Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (10 Յուլիս 1965)

Յուլիս 10, 2015
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կոմիտաս
Ռ. Զարդարեանի Մասին

Պոլսոյ Էսայեան վարժարանի սաներուն նախաձեռնութեամբ 1913-ին կազմակերպուեցան «Գրական ասուլիսներ», ուր յաջորդաբար քննութեան առնուեցան Լ. Շանթի «Հին աստուածներ», Գ. Զոհրապի նորավէպերը, Դ. Վարուժանի «Հեթանոս երգերը», Ռ. Զարդարեանի «Ցայգալոյս» եւ այլն:

Ռ. Զարդարեանի գործին եւ արուեստին մասին խօսած է նաեւ Կոմիտաս վարդապետ: Ստորեւ` վարդապետին խօսքը, որ, դժբախտաբար, անծանօթ մնացած է:

Ահա երիտասարդութիւնը, որ մեր առջեւն է: Ահա չորրորդ անգամն է, որ խուռներամ կը վազէ հոս` իր գրականութեամբ ու գեղարուեստով հետաքրքրուելու համար, մինչ մենք… ծերացածներս, Զարդարեանի նկարագրած գամփռին նման քոսոտած, փողոցի տղոց քար նետելուն կը սպասենք շարժուելու համար: Մինչ երիտասարդութիւնը, որ կեանք եւ արեւ կը սիրէ, կը վազէ, կ՛երթայ հոն, ուր գեղարուեստը կը փառաբանուի: Ու գեղարուեստը արդէն ազգի մը արեւն ու կենսունակութեան ջիղը չէ՞ միթէ:

Մեր մէջ կենսունակութեան ջիղը խաթարուած է, որովհետեւ մայր երկրէն հեռացած, գաղթավայրերու մէջ է, որ կ՛ուզենք զայն բխեցնել: Գաղթականութիւնը չէ, որ սնունդ պիտի տայ գրականութեան, գեղարուեստին, այլ` բուն իսկ հողը, ուրկէ հեռացած է ան, եւ որուն վերադառնալուն կոչ եղաւ այստեղ (1):

Կովկասեան գրականութեան յայտնի դէմքերէն մէկը` Խորէն եպս. Ստեփանէ (2), իր կատարած ուսումնասիրութիւններէն ետք կու գար կովկասեան մամուլին մէջ իր ձայնը հնչեցնելու, թէ հայ ժողովուրդը փտած է, որովհետեւ գեղարուեստ չունի: Այո՛, ազնի՛ւ ներկաներ, մահուան արժանի է այն ժողովուրդը, որ զուրկ է գեղարուեստէ, որովհետեւ ժողովուրդ մը, որ գեղարուեստ չունի, կը նշանակէ, թէ զգալու կարողութիւնը չունի: Եւ ի՞նչ է ժողովուրդ մը, որ չի զգար:

Բարեբախտաբար ժամանակը ցոյց տուաւ, թէ Ստեփանէ եպս. անիրաւ էր իր կարծիքին մէջ, որովհետեւ եկան յետոյ միտքեր` ցոյց տալու համար, թէ մեր ժողովուրդը իր ծոցին մէջ գեղարուեստի ընդունակութիւնը պահած է: Եկան Խրիմեաններ, Սրուանձտեանցներ եւ աւելի նոր ժամանակներուն` Չիթունիներ, որոնք ժողովուրդին ծոցէն դուրս քաշեցին գրական մարգրիտներ: Այդ ապացոյց էր, թէ հայ ժողովուրդը արժանի չէ մեռնելու:

Ցարդ գաւառը մեր աչքին առջեւ լծորդուած էր խաւարի հետ: Մենք մեծ մասամբ գաւառը կը ճանչնանք իր տգիտութիւնով եւ յետամնացութեամբ: Բայց գաւառը իմ աչքիս առջեւ կը պատկերանայ իբրեւ սրբավայրը հայ գեղարուեստի նշխարներուն, հոն կը տեսնեմ հայ երգը` հայ գեղջուկին շրթներուն վրայ, հայ գութանը, հայ գեղջուկը` իր արօրին ու մաճկալին հետ, ու քարերն անգամ նուիրականութիւն մը կը յիշեցնեն: Այդ քարի բեկորներն են մեր հայրենիքը, ազնի՛ւ հանդիսականներ, հո՛ն են շերտերը մեր գեղարուեստին եւ ոչ թէ` մայրաքաղաքներուն մէջ, ուրկէ մենք գաւառը կը դիտենք իբրեւ խաւարի վայր:

Ռուբէն Զարդարեան, որուն կը նուիրէ Էսայեան Սանուց միութիւնը իր չորրորդ գրական ասուլիսը, մէկն է հայ գրականութեան սակաւաթիւ դէմքերէն, որոնք ճանչցած են գաւառը իր բնական ու հոգեկան հարստութիւններով եւ իրենց գործը կերտած են այդ հարստութիւններուն վրայ, որոնք ժողովուրդինն են: Զարդարեան… իր սիրտը կապած է ժողովուրդին սրտին… իր միտքը կապած է ժողովուրդին մտքին հետ: Ժողովուրդին զաւակն է Զարդարեան:

Ես իր «Ցայգալոյս»-ը դեռ այս տարի (3) կարդացի: Երբ զայն կարդացի, Զարդարեանը չպատկերացուցի բնաւ աչքերուս առջեւ, այլ ամբողջ ազգ մը, ամբողջ ժողովուրդ մը` իր գեղեցկութեամբն ու շքեղութեամբը: Այդ մատեանը գրքի մը տպաւորութիւնը չէր, որ թողուց վրաս, այլ կեանքի մը` իր բաբախումներովն ու իր զգայնութեամբը:

Երբ կը թղթատէի իր էջերը, բառեր ու նախադասութիւններ չէին, որ կը պատկերանային աչքիս առջեւ, այլ կարծես անծանօթ էակ մը իմ ձեռքէս բռնած կ՛առաջնորդէր զիս անծանօթ վայրեր, դէպի գանձերը բիւրազան եւ դէպի պերճութիւններ շողշողուն: Ու երբ Զարդարեանի մասին կը խօսինք, կարծես թէ ինքը բնաւ գոյութիւն չունի ինծի համար, այլ կեանքը, այլ երկիրը, այլ` հայրենիքը, որ այնքան գեղեցկութիւններ ունի: Իր գործին մէջ ես չտեսայ ածականներ, այլ պատկերներ էին ամբողջ աչքիս առջեւ, զորս այնքան բանաստեղծներ կը փնտռէին ու չէին գտներ, եւ զորս սակայն գտած է Զարդարեան, որովհետեւ զգացած է զանոնք իր բովանդակ գեղեցկութեան մէջ:

Ահա մարդ մը մեր առջեւ` արժանի ամէն յարգանքի: Մարդ մը, որ գաւառի շունչը տուաւ մեզի: Շնչենք այդ շունչը, մանաւանդ դո՛ւք, երիտասարդնե՛ր, շնչեցէք զայն երիտասարդական շունչով մը, որովհետեւ ան գաւառէն կու գայ, ձեր հայրենի բնավայրէն, որուն արեւը քաղցր է, ջուրը անուշահամ, երկինքը վճիտ եւ օդը կենսատու ու պայծառ, եւ որուն վրայ կը սաւառնի գեղեցկութիւնը: Շնչեցէք այդ գեղեցկութիւնները:

(«Գրական ասուլիսներ», Ռ. Զարդարեանի «Ցայգալոյս»-ը, Կ. Պոլիս, 1913, էջ 36-38):

ԾԱՆՕԹՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

1) «Ցայգալոյս»-ի մասին հանգամանօրէն խօսած էին Զապէլ Եսայեան եւ Երուխան:
2) Խորէն Ստեփանէ (Ստ. Ստեփանեան) բանասէր եւ մանկավարժ էր, խմբագրած է «Հայկական Աշխարհ», «Մանկավարժանոց» հանդէսները:
3) «Ցայգալոյս»-ը լոյս տեսած է Կ. Պոլիս, 1910-ին:

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Հայ Աւետարանական Քոլեճի Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի Հունձքը

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?