Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (2 Յուլիս 1965)

Յուլիս 2, 2015
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանահայ Կեանք

 Ս. Յակոբայ Ազգ. «Եփրեմեան»
Վարժարանի Ամավերջի Հանդէսը

Հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ լիբանանահայոց առաջնորդ Տաճատ արքեպիսկոպոսի, Էշրեֆիէի Ս. Յակոբայ ազգային «Եփրեմեան» վարժարանի մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ երեքշաբթի, 29 յունիս 1965, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, վարժարանի բակին մէջ:

Հանդէսը սկսաւ լիբանանեան ազգային քայլերգի յոտնկայս ունկնդրութեամբ:

Գործադրուեցաւ ճոխ յայտագիր մը` երկու մասերով.

Առաջին մասին մէջ մանկապարտէզի փոքրիկներուն հոլանտական, արաբական, հաւայեան եւ հայկական պարերը, ինչպէս նաեւ հաճելի արտասանութիւնները բուռն ծափերու արժանացան` ուրախութիւն պատճառելով ծնողներուն:

Երկրորդ մասին մէջ, նախակրթարանի տղաքը եւ աղջիկները յաջողութեամբ կատարեցին «Թմպլիկը» մարզանքը եւ մանաւանդ` լեթքիս պարը:

Գնահատանքի արժանացաւ նաեւ Դ. Վարուժանի «Լոյսը» խմբական տպաւորիչ արտասանութիւնը:

Թաղականութեան տեղեկագիրը կարդաց ատենապետ Սարգիս Սարգիսեան:

Մանկապարտէզի բաժնէն վկայական ստացան 29 փոքրիկներ:

Վարժարանի ուսումնական տեղեկագիրը կարդաց տնօրէն Երուանդ Տեմիրճեան:

Նախակրթարանի բաժնէն վկայական ստացան`

Յասմիկ Պարսումեան, Ռիթա Պեսերեքեան, Արփի Աղազարեան, Արտա Աղազարեան, Շողիկ Մելիքեան, Նայիրի Ղազարեան, Մարի Պլեան, Արաքսի Չիլինկիրեան, Ծովիկ Աւագեան, Արմինէ Ազնաւուրեան, Արաքսի Թաքելեան, Արփի Փանոսեան, Էլիզապէթ Մելքոնեան, Յասմիկ Աբիկեան եւ` Ռազմիկ Շիրինեան, Ժիրայր Պլեան, Անդրանիկ Պալպալեան, Ներսէս Տօնիկեան եւ Օգսէն Գույումճեան:

Օրհնութեան խօսը ըրաւ առաջնորդ սրբազանը, որ քաջալերանքի ու գնահատանքի արժանի գտաւ թաղականութեան, տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին խիստ գնահատելի աշխատանքը:

Հանդէսը վերջ գտաւ սրբազան հօր «պահպանիչ»-ով:

Ազգային Ուսումնական խորհուրդը, ընդառաջելով թաղական խորհուրդի եւ տնօրէնութեան դիմումին, համաձայն գտնուած է, որ Ս. Յակոբայ ազգ. «Եփրեմեան» վարժարանը ունենայ իր միջնակարգի առաջին դասարանը, յաջորդական չորս տարիներու ընթացքին դպրոցին մակարդակը հասցնելու համար պետական պըրըւէի աստիճանին:

Այս որոշումը տրուած է այն կատարեալ վստահութեամբ, որ Էշրեֆիէի հայաշատ շրջանին մէջ ազգային բարձրագոյն վարժարան մը ունենալը անհրաժեշտութիւն է:

Հատեթի Ազգ. Զաւարեան
Վարժարանի Ամավերջի Հանդէսը

Հետզհետէ հայութեամբ ստուարացող Հատեթ գիւղաքաղաքի Ազգային Զաւարեան վարժարանի ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ կիրակի, 27 յունիս 1965, երեկոյեան ժամը 6-ին, Հատեթի Փաղանգաւորներու տան սրահին մէջ, որ այս առթիւ գեղեցկօրէն զարդարուած էր լիբանանեան ազգային եւ եռագոյն դրօշներով:

Խնամուած աշխատանքով պատրաստուած յայտագիրը, որ փոքրիկներու կողմէ գործադրուեցաւ յաջողութեամբ, մեծապէս գնահատուեցաւ ծնողներուն եւ տեղացի արաբ հանդիսականներուն կողմէ:

Հոգաբարձութեան եւ վարժարանի տարեկան գործունէութեան տեղեկագիրը կարդաց ատենապետ Եփրեմ Զեքեան:

Մանկապարտէզի եօթը փոքրիկներուն վկայականներու բաշխումէն ետք բեմ հրաւիրուեցաւ Եզնիկ վրդ. Բալայեան:

Հայր սուրբը ֆրանսերէն, ապա հայերէն լեզուով նախ շնորհակալութեան խօսք ուղղեց տեղացի արաբ հիւրընկալ ժողովուրդին` շրջանի հայերուն հանդէպ իրենց ցոյց տուած եղբայրական եւ սիրալիր վերաբերումին համար:

Ջերմօրէն շնորհաւորեց հոգաբարձութեան եւ ուսուցչուհիներուն կատարած գնահատելի եւ անձնուէր աշխատանքը` մաղթելով յարատեւութիւն եւ յաջողութիւն:

Ազգային Ուսումնական խորհուրդի նիւթական եւ բարոյական հոգածութեան առարկայ Ազգային Զաւարեան վարժարանը բացառիկ զոհողութիւններով կը պահուի երեք տարիներէ ի վեր:

Քանի մը տասնեակ հայորդիներու հայեցի դաստիարակութիւն տալու նպատակով բացուած Ազգ. Զաւարեան վարժարանը, հայապահպանման իր նուիրական դերը շարունակելու համար, անհրաժեշտ է, որ բարոյական եւ յատկապէս նիւթական բացառիկ քաջալերանքի արժանանայ:

ՀՐԱԶԴԱՆ

Ազգ. Թորգոմեան Վրժ.ի
Ամավերջի Հանդէսը

Ազգային Թորգոմեան վարժարանի ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 24 յունիս 1965,  երեկոյեան ժամը 7:30-ին, վարժարանի պասքեթպոլի դաշտին վրայ:

Հանդէսը կը հովանաւորէր Լիբանանի հայոց առաջնորդ եւ Ուսումնական խորհուրդի նախագահ Տաճատ արք. Ուրֆալեան, որ այս առթիւ գեղեցիկ ճառ մը խօսեցաւ` շեշտելով, որ հայ մանուկին հայեցի դաստիարակութիւնը կը կերտուի հայ վարժարանին մէջ:

Հանդէսին կը նախագահէին տէր եւ տիկին Լեւոն Պայրամեան: Կոկիկ յայտագրէ մը ետք ներկաները հիւրասիրուեցան շամփանիայով:

Ստորեւ կու տանք շրջանաւարտներուն անունները. Արշալոյս Տագէսեան, Գեղարփի Կէօզիւպէօյիւքեան, Անի Գասպարեան, Վիոլեթ Թերզեան, Նուրիցա Տէր Եղիայեան, Նուարդ Համբարձումեան, Աստղիկ Գոճակէօզեան, Ռոզիկ Գոճակէօզեան, Ռիթա Յակոբեան, Սեդա Բաղրամեան, Անժէլ Աճեմեան, Այտա Մճրիկեան, Սոնիկ Խաշնցեան, Զօրիկ Մղտեսեան, Կարօ Յովսէփեան, Սահակ Պէրպէրեան, Ասատուր Մերտանեան, Յովհաննէս Քելեկեան, Համբիկ Յովսէփեան, Վազգէն Անձրեւեան, Յարութիւն Կոճիկեան:

Վերոյիշեալներէն վեցը պետական սերթիֆիքայի քննութեան մասնակցած եւ յաջողած են:

Այս ուրախ առիթով ծնողներու եւ բարեկամներու կողմէ սրտաբուխ նուիրատուութիւններ եղան: Ստորեւ` նուիրատուներուն անուանացանկը:

Տէր եւ տիկին Լեւոն Պայրամեան300 լ.ո.
Տէր եւ տիկին Աւետիս Նիկողոսեան100 լ.ո.

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Ազգային Աբգարեան Վարժարանի Ամավերջի Միացեալ Հանդէս

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?