Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիա Սուրիոյ Մէջ Ապահովական Գօտի Ստեղծելու Կարելիութիւնը Կը Քննարկէ

June 29, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Թուրքիա Երբեք Պիտի Չարտօնէ, Որ Իր Հարաւային
Սահմաններուն Վրայ Ստեղծուի Քրտական Պետութիւն»

Կը Յայտարարէ Էրտողան

Էրտողան
Էրտողան

ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած է, որ իր երկիրը երբեք պիտի չարտօնէ, որ իր հարաւային սահմաններուն վրայ` Սուրիոյ մէջ ստեղծուի քրտական պետութիւն:

«Թուրքիան երբեք պիտի չարտօնէ, որ Սուրիոյ հիւսիսը` Թուրքիոյ հարաւային սահմաններուն մօտ ստեղծուի քիւրտերու պետութիւն: Անգարան ի գործ պիտի դնէ բոլոր կարելի ջանքերը, որպէսզի այդ նախագիծը երբեք չիրականացուի, ինչ որ ալ ըլլայ հարցին գինը», ըսած է Էրտողան:

Էրտողանի յայտարարութիւնը կը յաջորդէ ՏԱՀԵՇ¬ի զինեալներուն դէմ մարտերուն ընթացքին քիւրտ զինեալներու արձանագրած զգալի յաջողութիւններուն: Ան Արեւմուտքը ամբաստանեց իր երկրին սահմանին վրայ «քիւրտ ահաբեկիչներ» տեղադրելու յանցանքով:

Քիւրտ զինեալներ շաբաթ օր ետ մղեցին Արաբ Բունարի դէմ ՏԱՀԵՇ¬ի զինեալներուն շղթայազերծած յարձակումը եւ քաղաքը վերստին առին իրենց ամբողջական վերահսկողութեան տակ:

Միւս կողմէ, թրքական «Միլլիյէթ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Թուրքիան կը քննարկէ Հալէպ, Իտլիպ քաղաքներու եւ թրքական սահմանին մօտ, ինչպէս նաեւ սահմանամերձ Արաբ Բունար, Ճարապլուս շրջաններուն մէջ անվտանգութեան գօտի ստեղծելու կարելիութիւնը Թրքական բանակը արդէն դիմած է կառավարութեան` նման որոշում տալու պահանջով:

Նախապէս Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու ՄԱԿ¬ին կոչ ուղղած էր` Սուրիոյ տարածքին անվտանգութեան գօտի ստեղծելու մասին որոշում տալու:

«Միլլիյէթ» նաեւ կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը երկրին սահմանը ապահովելու նպատակով առաջարկած է 3,5 մեթր բարձրութեամբ պեթոնէ պատ կառուցել: Ատոր նպատակը պիտի ըլլայ ահաբեկիչներու Թուրքիոյ տարածք մուտքը կանխարգիլել:

«Հիւրրիյէթ» օրաթերթը իր կարգին հաղորդեց, որ 12 հազար զինուորներ պատրաստ են Սուրիոյ մէջ միջամտելու անվտանգութեան գօտի ստեղծելու համար:

 

Նախորդը

Յունաստանի Մէջ Դրամատուները Այսօր Պիտի Մնան Փակ

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Սաֆաւի. «Իրան Պիտի Շարունակէ  Ամբողջութեամբ Վերահսկել  Հորմուզի Նեղուցին»
Գլխաւոր լուրեր

Սաֆաւի. «Իրան Պիտի Շարունակէ Ամբողջութեամբ Վերահսկել Հորմուզի Նեղուցին»

September 25, 2026
Փեսքով. «Թրամփի Ռուսիա Այցելելու  Փութինի Հրաւէրը Ուժի Մէջ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Քրեմլին Տակաւին Կանուխ Կը Նկատէ «Քսաններու Խմբակ»-ի Վեհաժողովի Ծիրին Մէջ Փութին-Թրամփ Հանդիպման Մասին Խօսիլը

September 25, 2026
Չինաստան Եւ Միացեալ Նահանգներ  Պէտք Է Գործեն Հակամարտութիւնները Բացառելով
Միջազգային

Չինաստան Եւ Միացեալ Նահանգներ Պէտք Է Գործեն Հակամարտութիւնները Բացառելով

September 25, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.