
ՄԱՆՍՈՒՐ ՇԸՊԼԻ
Կազմակերպութեամբ «Ա. Թ. Սէ. Էլ.»-ին նախորդ շաբաթավերջին «Փիթ Սթափ» վազքուղիին վրայ (Զուք Մոսպեհ) տեղի ունեցաւ Լիբանանի քարթինկի ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանը` տարբեր տարիքի դասակարգերուն մէջ:
8-10 տարեկան դասակարգին մէջ (10 լեփ) առաջին հանդիսացաւ Ռայան Խընայսեր, 11-13 տարեկան դասակարգին մէջ (12 լեփ)` Ճէյ Նաամէ, 12-15 տարեկան դասակարգին մէջ (20 լեփ)` Քրիսթոֆ Ռըզք, 15 տարեկանին մէջ (22 լեփ)` Մաթիաս Նըժէյմ, եւ վերջապէս «Տի. Տի. Թօ» դասակարգին էջ (22 լեփ)` Սամիր Մաթար:
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը` կազմակերպիչ ակումբին պատասխանատուներուն կողմէ: