Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (6 Յուլիս 1965)

Յուլիս 6, 2015
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Ամերիկայի Շրջանի
72-րդ Պատգամաւորական Ժողովին Բացումը
Կատարուեցաւ Տիթրոյիթի Մէջ

Ընկերներ Կ. Սասունի Եւ Տոքթ. Ա. Գապագեան
Ողջունեցին Պատգամաւորական Ժողովը`
Յանուն Մերձաւոր Արեւելքի Ընկերներուն

«Հայրենիք»-ի 2 յուլիսի թիւին մէջ կը կարդանք.

ՀՕ Միութեան 45-րդ Պատգամաւորական ժողովին փակման եւ ՀՅ դաշնակցութեան 72-րդ Պատգամաւորական ժողովի բացման միացեալ հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ հացկերոյթով, յունիս 29-ի երեկոյեան, քաղաքին «Ռոմա» շքեղ սրահին մէջ, աւելի քան չորս հարիւր հայրենակիցներու ներկայութեամբ:

Ազգային խանդավառ մթնոլորտի մէջ հանդիսութեան բացումը կատարեց Ռոստոմ Թանտըրճեան, ապա ատենապետութիւնը յանձնեց Ասատուր Կիրակոսեանի:

Յաջորդաբար խօսք առին յանուն ՀՕ միութեան Ս. Մխիթարեան եւ յանուն ՀԵԴ-ին` Յ. Մուրատեան:

Յանուն ամերիկահայ կիլիկեան թեմին եւ Տիթրոյիթի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ` հաւաքոյթը ողջունեց Սուրէն Ա. քհնյ. Բաբախեան:

Միշիկընի կառավարիչին ներկայացուցիչ Միլըր յաջողութիւն մաղթեց ՀՅԴ Պատգամաւորական ժողովին եւ կարդաց նահանգապետ Ռոմնիի յայտարարութիւնը (փրոքլամէյշըն)` ուղղուած ՀՅ դաշնակցութեան եւ Հայ օգնութեան պատգամաւորական ժողովներուն:

ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչներ Կարօ Սասունի եւ տոքթ. Ատուր Գապագեան ջերմ խօսքերով ողջունեցին ՀՅ դաշնակցութեան Պատգամաւորական ժողովը եւ ամերիկահայութիւնը` յանուն Մերձաւոր Արեւելքի մեր ընկերներուն եւ ընկերուհիներուն:

Ատենախօսեց ՀՅԴ Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ատենապետը` Սեդրակ Մինաս:

Գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մը, որուն ընթացքին երգեց Գէորգ Պուրսալեան, Ուստրէն, դաշնակի ընկերակցութեամբ Հելըն Մամբրէեանի:

Ազգային ջերմ ու ներշնչող մթնոլորտի մէջ հանդիսութիւնը վերջ գտաւ ժամը տասին:

Ապա պատգամաւոր ընկերները ձեռնարկեցին իրենց նախնական աշխատանքներուն:

 

Հայ Օգնութեան Միութեան
Պատգամաւորական Ժողովի
5-րդ Եւ 6-րդ Նիստերը

«Հայրենիք» իր 2 յուլիսի թիւին մէջ կը գրէ.

Հայ օգնութեան միութեան 45-րդ Պատգամաւորական ժողովի հինգերորդ եւ վեցերորդ նիստերը տեղի ունեցան երեքշաբթի:

Պատգամաւորական ժողովը նկատի առաւ Պոսթընի մօտ «Հայաստան» քեմփին կարեւորութիւնը հայապահպանման համար եւ որոշեց քաջալերել զայն ու շարունակել իր նիւթական ու բարոյական օժանդակութիւնը այդ կարեւոր հաստատութեան:

Կրթական հարցին առնչութեամբ, որոշեց կազմել ուսումնական ուրոյն յանձնախումբ մը` մասնակցութեամբ Հայ օգնութեան միութեան, Ազգ. Կեդրոնական վարչութեան եւ Հայ կրթական հիմնարկութեան, վարելու համար արդէն գոյութիւն ունեցող դպրոցները եւ նորեր եւս հաստատելու համար:

Զ. նիստին ներկայ եղան ՀՅԴ ղեկավար դէմքեր` Կարօ Սասունի եւ տոքթ. Ատուր Գապագեան. զանոնք Պատգամաւորական ժողովին ներկայացուց ատենապետուհի Ալիս Թոնամեան: Մեր ղեկավար ընկերները Պատգամաւորական ժողովին յայտնեցին Մերձաւոր Արեւելքի ՀՕՄ-ի ընկերուհիներուն եւ մեր ընկերներուն ողջոյնները, նաեւ համակրանքի ու քաջալերութեան սրտագին խօսք ուղղեցին Հ. Օգնութեան Միութեան եւ բովանդակ ամերիկահայութեան:

Պատգամաւորական ժողովը կը շարունակէ իր աշխատանքները նոյն կանոնաւորութեամբ ու եռանդով:

 

ՀՅԴ Ամերիկայի
72-րդ Պատգամաւորական Ժողովի
Հեռագիրը` ՀՅԴ Բիւրոյին

Յուլիս 2-ին Տիթրոյիթէն հետեւեալ հեռագիրը ղրկուած է ՀՅԴ Բիւրոյին:

ՀՅ դաշնակցութեան Ամերիկայի կազմի Շրջանային ժողովը միաձայն որոշումով իր եղբայրական ջերմագին ողջոյնները կը ղրկէ ձեզի եւ իր անվերապահ հաւատարմութիւնը, փարումն ու նուիրումը կը վկայագրէ ՀՅԴ գաղափարականին եւ Հայ դատին:

ՀՅԴ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ
72-ՐԴ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎ
Տիթրոյիթ – Մ. Նահանգներ

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛Ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Ազգ. Ե. Մանուկեան Քոլեճի «Սիրան Մանուկեան» Մանկապարտէզի Հանդէս

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?