Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

5 Յուլիսին. Յունաստանի Մէջ Հանրաքուէ` Վարկատուներու Առաջարկներուն Վերաբերեալ

June 30, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

greek-bank_2246486bԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ Յունաստանի նախագահ Փրոքփիս Փաւլոփուլոս 5 յուլիսին վարկատուներու առաջարկներուն վերաբերեալ հանրաքուէ կատարելու մասին հրամանագիր ստորագրած է: Հրամանագիրը հրապարակուած է Յունաստանի «Կառավարական թերթ»-ին մէջ եւ հրապարակումէն ետք մտած է ուժի մէջ:

«Քուէարկութեան հոլովոյթը տեղի պիտի ունենայ նոյն ընտրատեղամասերուն մէջ, նոյն ընտրական յանձնախումբերուն կազմով եւ մասնակցութեամբ դատական իշխանութիւններուն, որոնք նշանակուած էին 25 յունուար 2015-ին համընդհանուր խորհրդարանական ընտրութիւններ կատարելու համար», նշուած է հրամանագիրին մէջ:

Քուէարկութենէն մէկ օր առաջ եւ քուէարկութեան օրը մինչեւ ժամը 19:00 լրատուամիջոցներուն կ՛արգիլուի հրապարակել որեւէ նիւթ, որ կրնայ ազդել քուէարկողներու ընտրութեան վրայ:

Միւս կողմէ, երէկ Յունաստանի բոլոր դրամատուները փակ մնացին: Անոնք պիտի շարունակեն փակ մնալ մինչեւ յաջորդ երկուշաբթի, իսկ դրամատնային մեքենաները պիտի սկսին աշխատիլ միայն 30 յունիսէն սկսեալ:

Իշխանութիւնները այդ որոշումը տուած էին ստեղծուած խուճապի մթնոլորտին պատճառով. բնակչութիւնը կը ջանար արագօրէն հանել դրամատուներուն մէջ իր պահ դրած գումարները:

Երէկ Աթէնքի սակարանը եւս չաշխատեցաւ: Դրամատնային մեքենաներէն կարելի է քաշել օրական միայն 60 եւրօ: Կը սահմանափակուին միջդրամատնային փոխանցումները: Սակայն այդ ամէնը անդրադարձ պիտի չունենայ զբօսաշրջիկներուն վրայ:

Lenta.ru կայքը կը հաղորդէ, որ յունական կառավարութեան որդեգրած միջոցառումներուն պատճառով Եւրոպայի դրամատուները մէկ օրուան մէջ 50 միլիառ եւրօ կորսնցուցած են: Ստեղծուած կացութեան լոյսին տակ Բրիտանիոյ վարչապետ Տէյվիտ Քամերոն հրաւիրած է կառավարութեան արտակարգ նիստի մը քննարկելու համար յունական ճգնաժամին հաւանական հետեւանքները:

 

 

 

Նախորդը

«Փութինէն Սուրիոյ Քաղաքական, Տնտեսական Եւ Զինուորական Աջակցութեան Խոստում Մը Ստացայ» Կ՛ըսէ Մոալլեմ

Յաջորդը

Թուրքիոյ Ազգային Ապահովութեան Խորհուրդի Ժողով

RelatedPosts

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը  Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի

October 29, 2026
Թրամփ. «Շատ Շուտով Փութինի Եւ Զելենսքիի  Միջեւ Ժողով Մը Պիտի Դասաւորուի»
Միջազգային

Թրամփ. «Շատ Շուտով Փութինի Եւ Զելենսքիի Միջեւ Ժողով Մը Պիտի Դասաւորուի»

October 29, 2026
Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի.  Քաթարցի Միջնորդները Կիրակի Օր Թեհրանի Մէջ  Համաձայնութեան Նոր Նախագիծ Մը Ներկայացուցած Են
Միջազգային

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի. Քաթարցի Միջնորդները Կիրակի Օր Թեհրանի Մէջ Համաձայնութեան Նոր Նախագիծ Մը Ներկայացուցած Են

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.