վրայ». Ալիեւ

Յուլիս 10, 2015
| Գիտութիւն
0
Share on FacebookShare on Twitter

7-1015_aliyevԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ 25 յունիսին Պաքուի Կարատաղ շրջանին մէջ գտնուող Փութայի մէջ ծովուժի «Ն» զօրախումբի նոր ռազմակայանի բացման հանդիսութեան ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ ըսած է, որ Ազրպէյճանի մեծագոյն հարցը «իր հողերուն բռնագրաւման շարունակութիւնն է»:

Ալիեւ իր ելոյթի ընթացքին ըսած է. «Այս անարդարութիւնը տարիներէ ի վեր կը շարունակուի: 1990-ականներուն սկիզբը Ազրպէյճանի օրուան ղեկավարութեան անատակութեան եւ դաւաճանութեան պատճառով մեր հողերը բռնագրաւման տակ են: Դժբախտաբար, հակառակ միջազգային կազմակերպութիւններու բոլոր որոշումներուն, այդ բռնագրաւումը կը շարունակուի: Միջազգային օրէնքի արժեչափերը կոշտ կերպով խզուած են, սակայն միջազգային համայնքը ատոր նկատմամբ անտարբեր կը մնայ: ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը հակամարտութեան վերաբերեալ չորս բանաձեւեր որդեգրեց: Անոնք նաեւ նշեցին, որ հայկական զինեալ ուժերը պէտք է առանց նախապայմանի հեռանան մեր հողերէն: Աւելի քան քսան տարի անցած է, սակայն այդ որոշումները չեն գործադրուած: Ասիկա մեզի, մեր երկրին ու ժողովուրդին դէմ մեծ անարդարութիւն մըն է: Սակայն այսօրուան աշխարհը, դժբախտաբար, անարդարութեան վրայ հիմնուած է»:

«Այս պարագային, անպայման որ պէտք է միայն մեր ուժերուն վստահինք, ինչպէս արդէն կ՛ընենք: Անշուշտ, միջազգային կազմակերպութիւններու փաստաթուղթերը, որոշումները մեր քաղաքական ու դիւանագիտական կարելիութիւնները կ՛աճեցնեն: Այսօր ոչ մէկ երկիր կը ճանչնայ Լեռնային Ղարաբաղը: Ասիկա մեր քաղաքական ու դիւանագիտական մեծ յաջողութիւնն է: Միջազգային կազմակերպութեանց որոշումները կարգաւորման մը իրաւական հիմքը կը կազմեն: Այս շրջագիծը հիմնուած է պատմական անարդարութեան մը վրայ, որովհետեւ Լեռնային Ղարաբաղը ազրպէյճանական հող է: Ազրպէյճանցի ժողովուրդը դարերէ ի վեր ապրած ու աշխատած է այդ հողերուն վրայ: Այդ պատմական հողերուն վրայ գտնուող պատմական կոթողները անգամ ցոյց կու տան, որ ատիկա մեր պատմական, նախահայրերու հողն է: Ոչ միայն Լեռնային Ղարաբաղը մերն է, այլ նոյնիսկ արդի Հայաստանը ստեղծուած է ազրպէյճանական պատմական հողերու վրայ: Բոլորս այդ մէկը գիտենք: Արդէն աշխարհն ալ այդ մասին գիտէ: Իրեւան խանութիւն, Կոյչէն, Զանկեզօր Մահալ` ասոնք մեր պատմական հողերն են, եւ մենք` ազրպէյճանցիներս պէտք է վերադառնանք այս հողերուն»:

Ազրպէյճանի նախագահը շեշտած է, որ հայ-ազրպէյճանական Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը պէտք է լուծուի միայն Ազրպէյճանի հողային ամբողջականութեան ծիրին մէջ, «ո՛չ ազրպէյճանցի ժողովուրդը, ո՛չ ալ ազրպէյճանական պետութիւնը մէկ այլ ընտրանք կ՛ընդունին: Պէտք է եւ պիտի վերականգնենք մեր հողային ամբողջականութիւնը: Մենք ուրիշներու հողերը չենք պահանջեր: Թէեւ, ինչպէս նշեցի, Հայաստանի ներկայ հողամասը մեր պատմական հողն է: Սակայն ոեւէ մէկուն մեր հողը պիտի չտանք եւ այս կացութեան հետ երբեք պիտի չհաշտուինք»:

 

 

Նախորդը

Արաբունարի (Քոպանիի) Վերջին Հայը Սպաննուած Է

Յաջորդը

Նշմար.- Ծայրայեղական Չես Դուն…

RelatedPosts

Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

6-րդ Զգայարանքներու Բնագիտութիւնը

Մարտ 27, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

6-րդ Զգայարանքներու Բնագիտութիւնը

Մարտ 25, 2025
Գիտական Նորութիւններ
Գիտութիւն

Գիտական Նորութիւններ

Փետրուար 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?