ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Ձեր պատասխանատուութիւնները շատ են, ձեզի կը մնայ ամէն բան դասաւորել: Նոր գործի մը պիտի ձեռնարկէք, որ յաջողութեամբ պիտի պսակուի:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ձեր մէկ ծրագիրը գործադրելու համար բարեկամ մը պիտի օգնէ ձեզի, եւ յաջողութիւն պիտի ունենաք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Օրը նպաստաւոր է նիւթական հարցերը լուծելու: Խոհեմ եղէք եւ ամէն ինչ լաւ կ՛ընթանայ:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ձեր շուրջը կրնան ստեղծուիլ անհամաձայնութիւններ եւ հակադարձութիւններ. ձեր հանդարտ խառնուածքին շնորհիւ` բոլոր հարցերը պիտի լուծուին:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ամիսը լաւ սկսելու համար պիտի ունենաք լաւ պայմաններ, բախտը ձեզի հետ է:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Յաջողութեան օր մըն է, ուրախանալու զանազան առիթներ պիտի ներկայանան: Սիրուած էք ձեր շրջապատին կողմէ:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Անձնական կամ գործի մէջ լաւ նորութիւններ պիտի ունենաք, որոնք ձեր կեանքը բոլորովին պիտի փոխեն:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Այս ամիս նորանոր փոփոխութիւններ պիտի պատահին, որոնք ձեր պաշտօնին ալ բարձրացում պիտի բերեն:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Այս օրերուն շռայլ էք, բայց մտածեցէք ձեր արձակուրդին մասին: Խնայողութեամբ կրնաք հաճելի ճամբորդութիւն մը ընել:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ընտանիքին մէջ կրնաք անհասկացողութիւն ունենալ: Խոհեմութեամբ կրնաք բոլոր հարցերը լուծել:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ձեր շրջապատը ձեր վրայ մեծ յոյսեր դրած է: Լաւ է օգտակար ըլլալը, սակայն ձեր հանգիստի մասին ալ մտածեցէք:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Նոր լուսինը առիթ պիտի տայ ձեզի` նոր յարաբերութիւններ ունենալու. օգտագործեցէք առիթը:
