
Կիրակի, 7 յունիս 2015, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Սիրան Մանուկեան» հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի մանկապարտէզի հանդէսը, որուն կեդրոնական նիւթն էր Յովհաննէս Թումանեանի «Տէրն ու ծառան» հեքիաթը:
Կոկոն դասարանի աշակերտները հանդէսի բացումը կատարեցին` Լիբանանի, Հայաստանի ու քոլեճի քայլերգներով. ապա բեմ բարձրացան մանկամսուրի մանուկները, որոնք իրենց բեմական առաջին փորձառութիւնը ապրեցան` մերթ բեմէն իրենց ծնողները փնտռելով ու մերթ պարելով հայկական եղանակի կշռոյթով, մինչ բեմի կեդրոնէն վար կը ծածանէր հայկական եռագոյնը:
Ծաղիկ դասարանէն Արենի Հաճաքեան, Մայքըլ Դաւիթեան եւ Ռուբէն Գույումճեան կատարեցին բացման խօսքը: Անոնք հաստատեցին, որ իրենք 2014-2015 կրթական տարեշրջանին ընթացքին իրենց գծագրութիւններով, երգերով, արտասանութիւններով ու այցելութիւններով, նշելէ ետք Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը, որպէս հայ մշակոյթի պահապանները, իրենց հանդէսին պիտի ներկայացնեն զուտ հայկական յայտագիր մը` հայ հանրածանօթ հեքիաթագիր Յովհաննէս Թումանեանի «Տէրն ու ծառան» հեքիաթին ընդմէջէն:
Անոնք քոլեճի 30-ամեակին առիթով իրենց երախտագիտութիւնը յայտնեցին քոլեճի բարերար Մանուկեան ընտանիքին եւ հանդէսը նուիրեցին Սիրան Մանուկեանի յիշատակին:
Ապա Ծաղիկ դասարանը ներկայացուց թատրոնը եւ ծառաներու եւ հողագործներու պարերը, ու յաջորդաբար բողբոջները` Լուսինի եւ արեւի իսկ կոկոնները` քէֆի պարերը, մինչ Ծաղիկ դասարանի աշակերտները մէջընդմէջ հանդէս եկան թատերական պատկերներով:
Ապա շրջանաւարտները իրենց վկայականի տարազներով բարձրացան բեմ եւ համաչափ ու ինքնավստահ շարժումներով ներկայացուցին հայկական պար մը, հարուածային նուագարաններով կատարեցին երկու նուագներ ու ապա երգեցին «Ազգ փառապանծ», «Հայաստանի կարմիր գինի» եւ «Կենաց երգ» երգերը:
Յետոյ շրջանաւարտ փոքրիկները իրենց վկայականի տարազներով ու իրենց ձեռքին ունենալով դպրոցին կողմէ իրենց տրամադրուած ընտանեկան նկարները` տողանցեցին սրահէն դէպի բեմ եւ իբրեւ շնորհակալութեան արտայայտութին` այդ նկարները տուին իրենց ծնողներուն:
Ապա գործադիր մանկապարտիզպանուհի Մարալ Էքմեքճեան բեմ հրաւիրեց քոլեճի տնօրէն Զոհրապ Ղազարեանը:
Տնօրէնը հաստատեց, որ բեմին վրայ կանգնած փոքրիկները ապացոյցն են հայ ժողովուրդի գոյատեւելու եւ բազմանալու կամքին, եւ շեշտեց, որ Եղեռնէն ազատած հայ ժողովուրդի զաւակները իրենց լուման ներդրած են, որպէսզի սփիւռքը ունենայ եկեղեցիներ ու դպրոցներ, որոնցմէ մին է` Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան քոլեճը, կառուցուած` Մանուկեան ընտանիքի իշխանական նուիրատուութեամբ, եւ որպէս երախտագիտութիւն անոնց կատարած ազգանուէր գործին` քոլեճի 30-ամեակին վկայուող այս 30-րդ հունձքը որոշուեցաւ մկրտել` «Սիրան Մանուկեան սերունդ»:
Տնօրէնը նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց ծնողներուն` իրենց գործակցութեան համար, շեշտելով, թէ բոլորին միացեալ ճիգերով միայն կարելի է հասնիլ գնահատելի արդիւնքներու ու խօսքը եզրափակեց` ըսելով. «Կը գտնուինք Հայոց ցեղասպանութեան երկրորդ 100-ամեակի սեմին: Հայ վարժարանի շնորհիւ է միայն, որ կրնանք վառ պահել պահանջատիրական մեր ոգին ու անոր շնորհիւ է, որ կրնանք ընթանալ դէպի յաղթական 100-ամեակ»:
Իր խօսքի աւարտին ան բեմ հրաւիրեց քոլեճի նուագի ու մանկապարտէզի անգլերէնի դասատու Ռուբինա Դերձակեանը, որ ճամբորդութեան պատճառով պիտի ստիպուի հեռանալ քոլեճի ընտանիքէն, շնորհակալութիւն յայտնեց անոր եւ ծաղկեփունջով մը պատուեց զայն:
Ապա Սարգիս քհնյ. Սարգիսեան խօսք առնելով` հաստատեց, որ վկայուող սերունդները հայ ժողովուրդի ապագան են եւ մաղթեց, որ անոնք աւելի բարձր վկայականներու արժանանան:
Ապա տնօրէնը, գործադիր մանկապարտիզպանուհին, Սարգիս քհնյ. Սարգիսեանը կատարեցին վկայականներու բաշխումը:
Մանկապարտէզի վկայական ստացան`
Ծաղիկ 1
Գույումճեան Ճենիֆըր, Հաճի Օհանեան Թամարա, Հաճաքեան Արենի, Շէկոյեան Նանար, Պետրոսեան Սերենա, Պէրպէրեան Արփի, Սարեան Քաթրին, Գույումճեան Աւօ, Գույումճեան Ռուբէն, Գույումճեան Վաչէ, Մանճիկեան Արա-Ատոմ, Մանճիկեան Արէն, Միսքճեան Յարութ, Պատագեան Գէորգ, Վարդանեան Վարդան, Փոլատեան Սեւակ:
Ծաղիկ 2
Աբրահամեան Տեսիլ, Լեփեճեան Այլին, Ուաննիս Արինա, Պաղտասարեան Ռոզալին, Դաւիթեան Մայքըլ, Զաքարեան Ժաք, Կարապետեան Նարեկ, Կարապետեան Նիկոլ, Մանուկեան Ռաֆայէլ, Մելքոնեան Յակոբ, Պապիկեան Անթընի, Պեքերեան Կայծակ, Տօնապետեան Արմէն, Օգճեան Ճորճ, Ֆրենկիւլեան Գօգօ-Ճօ:


