
Քանատայի մէջ տեղի ունեցող 2015-ի աղջկանց Մոնտիալին ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան քառորդ աւարտականի ճակատումները:
Անգլիա ապահովեց կիսաւարտականի իր տոմսը` 2-1 արդիւնքով յաղթելով հիւրընկալ երկրին` Քանատայի: Մրցումին չորս կոլերն ալ նշանակուեցան Ա. կիսախաղին:
Ճափոն 1-0 արդիւնքով յաղթեց Աւստրալիոյ, Միացեալ Նահանգներ` Չինաստանի (1-0), մինչ չորրորդ եւ վերջին մրցումին Գերմանիա` Ֆրանսայի, փենալթիներով (5-4):
Կիսաւարտականին Անգլիա կը մրցի Ճափոնի դէմ, մինչ Գերմանիա` Միացեալ Նահանգներու դէմ: