Հայաստանի Հարապետութեան վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի գլխաւորած կառավարական պատուիրակութիւնը երկօրեայ աշխատանքային այցելութեամբ այսօր Ֆրանսա կը հասնի:
Վարչապետը հանդիպումներ պիտի ունենայ Ֆրանսայի Ազգային ժողովի նախագահ Քլոտ Պարթոլոնի, Ֆրանսայի վարչապետ Մանուէլ Վալսի եւ Փարիզի քաղաքապետ Անն Իտալկոյի հետ:
Յովիկ Աբրահամեան պիտի այցելէ Փարիզի քաղաքապետարանին մէջ բացուած Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած ցուցահանդէս, Ֆրանսայի ու Եւրոպայի մէջ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ առաջնորդարան եւ տեսակցի ֆրանսահայ գաղութի ներկայացուցիչներուն հետ:
Հայաստանի եւ Ֆրանսայի վարչապետները ֆրանսական Ալֆորվիլ քաղաքին մէջ պիտի մասնակցին հայկական դպրոցի բացման արարողութեան: