
Չիլիի մէջ տեղի ունեցող «Քոփա Ամերիքա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին յստակացաւ կիսաւարտականին հասնող չորրորդ խումբին անունը:
Քառորդ աւարտականի վերջին մրցումին, Պրազիլ եւ Փարակուէյ իրարու դէմ ճակատելով 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեցին:
Ռոպինիօ նշանակեց Պրազիլի կոլը (15-րդ), մինչ Տերլիս Կոնզալես` Փարակուէյի հաւասարութեան կոլը (72-րդ` փենալթիով):
Դիմուեցաւ անխուսափելիին` փենալթիներուն եւ Փարակուէյ 4-3 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով մրցաշարքէն դուրս ձգեց Պրազիլը:
Նշենք, որ ըստ «Քոփա Ամերիքա»-ի օրէնքներուն, եթէ փլէյ-օֆի մրցումներուն 90 վայրկեանի ընթացքին որեւէ խումբ յաղթանակ չկարենայ արձանագրել, ուղղակի կը դիմուի փենալթիներուն` առանց 15 վայրկեաննոց երկարաձգումի: Երկարաձգում տեղի կ՛ունենայ միայն աւարտական մրցումին:
Կիսաւարտականի իր տոմսը ապահովելով` Փարակուէյ այժմ պիտի մրցի Արժանթինի դէմ, որ իր կարգին փենալթիներով` 5-4 արդիւնքով յաղթեց Քոլոմպիոյ: Մրցումին 90 վայրկեանները աւարտեցան 0-0 արդիւնքով: