Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի միջեւ տեղի ունեցած է հեռաձայնային հաղորդակցութիւն:
Երկու երկիրներու նախագահները քննարկած են երկկողմանի յարաբերութիւնները, շրջանային եւ միջազգային զարգացումները:
Էրտողան հաստատած է Անգարայի պատրաստակամութիւնը` աջակցելու Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ պատերազմը դադրեցնելու համար դիւանագիտական բանակցութիւններու վերսկսման ջանքերուն:


