ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Նոր ծաղկումի եւ յաջողութեան օր է այսօր: Ձեր շրջանակին մէջ մեծ յարգանք պիտի վայելէք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Արձակուրդի երազներով կ՛ապրիք: Լաւ ծրագրեցէք եւ ըստ այնմ որոշեցէք ձեր նախասիրած վայրը:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Պիտի կարենաք աշխատանք մը իրականացնել` շնորհիւ բարեկամի մը: Ձեր կապը հաստատ պահեցէք այդ անձին հետ:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Գործի մէջ հետապնդող էք եւ ոչ մէկ ճիգ կը խնայէք գագաթին հասնելու համար: Կամքը յաջողութեան կը տանի ձեզ:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ճամբորդութիւն մը նոր ուղիներ պիտի բանայ ձեր դիմաց, ինչ որ երկար ատենէ կ՛երազէիք: Վերջապէս, յաջողութեան կը հասնիք:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ամրան եղանակը նպաստաւոր առիթներ պիտի ներկայացնէ ձեզի, եւ դուք ձեր փափաքները պիտի իրականացնէք:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Երբ սէր կայ, գործերը կը յառաջանան: Սէրը կեանքի գրաւականն է, որ ամուր հիմերու վրայ կը դնէ ձեզ:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Արձակուրդը պիտի անցընէք տեսարժան վայրերու մէջ, ինչ որ ձեր օրերը աւելի հաճելի պիտի դարձնէ:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Բացառիկ արձակուրդ մը պիտի անցընէք, որուն ընթացքին վստահաբար պիտի ունենաք սիրային յարաբերութիւն մը:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ձեր մանկութեան ապրած շրջանները այցելելու առիթ մը պիտի ունենաք: Ապրելով հին օրերը` ձեր տրամադրութիւնը պիտի բարձրանայ:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Առանձնանալու պէտք ունիք, քանի մը օր լեռ բարձրանալը եւ բնութիւնը վայելելը մեծապէս պիտի նպաստեն ձեզի:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Այսօր ճաշի հրաւէր մը պիտի ունենաք: Մի՛ մերժէք, նոր անձերու պիտի հանդիպիք, որոնց հետ կապը պիտի շարունակէք: