Հարաւային Քորէայի Քուանկ Ժու քաղաքին մէջ կը շարունակուին 2015-ի ամառնային Եունիվերսիատի խաղերը:
Այս խաղերուն իր մասնակցութիւնը բերող Հայաստան տիրացաւ իր առաջին մետալին:
Մարմնամարզիկ Արթուր Թովմասեան օղակներու մրցումին լաւագոյն արդիւնքը արձանագրելով տիրացաւ ոսկի մետալին, կը յայտնէ Armsport.am:
Ան արձանագրեց 15.500 արդիւնք մը (6.600 եւ 8.900):
Անոր ետին յաջորդաբար 2-րդ եւ 3-րդ դիրքերը գրաւեցին երկու ուքրանացիներ` Իկոր Ռատիվիլով (15.266) եւ Օլեկ Վերնիայեւ (15.166):