Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Փութինէն Սուրիոյ Քաղաքական, Տնտեսական Եւ Զինուորական Աջակցութեան Խոստում Մը Ստացայ» Կ՛ըսէ Մոալլեմ

Յունիս 30, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Մոալլեմ եւ Լաւրով
Մոալլեմ եւ Լաւրով

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով իր սուրիացի պաշտօնակից Ուալիտ Մոալլեմի հետ հանդիպումէն ետք տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին շրջանի բոլոր երկիրներուն, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ կառավարութեան եւ ընդդիմադիր ուժերուն կոչ ուղղեց` ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ջանքերը միացնելու: Ան նաեւ յայտնեց, որ իր երկիրը պիտի շարունակէ  ամրապնդել Սուրիոյ պաշտպանական կարողութիւնը` ընդդէմ ահաբեկչութեան:

Ան նշեց, որ Ռուսիա միշտ կոչ կ՛ուղղէ Ժընեւի յայտարարութիւնը եւ սուրիական տագնապի լուծման ռուսական նախաձեռնութիւնը գործադրելու` աւելցնելով, որ իր երկրին ջանքերը համահունչ են Եգիպտոսի ջանքերուն:

Ռուսական դիւանագիտութեան պետը յայտարարեց, որ իր երկիրը պատրաստ է սուրիական կառավարութեան եւ ընդդիմութեան միջեւ «Մոսկուա-3» հանդիպումը հովանաւորելու:

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մոալլեմ իր կարգին յայտնեց. «Ահաբեկչութեան դէմ պայքարի Սէուտական Արաբիոյ, Թուրքիոյ, Քաթարի եւ Միացեալ Նահանգներու դաշինքը մեծ հրաշքի կը կարօտի, որովհետեւ այդ պետութիւնները Սուրիոյ դէմ դաւ նիւթեցին եւ ահաբեկչութիւնը զինեցին, սակայն եթէ այդ երկիրներուն մօտ անկեղծ մտադրութիւն եւ ահաբեկչութեան աջակցութեան դադրեցում գոյութիւն ունի, ապա կարելի է հրաշքի մասին խօսիլ»:

Սուրիական դիւանագիտութեան պետը յայտարարեց, որ Դամասկոս համաձայն է Մոսկուայի մէջ երկխօսութեան նոր հանգրուանին` նշելով. «Մոսկուա-1»-ը, «Մոսկուա-2»-ն ու «Մոսկուա-3»-ը Ժընեւի յաջող ժողովի մը պատրաստման ամէնէն ապահով ձեւն է»:

Մոալլեմ նաեւ յայտարարեց. «Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինէն ստացանք Սուրիոյ քաղաքական, զինուորական եւ տնտեսական աջակցութեան խոստում մը»:

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Քրեմլինի մէջ Մոալլեմի հետ իր հանդիպումին ընթացքին յայտնած էր, որ Սուրիոյ ղեկավարութեան նկատմամբ Ռուսիոյ աջակցութիւնը չէ փոխուած եւ սուրիացի ժողովուրդի յաղթանակին նկատմամբ վստահութիւն յայտնած էր:

 

 

Նախորդը

Ի Յարգանս Ներսէս Պետրոս Ժթ. Կաթողիկոս Պատրիարքին Վախճանումին

Յաջորդը

5 Յուլիսին. Յունաստանի Մէջ Հանրաքուէ` Վարկատուներու Առաջարկներուն Վերաբերեալ

RelatedPosts

Ռիատի Մէջ Միացեալ Նահանգներ-Ծոցի  Երկիրներ Վեհաժողովը Կազայի Պատերազմին  Վերջ Տալու Անհրաժեշտութիւնը Ընդգծեց
Միջազգային

Ռիատի Մէջ Միացեալ Նահանգներ-Ծոցի Երկիրներ Վեհաժողովը Կազայի Պատերազմին Վերջ Տալու Անհրաժեշտութիւնը Ընդգծեց

Մայիս 15, 2025
Ռիատի Մէջ Թրամփ-Շարհ-Պըն  Սալման-Էրտողան Ժողով
Գլխաւոր լուրեր

Ռիատի Մէջ Թրամփ-Շարհ-Պըն Սալման-Էրտողան Ժողով

Մայիս 15, 2025
Փեսքով. «Ռուսիա-Հայաստան Յարաբերութիւնները Չեն Ընդհատուած Եւ Չեն Կրնար Ընդհատուիլ»
Միջազգային

Փեսքով. «Ռուսական Պատուիրակութիւնը Պոլսոյ Մէջ Պիտի Սպասէ Ուքրանիոյ Ներկայացուցիչներուն»

Մայիս 15, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?