
Պաքուի մէջ տեղի ունեցող եւրոպական առաջին խաղերը կը մօտենան իրենց աւարտին:
Թէեւ այդ խաղերուն վերջին մրցումները տեղի պիտի ունենան վաղը` կիրակի, 28 յունիսին, բայց հայ մարզիկները արդէն իսկ աւարտած են իրենց ելոյթները, կը յայտնէ ArmSport.am:
Ընդհանուր առմամբ Ազրպէյճանի մայրաքաղաքին մէջ ելոյթ ունեցան Հայաստանը ներկայացնող 25 մարզիկներ, որոնք հանդէս եկան 6 մարզաձեւերու մէջ` թեքուանտօ, հրացանաձգութիւն, սամպօ, Ժիւտօ, կռփամարտ եւ ըմբշամարտ:
Հայաստան եւրոպական խաղերուն տիրացաւ միայն մէկ արծաթ մետալի, որուն արժանացաւ յունահռոմէական ոճի 66 քկ մրցումներուն մասնակցած Միհրան Յարութիւնեան:
Մետալի տիրանալու մօտ էր դասական ըմբիշ մը եւս` Մաքսիմ Մանուկեան (85 քկ), որ պարտուեցաւ պրոնզ մետալի համար իր մղած պայքարին:
Ազատ ոճի ըմբիշ Լեւան Պերիանիցէ (125 քկ) իր կարգին ձախողեցաւ պրոնզ մետալի տիրանալ:
Հայ 6 կռփամարտիկներէն միակ յաղթանակը տօնեց Նարեկ Աբգարեան, որ սակայն պարտուեցաւ յաջորդ մենամարտին:
Բաւական ձախող արդիւնքներ արձանագրեցին նաեւ ժիւտոյի մարզաձեւին մասնակցող հայ մարզիկները, ինչպէս նաեւ սամպօ խաղացողները:
ArmSport.am իր լուրը կ՛եզրափակէ նշելով, որ հայրենի բազմաթիւ մարզիկներ արդէն վերադարձած են Հայաստան: Պաքուէն վերջին մեկնողները պիտի ըլլան ժիւտոյի մարզիկները եւ հայկական պատուիրակութեան պատասխանատուները: