 Անգլիական մամուլին համաձայն, Մանչեսթըր Եունայթըտ, իր կազմին միացնելու համար Ռէալ Մատրիտի յետսապահ Սերճիօ Ռամոսը, պատրաստ է վճարելու 45 միլիոն ամերիկեան տոլար, կը յայտնէ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը:

Ըստ շրջան ընող լուրերուն, սպանացի 29 տարեկան մարզիկը կը մտադրէ տեղափոխուիլ «Օլտ Թրեֆորտ», հակառակ անոր որ երկու տարի ետք կ՛աւարտի անոր պայմանագրութիւնը սպանական ակումբին հետ:
Մանչեսթըրի մարզիչ Լուիս Վան Կաալ աշխատանք կը տանի զօրացնելու իր կազմին պաշտպանողական գիծը, որպէսզի նոր տարեշրջանին աւելի լաւ արդիւնք արձանագրէ եւ 4-րդ դիրքէն բարձր տեղ մը գրաւելով աւարտէ «Փրեմիեր լիկ»-ի տարեշրջանը:
Այլ գետնի վրայ, Եունայթըտի կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ ակումբին յետսապահներէն Ֆիլ Ճոնզ, իր պայմանագրութիւնը երկարաձգեց մինչեւ 2019: