Լիբանանի 18 տարեկանէն վար պասքեթպոլի ազգային խումբը, որ Աղեքսանդրիոյ մէջ (Եգիպտոս) իր մասնակցութիւնը կը բերէ Արաբական ախոյեանութեան, արձանագրեց իր երկրորդ յաղթանակը` 75-69 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները:
Լիբանան, որ իր կատարած առաջին մրցումին յաղթեց Իրաքին, ապա պարտուեցաւ Եգիպտոսէն, Ա. հանգրուանի իր վերջին մրցումը (Բ. խմբակին մէջ) կը կատարէ Քուէյթի դէմ: