Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (9 Յուլիս 1965)

Յուլիս 9, 2015
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ծրագրեալ Աշխատանք

(Կրթական Տարեփակին Առիթով)

Ամավերջ է: Կրթական մեր հաստատութիւնները, աւանդական հանդէսներով, ըրին իրենց տարեփակը:

Հունձքը առատ է: Աւելի քան գօտեպնդիչ երեւոյթ մը կը պարզուի մեր աչքին նաեւ այս տարի: Հարիւրաւոր աշակերտ-աշակերտուհիներ կ՛աւարտեն նախակրթութեան շրջանը, տասնեակներով ուրիշներ, կրթական բարձրագոյն հաստատութիւններէ վկայուած, կը նետուին կեանքի ասպարէզ:

Հայ կեանքը կ՛եռայ ու կը հարստանայ թարմ ուժերով, նոր սերունդը թարմ շունչ ու նոր աւիշ կը բերէ մեր հանրային կեանքին: Կը ծաղկինք, կը պտղաբերինք ազգովին` այս ազատ երկրի պայծառ երկնակամարին տակ:

Աւելի՛ն. նուաճումէ նուաճում կ՛ընթանանք գրեթէ ամէն ասպարէզի, կեանքի գրեթէ բոլոր մարզերուն մէջ: Եւ հպարտութեան զգացում մը արդարօրէն կ՛ողողէ մարդուս հոգին, երբ համեմատութեան կը դնենք մեր ներկան մօտաւոր, այլ տխրագին անցեալին հետ:

Ի հարկէ, հսկայական ճիգեր թափուեցան այս արդիւնքին յանգելու համար, անհատապէս թէ հաւաքաբար` անսահման զոհաբերութիւններ կատարուեցան: Անհուն եղաւ մեր նուիրումը մեր ազգային ու կրթական հաստատութեանց եւ մշակներուն հանդէպ:

Իրաւամբ, կարելի է ըսել, ձեռք բերուած յաջողութիւնները փառապսակը կը կազմեն մեր հաւաքական վաստակին: Եւ ինչ որ կատարուեցաւ արտերկրի մէջ քանի մը տասնեակ տարիներու ընթացքին, այնքան դժնդակ պայմաններու մէջ, պետական չափանիշով նուաճում մը կը հանդիսանայ եւ պատիւ միայն կը բերէ մեր ազգային ու կուսակցական մարմիններուն, հայ ժողովուրդին ընդհանրապէս:

Կազմակերպուեցաւ ու զարգացաւ մեր ազգային կեանքը բոլոր գաղութներուն մէջ:

Կազմակերպուեցաւ ու ուռճացաւ մեր կրթական գործը ամէնուրեք:

Կազմակերպուեցաւ եւ բարգաւաճեցաւ մանաւանդ մեր տնտեսական կեանքը քիչ մը ամէն տեղ` գլել անցնելով բոլոր հնարաւոր նախատեսութիւնները:

Կազմակերպուեցան ու ծաղկեցան միաժամանակ Հայ եկեղեցին եւ հայ մշակոյթը:

Այս բոլորը ապացոյց են անշուշտ հայ ժողովուրդի առուգութեան, կենսունակութեան, շինարար անմեռ ոգիին: Վերանորոգուելու եւ ժամանակին հետ քալելու անկարելի կամքին, ցեղային ներքին անպարտելի ուժերուն, դիմադրական հզօր թափին:

Տարակոյս չկայ նաեւ, որ այս բոլորը իրենց բարերար անդրադարձումը ունեցան մեր ազգային առաքելութեան իրականացման եւ Հայ դատի հետապնդման ճանապարհին, այլ մանաւանդ` հայապահպանման նուիրական գործին վրայ:

Այսուհանդերձ, որքան ալ բեղուն, անթերի չեղաւ սակայն մեր գործը: Փաստօրէն ի վիճակի չեղանք ծրագրեալ ու սիստեմաթիկ աշխատանք տանելու, եւ մեր ուժերը յաճախ վատնեցինք աւելորդ եռանդավարութեամբ եւ եպերելի… աղանդամոլութեամբ: Մինչ ծրագրեալ աշխատանքով եւ համադրեալ ճիգերով մենք կրնայինք շատ աւելի փայլուն արդիւնքներու  յանգիլ:

Այս է իրողութիւնը մասնաւորաբար մեր կրթական գործին մէջ: Կենսական մարզ մը, ուր մեր գործունէութիւնը, թափած ճիգերն ու զոհողութիւնները յաճախ լիովին բուն նպատակին չծառայեցին, զուրկ եղան ներքին միութենէ ու ներդաշնակութենէ: Տեղի ունեցաւ ուժերու եւ միջոցներու անտեղի վատնում:

Դեռ մինչեւ օրս ալ մեր երեք յարանուանութիւնները, կրթական մարզի մէջ, գլուխները առած կ՛երթան` իւրաքանչիւրը ի՛ր ճամբով: Բարեգործականը, իր կարգին, ուրիշ պատմութիւն մըն է:

Մեր պայմաններուն մէջ, եթէ անհեթեթ է խօսիլ կրթական գործի միութեան մասին, առնուազն նոյնքան եւ աւելի անհեթեթ է շարունակել անմիասնականութիւնը, նոյնիսկ անիշխանութիւնը, մասնաւորաբար հայեցի դաստիարակութեան եւ հայկական առարկաներու աւանդման վերաբերեալ ընդհանուր, ներդաշնակ ու ամբողջական ծրագրի մը կիրարկման տեսակէտէն` համազգային չափանիշով:

Տրտում է հաստատել առանձնապէս, որ այն համեմատութեամբ, օրինակ, ինչ համեմատութեամբ, որ զարգացաւ ու բարգաւաճեցաւ մեր ժողովուրդի տնտեսական կեանքը, նոյն համեմատութեամբ չբարգաւաճեցան մեր հանրային հաստատութիւնները, մասնաւորաբար մեր վարժարանները:

Արդարեւ, փաստ է, որ գո՛նէ մեր ազգային վարժարաններուն ջախջախիչ մեծամասնութիւնը չի կրնար հաւասարակշռել իր տարեկան ելեւմուտքը: Հետեւանքը այն կ՛ըլլայ, որ ծանրօրէն կը տուժէ կրթական գործը ընդհանրապէս եւ յատկապէս հայեցի դաստիարակութիւնը` ուսուցչական որակեալ անձնակազմերու չգոյութեան հետեւանքով:

Զոհաբերութեան ոգին չէ, որ կը պակսի անշուշտ: Կը պակսի նախաձեռնութեան ոգին, ծրագրեալ եւ սիստեմաթիկ աշխատանքը, որ մեր ցեղային յատկութեանց մաս կազմած չըլլայ կարծես երբեք:

Բազմաթիւ ձեռնարկներ եւ բարերարութիւններ կ՛ըլլան, հարիւր հազարներու հասնող գումարներ կը գոյացուին` կրթական գործին առօրեայ ու անմիջական պահանջները գոհացնելու համար լոկ: Ամէն տարի նոյնն է պատկերը, նոյն սովորամոլութիւնն է տիրողը միեւնոյն հետեւողականօրէն տափակ, յոգնեցուցիչ ու յոգնեցնող գործելակերպն է կիրարկուողը ամէնուր եւ ամէնուն կողմէ:

Մինչդեռ եթէ առաջին իսկ օրէն ծրագրէինք մեր ընելիքը, առաջին օրէն մտածէինք եկամուտի մնայուն աղբիւրներ ստեղծել մեր ազգային եւ մանաւանդ կրթական հաստատութիւններու բարւոք մատակարարման համար, այսօր  ոչ միայն կրնայինք հաւասարակշռել մեր վարժարաններու ելեւմուտքը, այլեւ, աւելի՛ն, շատ բարգաւաճ վիճակ պիտի ունենայինք անտարակոյս:

Յամենայն դէպս աւելի լաւ է ուշ, քան երբեք: Այսօր գոնէ մտածենք այդ մասին, որպէսզի գոնէ վաղը բացը չմնանք դարձեալ: Մտածենք եւ գործնական հնարաւորութիւններ ստեղծենք` եկամուտի մնայուն աղբիւրներով օժտելու համար մեր ազգային հաստատութիւնները, բայց մանաւանդ` հայեցի կրթութեան մեր օճախները:

Ծրագրեալ աշխատանքը անհրաժեշտ է եւ անյետաձգելի ամէն մարզի, բայց մանաւանդ կրթական փափուկ գործին մէջ, որուն յոռի մատակարարման հետեւանքները անմիջականօրէն զգալի են մեր առօրեայ կեանքին, հանրային եւ կուսակցական գործունէութեանց մէջ:

Միայն այս ձեւով կարելի է լուծել նաեւ որակեալ ուսուցչական կազմեր ստեղծելու եւ պահելու խիստ կենսական հարցը: Եւ միայն այս հարցի բարւոք լուծումէն կախում ունի հայ վարժարանի, հայեցի դաստիարակութեան, ուստի նաեւ ազգապահպանման գործի ապագան:

Ք. Ք.

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Ստուգենք Մեր Գիտելիքները, Յղի Կնոջ Սննդականոնը

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?