Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (3 Յուլիս 1965)

Յուլիս 3, 2015
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ակումբ Մըն Ալ…

Խօսքը Պէյրութի բարձունքին` Հայաշէնի «Ռոստոմ» կոմիտէութեան սեփական նոր ակումբին մասին է, որուն պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւ կիրակի, 20 յունիս 1965-ի երեկոյեան, հովանաւորութեամբ «Հրուանդան»-ի ԿԿ-ին եւ ի ներկայութեան մեծ թիւով ընկերներու եւ համակիրներու:

ԿԿ-ի հերթապահ տոքթ. Եղիկ Գոնիալեանի բացման խօսքէն ետք, Կարօ Սասունի կտրեց աւանդական ժապաւէնը, ապա ներկաները այցելեցին ակումբի զանազան բաժինները: Սրահին մէջ ներկաները հիւրասիրուեցան շամփանիայով:

Հոս ակումբ ունէինք քանի մը տասնեակ տարիէ ի վեր: Հոս սակայն ակումբը գեղակերտ շէնք մը չէր դեռ երէկ: Այստեղ ակումբը ոգի էր, մթնոլորտ, հայկական շունչ` ընկերներով, «Համազգային»-ով, խաչուհիներով, արծուիկ-սկաուտներով, պատանիներով:

Շահուած յաջողութիւնները դիպուած չեն սակայն, այլ արդիւնք` հաւատքի մը, որ սկզբնապէս եղած էր թռիչք, ճիգ, ապա` զոհողութիւն, գո՛րծ:

Մեր հաւաքական կեանքին մէջ ակումբներու դերը մեծ եղած է. ճիշդ ատոր համար ճիգ չէ խնայուած յարմարագոյն ակումբներ ունենալ, ու միշտ ալ մեր մէջ զոհողութեան ոգիին ընկերացած է նուիրատուի բարի կամեցողութիւնը, որուն շնորհիւ կարելի եղած է երազները իրականացնել:

ՀՅԴ-ի ակումբները միշտ ալ եղած են մեր հաւաքական կեանքի կեդրոնները. անոր տրոփին հետ յուզուած ու խանդավառուած է հայութիւնը:

Հիմա որ Հայաշէնն ալ ունեցաւ իր սեփական ժողովրդային տունը, հաւատքը, որ մեր ժողովուրդինն է, մեզի կը ներշնչէ նոր կորով` գաղափարական սերունդներու պատրաստութեան եւ հանրային աւելի լայն ու արդիւնաւէտ գործունէութեան ի խնդիր:

Ջերմ մթնոլորտի մէջ խօսք կ՛առնեն ղեկավար ընկերներն ու շրջանի միութիւններուն ներկայացուցիչները: Տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ մը, որուն ընթացքին հանգանակութեամբ գոյացաւ 4868 լ. ոսկի:

Ճաշկերոյթի ընթացքին Խորէն Մղտեսեան խօսեցաւ շրջանի ընկերային կեանքի մասին, ապա տուաւ շրջանի 35 տարուան կեանքի պատմութիւնը:

Յաջորդաբար խօսք առին տոքթ. Եղիկ Գոնիալեան, Կարօ Սասունի, տոքթ. Բաբգէն Փափազեան, Պերճ Մըսրլեան, Շահէն Տէրտէրեան եւ Անդրանիկ Ուրֆալեան:

Ստորեւ կը ներկայացնենք նուիրատուներու անուանացանկը` մեր հրապարակային շնորհակալութիւններով.

«Հրուանդան»-ի Կ.Կ. 1000, Օգնութեան խաչի Հայաշէնի մասնաճիւղ 300, Օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութիւն 200, տէր եւ տիկին Միհրան  Պչագճեաններ 200, ՀՅԴ «Իշխան» կոմիտէ 200, Յակոբ Փեհլիվանեան 150, Ժագ Նորաշխարեան 150, Վահան քհնյ. Տէր Ղազարեան 100, Ս. Յովհաննու եկեղեցւոյ թաղականութիւն 100, տոքթ. Արամ Պաղտասարեան 100, Հայաշէնի Աղքատախնամ 100, ՀՅԴ Սարդարապատ կոմիտէ 100, ՀՅԴ «Նիկոլ Դուման» կոմիտէ 100, ՀՅԴ «Պալաքեան» կոմիտէ 100, ՀՅԴ «Տիգրան Ծամհուր» կոմիտէ 100, ՀՅԴ «Քրիստափոր» կոմիտէ 100, ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութիւն 100, Արամ Ամասեան 100, Ղազար Տօնապետեան 100, Պօղոս Տօնապետեան 100, Հայաշէնի «Համազգային»-ի «Նաւասարդ» միութիւն 100, Մարի Մղտեսեան 100, տոքթ. Եղիկ Գոնիալեան 100, «Մուրատ» պատանեկան ֆութպոլի խումբ 58, Վարդուհի Փեհլիվանեան 50, Անժել Նորաշխարեան 50, Նորաշխարեան զաւակունք  50, «Մուրատ» պատանեկան միութիւն 50, Պետրոս Պալպուչաքեան 50, Կարօ Սասունի 50, Թագուհի Ջուլճեան 50, տէր եւ տիկին Շահէ Տէրտէրեաններ 50, Մովսէս Տէր Գալուստեան 50, տոքթ. Բաբգէն Փափազեան 50, Հայկ Տօնապետեան 50, տոքթ. Ատուր Գապաքեան 50, Գալուստ Քարակիւլեան 50, Հայաշէնի արծուիկներ 25, ՀՄԸՄ-ի սկաուտական Դ. խումբ 25, Համազասպ Տէր Խաչատուրեան 25, Պերճ Մսըրլեան 25, տէր եւ տիկին Հայկականեաններ 25, Միհրան Հայթայեան 25, Ստեփան Փանոսեան 25, Սոնա Փանոսեան 25, Բեգա Գըլըճեան 25, «Զաւարեան» ուսանողական միութիւն 25, Անդրանիկ Ուրֆալեան 25, Գեղամ Սարգիսեան 25, Զաւէն Գալուստեան 25, Տիգրան Ոսկունի 25, Հրաչ Տասնապետեան 25, Օննիկ Մելիքսէթեան 25, Ցաւակ Բարսեղեան 25, փոքրիկն Հրաչ Գարայեան 10:

ՆԵՐԿԱՅ ՄԸ

 

Ամերիկահայ Կեանք

Երիտասարդաց Դաշնակցութեան
Պատգամաւորական Ժողովը Պոսթընի Մէջ

Հայ երիտասարդաց դաշնակցութեան 32-րդ Պատգամաւորական ժողովի պաշտօնական բացումը տեղի ունեցած է Պոսթընի մէջ, յունիս 27-ի կիրակի երեկոյ, «Հայրենիք»-ի սրահին մէջ, ուր իրաւասութիւնները քննող յանձնախումբը անմիջապէս գործի անցած է` ժողովը պատրաստելու համար յաջորդ օրուան օրակարգին:

Այս առթիւ «Հայրենիք» կը գրէ.

Ժողովին նիստերը տեղի կ՛ունենան այս տարի Պոսթընի նորակառոյց «Շերաթըն» պանդոկին շքեղ սրահին մէջ:

Երիտասարդ պատգամաւորներու խանդավառ բազմութիւն մը ներկայ եղաւ բացման հանդիսութեան, եւ նախնական աշխատանքներու աւարտումէն ետք հիւրասիրուեցաւ երիտասարդացի Կեդրոնական վարչութեան կողմէ:

Փառաւոր պարահանդէս մը եւ Հայ երիտասարդաց դաշնակցութեան նախկին անդամներու միացման մասնաւոր հանդիսութիւն մը, տեղի ունեցան յուլիս 3-ի շաբաթ երեկոյ, «Շերաթըն» սրահին մէջ, եւ բացօթեայ հրապարակային հաւաքոյթ մը` կիրակի,  յուլիս 4, «Հայաստան» քեմփին մէջ, մեծ խնամքով պատրաստուած` ՀԵԴ Կեդրոնական վարչութեան կողմէ, հանդիսացան Պատգամաւորական ժողովի փակման հանդիսութիւնները:

Ֆիլատելֆիոյ հռչակաւոր «Ոսպիկեան» նուագախումբը նուագեց պարահանդէսին եւ դաշտահանդէսին ընթացքին:

Հեռագիր ՀՅԴ Բիւրոյին

Հիւսիսային Ամերիկայի Պոսթըն քաղաքին մէջ գումարուող ՀՅԴ երիտասարդացի 32-րդ Պատգամաւորական ժողովին կողմէ հետեւեալ հեռագիրը ուղղուած է ՀՅԴ Բիւրոյին.-

ՀՅԴ Բիւրոյին,

Սիրելի՛ ընկերներ,

Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ երիտասարդաց դաշնակցութեան 32-րդ տարեկան Պատգամաւորական ժողովի պատգամաւորներս, հաւաքուած այս շաբթու Պոսթընի մէջ (Մասաչուսեց) անգամ մը եւս կը յայտնենք մեր անկեղծ նուիրումը եւ մասնակցութիւնը ձեր բոլոր տեւական ճիգերուն, որոնք կը թափուին հայ ժողովուրդի եւ անոր ազատ ու անկախ հայրենիքի ցանկութեան իրականացման համար:

Ընկերական բարեւներով
ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ Հ. Ե. ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ
32-ՐԴ ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ

Հայ Օգնութեան Միութեան Պատգամաւորները

«Հայրենիք»-ի թղթակիցը կը հեռագրէ Տիթրոյիթէն.-

Հայ օգնութեան միութեան 45-րդ Պատգամաւորական ժողովը խանդավառութեամբ կը շարունակէ իր նիստերը: Երկուշաբթի տեղի ունեցան Գ. եւ Դ. նիստերը, որոնց ընթացքին կարդացուեցան եւ գնահատանքի արժանացան շրջանային վարչութիւններու տեղեկագիրները` Հարաւային Ամերիկա, Լիբանան, Սուրիա, Ֆրանսա, Մակեդոնիա-Թրակիա, Աթէնք, Եգիպտոս, Ամման (Յորդանան), Իրան, Երուսաղէմ:

Հիւսիսային Ամերիկայի հայոց կիլիկեան թեմի առաջնորդ Հրանդ արք. Խաչատուրեան ղրկած էր յաջողութեան եւ շնորհաւորութեան հեռագիր մը, որ ուրախութեամբ լսուեցաւ Պատգ. ժողովին կողմէ:

Շնորհաւորական հեռագիր մը ղրկած էր նաեւ Արսէն Թերլեմեզեան (Պոսթընէն):

Պատգամաւորական ժողովը լսեց Կեդրոնական վարչութեան տարուան մը գործունէութեան տեղեկագիրը եւ գնահատանք ու գոհունակութիւն յայտնեց:

Յարաբերական թուղթերու յանձնախումբի եւ հաշուեքննիչ յանձնախումբի տեղեկագիրները եւս գոհունակութեամբ լսուեցան Պատգամաւորական ժողովէն:

Նկատի առնուեցան միութեան պարբերաթերթ «Հայ սիրտ»-ի հրատարակութիւնը եւ անոր ժողովրդականացման միջոցները:

Տրուեցան նաեւ որոշումներ` Հայ օգնութեան միութեան զօրացման, մշակութային աշխատանքներու քաջալերութեան եւ ընդարձակման, նաեւ` գործիչ մը ունենալու մասին»:

Նիստերը կը շարունակուին:

 

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Հայ Աւետարանական Թորոսեան Վարժարանի Մանկապարտէզի Հանդէս

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In