Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արաբունարի (Քոպանիի) Վերջին Հայը Սպաննուած Է

July 10, 2015
| Գիտութիւն
0
Share on FacebookShare on Twitter

7-1015_Kobani-armenians

Սուրիոյ Արաբունար (Քոպանի) սահմանամերձ քաղաքը, որ վերջերս դարձեալ անցած է քրտական ուժերու հակակշիռին տակ, վայրագ յարձակումներու թիրախ դարձած էր ահաբեկչական «Իսլամական պետութեան» զինեալներուն կողմէ, որոնց զոհ գացին մեծ թիւով քաղաքայիններ: Յուլիս 1-ին «Ռատիքալ» թերթին մէջ հրատարակուած է թղթակցութիւն մը, ուր դիտել կը տրուի, որ այժմ Արաբունարի մէջ հայ ընտանիք չէ մնացած, որովհետեւ մէկ մասը յաջողած է խոյս տալ, իսկ մնացածները սպաննուած են «Իսլամական պետութեան» զինեալներուն կողմէ:

Թերթին մանրամասնութիւններ տուած է Յակոբ Թովմասեանը, որ ապաստանած է Սուրուչի մէկ ճամբարին մէջ, ուր ներկայիս կան 3 հայ ընտանիքներ: Քաղաքի վերջին հայերէն ընտանիք մը տեղաւորուած է Ուրֆա, ուրիշ ընտանիք մը` Ալեքսանտրեթ, իսկ երրորդը` Հալէպ:

Անցագիր ունեցող երկու ընտանիքներ Հայաստան կրցած են մեկնիլ: Յակոբ Թովմասեանին եղբայրը` Յովսէփ, որ Արաբունարէն Թուրքիա ապաստանած էր, որոշած էր իր 14 տարեկան տղուն հետ Արաբունար վերադառնալ` իր բնակարանին ու խանութին կացութիւնը զննելու համար: «Գիշերը խանութ գացած է իր որդւոյն ընկերակցութեամբ, բայց հոն անծանօթներ կրակ բացած են: Ան կուրծքէն վիրաւորուած է եւ այդ վիճակին մէջ իր տղուն պոռացած է. «Փախչիր, ասոնք «Իսլամական պետութեան» զինեալներ են»: 14 տարեկան տղեկը` Արամ, որուն աչքին առջեւ սպաննուած է իր հայրը, կեանքը ազատած է հոնկէ խոյս տալով: Սպաննուած հայրը մնացած է Արաբունարի մէջ», պատմած է Յակոբ Թովմասեան:

Թերթը կ՛աւելցնէ, թէ զոհին կողակիցը` Իլոնա, կ՛ըսէ, որ իր չորս զաւակները որբ մնացած են ու այժմ ոչինչ զինք կը կապէ Արաբունարի հետ:

Յակոբ Թովմասեանը աւելցուցած է, որ հարիւր տարի առաջուան ողբերգութիւնը այսօր ալ կը շարունակուի: «Հարիւր տարի առաջ Թուրքիայէն անհամար հայեր աքսորուեցան իրենց հողերէն ու ապաստանեցան Արաբունար», եզրակացուցած է ան:

«Զիլ Խօսք» լրատուական կայքը` վկայակոչելով «Ինիւզ» լրատուական կայքը, հաղորդած է, թէ 45-ամեայ Յովսէփ Թովմասեանը գլխատուած է իր որդւոյն առջեւ: Այլ աղբիւրներէ կարելի չեղաւ այս տեղեկութիւնը հաստատել:

 

Նախորդը

Ռուս Երգչուհին Յիմարութիւն Կ՛որակէ Ազրպէյճանի Հակազդեցութիւնը

Յաջորդը

«Ոչ Միայն Ղարաբաղը Մերն Է, Այլ Նաեւ Հայաստանը Ստեղծուած Է Ազրպէյճանական Հողերու Վրայ». Ալիեւ

RelatedPosts

Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

Հրթիռապատում Բ. Պաղ Պատերազմէն Մինչեւ Արեւի Խուզարկու

December 9, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

Հրթիռապատում Ա. Աղեքսանդրիոյ Հերոնէն Մինչեւ Սփութնիք

December 8, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

6-րդ Զգայարանքներու Բնագիտութիւնը

March 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.