Ռուս օփերայի երգչուհի Լիւպով Քազարնովսքայայի անունը դրուած է Ազրպէյճանի «սեւ ցանկ»-ին մէջ` Լեռնային Ղարաբաղ տուած անոր այցելութենէն ետք:
Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան ղեկավար Հիքմեթ Հաճիեւ նախօրէին յայտարարած է, որ` «Լիւպով Քազարնովսքայա խախտած է «Ազրպէյճանի պետական սահմանին մասին» օրէնքը եւ օփերայի երգչուհիին անունը ներառուած է Ազրպէյճանի մէջ անբաղձալի անձերու ցանկին մէջ»:
Ի պատասխան` երգչուհին նշած է, որ իր անունը անբաղձալի անձերու ցանկին մէջ ներառելէն աւելի մեծ յիմարութեան մասին կարելի չէ մտածել: «Ես Լեռնային Ղարաբաղ գացած եմ մշակութային առաքելութեամբ: Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը չ՛ուզեր պատերազմ, անոնք կ՛ուզեն խաղաղութիւն, կ՛ուզեն երեխայ ծնիլ, կ՛ուզեն, որ երաժշտութիւնը հնչէ: Դուք չէք կրնար պատկերացնել` որքան սէր, ուրախութիւն ստացած ենք մենք հոն: Մարդիկ բարձրաձայն կը պոռային` շնորհակալութիւն երաժշտութեան համար», յայտնած է երգչուհին` ըստ ԹԱՍՍ գործակալութեան:
Լիւպով Քազարնովսքայայի համաձայն, երջանիկ է, որ սեւ ցանկին մէջ տեղ գտած է Մոնսերաթ Քապալիէի կողքին: «Մարդկութեան ոգին քաղաքականութենէն, յարձակողականութենէն դուրս է, երաժշտութիւնը աստուածային պատգամ է», հաստատած է ան: