Քնեսեթի կրթական հարցերով յանձնախումբը նշեալ օրէնսդիր մարմինին կոչ ուղղած է ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը: Յանձնախումբը նոյն կոչով դիմած է նաեւ Իսրայէլի կառավարութեան կրթութեան նախարարութեան ներկայացուցիչին` յանձնարարելով այսուհետեւ աւելի խորացնել Հայոց ցեղասպանութեան ուսումնասիրութիւնը եւ ատոր մասին ուսուցումը: