Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (30 Յունիս 1965)

Յունիս 30, 2015
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանահայ Կեանք

Ճեմարանականներու Օրը

Նշան Փալանճեան ճեմարանի Շրջանաւարտներու միութեան վարչութեան կազմակերպած Ճեմարանականներու օրը տեղի ունեցաւ 27 յունիս 1965-ի կիրակին, Ճեմարանի մէջ:

Օրուան յայտագրին առաջին մասը` Անդամական Ընդհանուր ժողով, տեղի ունեցաւ կէսօրէ առաջ ժամը 10:30-էն սկսեալ, «Վասպուրական» սրահին մէջ:

Ժողովին ներկայ գտնուեցան աւելի քան 70 երկսեռ անդամներ:

Միաձայնութեամբ դիւանի նախագահ ընտրուեցաւ տոքթ. Բ. Փափազեան եւ քարտուղարուհի` Սոնա Ճէրէճեան:

Ժողովը լսելէ ետք ընդհանուր դիմումնագիրը նոր շրջանաւարտներուն, խանդավառ ծափերով ընդունեց անոնց մուտքը միութեան շարքերէն ներս:

Այնուհետեւ, համերաշխ մթնոլորտի մէջ ժողովը իր աշխատանքները աւարտեց եւ օրակարգի բոլոր կէտերը գտան իրենց լաւագոյն լուծումը:

Միաձայնութեամբ ընտրուեցաւ նոր վարչութիւնը:

Նորընտիր վարչութիւնը նոյն օրն իսկ իր առաջին նիստին կազմեց դիւանը.- տոքթ. Յակոբ Եագուպեան` ատենապետ, Յարութիւն Պալեան` փոխատենապետ, Անահիտ Փոլատեան` քարտուղարուհի, Արաքսի Շահինեան` գանձապահուհի, Մարի-Լուիզ Ճէյիրճեան, Զոհրապ Պոսնոյեան եւ Յակոբ Թորիկեան` խորհրդականներ:

Յայտագրին երկրորդ` երեկոյթի բաժինը տեղի ունեցաւ երեկոյեան ժամը 8:30-էն սկսեալ, Ճեմարանի շքեղազարդ բակին մէջ:

Ախորժաբերէն ետք, ճեմարանականներ, շրջանաւարտ ու թերաւարտ, իրենց ընտանեկան պարագաներով, աւելի քան 200 հոգի բոլորուեցան սեղաններու շուրջ:

Երեկոյթին պաշտօնական բաժինը վարեց նախագահ տոքթ. Բ. Փափազեան:

Պաշտօնապէս ընդունուեցան նոր շրջանաւարտները եւ անոնց դասարանը մկրտուեցաւ Ճեմարանի հիմնադիր սիւներէն Գասպար Իփէկեանի անունով:

Տոքթ. Բ. Փափազեան յաջորդաբար խօսք տուաւ` Գառնիկ Բանեանին, տոքթ. Յ. Գեղարդին, տնօրէն Ս. Վրացեանին եւ Գոհար Յովհաննէսեանին:

Խօսք առին նաեւ նախկին վարչութեան ատենապետ Զարեհ Սրուզեան եւ նորընտիր վարչութեան ատենապետ տոքթ. Յ. Եագուպեան: Ապա տեղի ունեցաւ պաշտօնական փոխանցումը միութեան կնիքին: Ճաշկերոյթէն ետք սկսաւ երեկոյթին պարանցիկ անպաշտօն բաժինը:

Խանդավառ մթնոլորտի մէջ երեկոյթը տեւեց մինչեւ ուշ գիշեր, եւ աւանդական սովորութիւն դարձած Ճեմարանականներու օրը վերջ գտաւ լաւագոյն տպաւորութիւններով:

ՀՐԱԶԴԱՆ

 

Երգիծանքը
Երկաթէ Վարագոյրի Ետին

Մոսկուայի մէջ հնդիկ  դիւանագէտ մը ռուս լրագրողի մը կ՛ըսէ.

– Չեմ կարծեր, որ ընկեր Պրեժնեւի բոլոր ըսածները սուտ ըլլան: Գէթ կէսը ճիշդ ըլլալու է…:

Ռուս լրագրողը շուրջը ակնարկ մը նետելէ ետք ցած ձայնով կը հարցնէ.

– Այո՛… բայց ո՞ր կէսին պէտք է հաւատալ:

***

Անգլիացի լրագրող մը Սայկոնի մէջ կը զրուցէ երկու վիեթնամցիներու հետ. մէկը համայնավար, միւսը` հակահամայնավար:

– Ինչո՞ւ համայնավար ես,- կը հարցնէ լրագրողը առաջինին:

– Որովհետեւ կը հաւատամ, որ համայնավարութիւնը երջանկութիւն ու բարօրութիւն պիտի բերէ մեր ժողովուրդին,- կը պատասխանէ համայնավարը:

– Իսկ դուն ինչո՞ւ համայնավարութեան դէմ ես,- հարց կու տայ լրագրողը երկրորդին:

– Որովհետեւ ճիշդ հակառակին համոզուած եմ,- կը յարէ երկրորդը:- Համայնավարութիւնը դժբախտութիւն ու թշուառութիւն պիտի բերէ մեր ժողովուրդին:

***

Վիեննայի մէջ հունգար գաղթական մը կ՛ըսէ իր աւստրիացի բարեկամին.

– Երկաթեայ վարագոյրին ետին ապրող ժողովուրդները ձեզմէ աւելի քիչով կը գոհանան:

– Ինչո՞ւ այդպէս կ՛ըսես,- կը հարցնէ աւստրիացին:

– Որովհետեւ տասը տարի առաջ, երբ ֆրանսացի, անգլիացի, ամերիկացի եւ ռուս գրաւիչները հեռացան Աւստրիայէն, դուք չուրախացաք:

– Ճիշդ ես,- կը յարէ աւստրիացին:

– Իսկ հունգարներս աշխարհի ամէնէն երջանիկ մարդիկը պիտի նկատենք մեզ, եթէ միայն մէկ գրաւիչը հեռանայ մեր երկրէն,- կը յարէ հունգարացին:

 

«Ազդակ»
39-րդ Տարուան Սեմին

Ֆրանսայի ՀՅ դաշնակցութեան «Նոր սերունդ»-ի օրկան «Հայաստան» շաբաթաթերթի 10 յունիսի թիւին մէջ Ժ. Միրիճեան վերի խորագրին ներքեւ կը գրէ.

Պէյրութի մեր պաշտօնակիցը` «Ազդակ», յունիս 1-ին թեւակոխեց իր հրատարակութեան 39-րդ տարին:

Եւ դարձաւ պաշտօնական օրկանը ՀՅ դաշնակցութեան Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին:

Երեսունեւութ տարիէ ի վեր, իբրեւ մեր կազմակերպութեան կիսապաշտօնական օրկաններէն մին եւ հայ ժողովուրդի ու Հայ դատի ծառայութեան կոչուած ամէնէն գաղափարանուէր հրատարակութիւններէն մէկը, «Ազդակ», ի շարս դաշնակցական միւս թերթերուն, խորհրդանշեց ազգային մեր կենսունակութիւնը, ցեղային մեր արթնութիւնն ու հաւատքը, Դաշնակցութեան նուիրումի եւ զոհաբերութեան ոգին:

«Ազդակ»-ի հրատարակութիւնը անհրաժեշտ պահանջի մը արդիւնքն էր: Այդ օրերուն Մերձաւոր եւ Միջին Արեւելքի մէջ համախմբուած եւ յատկապէս Սուրիոյ ու Լիբանանի մէջ կեդրոնացած տարագիր ու աստանդական հոծ զանգուած մը, հիւծած ու շուար, վերապրումի առաջին փորձերը կը կատարէր:

Գաղութը 38 տարի առաջ դեռ նոր կը սկսէր գոյն եւ դիմագիծ ստանալ: Ձեւ ու մարմին առնել` հիմնելով ազգային կրթարաններ, եկեղեցիներ, ակումբներ եւ մամուլ:

«Ազդակ», ինչպէս բովանդակ դաշնակցական մամուլը, հրապարակ ելաւ սրբազան պարտականութիւն մը կատարելու գիտակցութեամբ ու վճռակամութեամբ:

Եւ իբրեւ դրամագլուխ ունեցաւ միայն յեղափոխական աւանդութիւններու կառչած սերունդի մը հոգեկան արիութիւնը, նուիրումի եւ զոհաբերութեան ոգին: Այդ սերունդին հաւատքը` ապագայի նկատմամբ:

Իր դրամագլուխը կազմեց նաեւ մեր կազմակերպութեան` ՀՅ դաշնակցութեան հմայքը եւ, մանաւանդ, Դաշնակցութեան ազգային հանգանակը:

Ու հակառակ իր դէմ ցցուած խութերուն եւ խիճերուն, վարկպարազի մարդոց եւ կազմակերպութիւններու վլվլուկներուն, կարմիր խորշակին զոհ դարձած դաւալիքներու յոռետես կանչերուն, «Ազդակ» երեսունեւութ տարի շարունակաբար կատարեց իր կոչումին համապատասխան աշխատանք մը` թրծելով եւ դաստիարակելով ամբողջ սերունդ մը Միջին Արեւելքի այդ ափերուն վրայ:

Դարձաւ հայելին ընդհանրապէս Սուրիոյ եւ յատկապէս Լիբանանի հայ կեանքին:

Եղաւ կեդրոնաձիգ եւ խանդավառ բեմ մը` հին, միջին եւ նոր սերունդներուն համար:

Եղաւ դրօշակակիրներէն մին` մեր ազգային գաղափարախօսութեան:

Եւ նաեւ խորհրդանշեց մեր ապրելու, տոկալու, պայքարելու ձգտումները:

Դառնալով կուսակցական պաշտօնաթերթ` «Ազդակ», այսուհետեւ, առաւել եւս պիտի շարունակէ ամուր կառչիլ դաշնակցական մամուլին հին, բայց մի՛շտ թարմ նշանաբանին. ազգային շահերու պաշտպանութեան դիրքերուն վրայ ո՛չ մէկ տատամսում եւ ո՛չ մէկ ընկրկում:

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Հայ Աւետ. Կէրթմէնեան Վարժարանի Մանկապարտէզի Հանդէս

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In