Յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին, լիբանանեան համալսարաններու մարզական ֆետերասիոնը յայտնեց, որ լիբանանեան համալսարաններու մարզական մէկ պատուիրակութիւնը իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ 1-13 յուլիսին Կուանկ Ժուի մէջ (Հարաւային Քորէա) տեղի ունենալիք Ամառնային Եունիվերսիատի մարզական խաղերուն:
Լիբանանեան համալսարաններու այս պատուիրակութիւնը կ՛ընդգրկէ 70 մարզիկներ, մարզիչներ եւ պատասխանատուներ:
Լիբանանցիք պիտի մասնակցին շարք մը մարզախաղերու, որոնց կարգին` թենիս, փինկ փոնկ, լողարշաւ, աթլեթիզմ, թեքուանտօ, ժիւտօ, եւ այլն:
Նշենք, որ լիբանանեան պատուիրակութիւնը Հարաւային Քորէա կը մեկնի 30 յունիսին: