Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (26 Յունիս 1965)

Յունիս 26, 2015
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Համազգայինի Ընդունելութիւնը
Ի Պատիւ Ժորժ Սարգիսեանի

Հայ թատրոնին եւ ընդհանրապէս հայ մշակոյթին փառաւորման նուիրուած հաւաքոյթ մը եղաւ այն ընդունելութիւնը, որ տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 24 յունիս, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Համազգայինի Նշան Փալանճեան Ճեմարանի պարտէզին մէջ, կազմակերպութեամբ Համազգայինի մշակութային ընկերութեան Կեդրոնական վարչութեան:

Այս իրողութիւնը շեշտուեցաւ ոչ միայն բոլոր անոնց կողմէ, որոնք խօսք առին ընդունելութեան ընթացքին, այլ նաեւ` այն անձին, որուն ի պատիւ կազմակերպուած էր հաւաքոյթը, Լիբանանի Հանրապետութեան  նախագահին կողմէ իրեն շնորհուած «Մայրիներու ազգային կարգի ասպետ»-ի շքանշանի պաշտօնական յանձնումին առթիւ:

Արդարեւ, այս շքանշանը, հանդիսանալով հանդերձ բարոյական վարձատրութիւնը այն անխոնջ աշխատանքին եւ անձնդիր նուիրումին, որուն օրինակելի վկայութիւնը տուաւ Ժորժ Սարգիսեան իր բազմամեայ գործունէութեան ընթացքին, նոյն ատեն կ՛ըլլար արտայայտութիւնը լիբանանեան կառավարութեան գնահատանքին ու գուրգուրանքին` հանդէպ այն բոլոր գործերուն, որոնք գեղարուեստական ապրումի կը տանին ժողովուրդը, այս պարագային` թատրոնի ազնիւ ճամբով:

Ընդունելութիւնը, որուն ներկայ էին Լիբանանի հայոց առաջնորդ Տաճատ արք. Ուրֆալեան, պետական երեսփոխանականներ Մովսէս Տէր Գալուստեան եւ Անտրէ Թապուրեան, Համազգայինի բոլոր մասնաճիւղերու եւ մշակութային բազմաթիւ հաստատութեանց ներկայացուցիչներն ու հարիւրաւոր հրաւիրեալներ, որոնք «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի հաւատարիմ հանդիսականները կը հանդիսանան տասնամեակներէ ի վեր, տեղի ունեցաւ շատ ջերմ եւ զուարթ մթնոլորտի մէջ:

Բացումը կատարեց Ազգային Կեդրոնական վարչութեան նախագահ եւ Ն. Փալանճեան Ճեմարանի տնօրէն Ս. Վրացեան, որ առաւելաբար ծանրացաւ այս գեղեցիկ երկրին ընծայած մշակութային զարգացման յատուկ ազատութիւններուն վրայ` ընդգծելով, որ Համազգայինը եւ ընդհանրապէս հայ ժողովուրդը իրենք զիրենք պատուըւած կը զգան լիբանանեան սիրելի հայրենիքի իշխանութեանց կողմէ եղած այս գնահատանքին համար:

Յակոբ Իսկենտերեան, որ կը վարէր հաւաքոյթը, ապա խօսքը տուաւ Թեհրանի լիբանանեան դեսպան Ապտել Ռահման Ատրայի, որ մօտէն ծանօթ է «Գասպար Իփէկեան» խումբին եւ մեծ ծառայութիւններ մատուցած է Թատերասէրներուն` անոնց Թեհրան այցելութեան ընթացքին:

Ա. Ատրա դրուատեց հայ ժողովուրդին մշակութային արժէքները եւ բանաստեղծի ազնիւ ոգիով մը իր գնահատանքը յայտնեց կատարուած գործի մեծութեան համար:

Թատերասէրներուն կողմէ խօսք առաւ Սուրէն Շանթ եւ պատմականը ընելէ ետք թատերախումբի կեանքին, շնորհակալութիւն յայտնեց լիբանանեան պետութեան` այս բացառիկ պատիւին համար:

Այնուհետեւ, կրթական եւ գեղարուեստից նախարարութեան տնօրէն Ժորժ Սաատէ, յանուն լիբանանեան կառավարութեան, շքանշանը անցուց Ժորժ Սարգիսեանի կուրծքը եւ ողջագուրուեցաւ:

Ի վերջոյ, խօսք առաւ Ժորժ Սարգիսեան, որ ֆրանսերէն լեզուով, յստակ ու զուսպ, ինչպէս գիտէ ըլլալ իր բոլոր դերերուն մէջ, շնորհակալութիւն յայտնեց հանրապետութեան նախագահին եւ կրթութեան նախարարին` այն պատիւին համար, որուն արժանի կը դարձնեն իր անձը, եւ իր անձին  ընդմէջէն` թատերական ամբողջ շարժում մը` ի ծառայութիւն Լիբանանի:

«Այս շքանշանը,- ըսաւ Ժորժ Սարգիսեան, որ խօսեցաւ նաեւ հայերէն լեզուով,- այնքան ուրախութիւն պիտի չպատճառէր ինծի, եթէ տրուած ըլլար միայն անձիս: Բայց այսօր անով պատուըւած կ՛ըլլան, իմ անձիս միջոցով, նախ մեծանուն թատերագիր Լ. Շանթ, որ մեր խումբին գտած յաջողութեան հիմնական լծակը հանդիսացաւ իր անմահ գործերով, Գասպար Իփէկեան, որուն կը պարտինք այս խումբին կազմութիւնն ու առ հասարակ` թատրոնի հանդէպ հետաքրքրութիւնը, որ ստեղծուեցաւ այս գաղութին մէջ, մեր խումբի բոլոր անդամները, ու նաեւ բոլոր այն թատերական խումբերը, որոնք կը գործեն Լիբանանի մէջ, ամէնէն մեծէն մինչեւ փոքրը. մէկ խօսքով` մշակութային մեր բոլոր հաստատութիւնները:

«Այս շքանշանը թող խորհրդանիշ մը ըլլայ, խթան մը, որպէսզի մենք աւելի հոգեւին փարինք գործին` ի փառս հայ մշակոյթին եւ ի ծառայութիւն լիբանանեան հայրենիքին»:

Այնուհետեւ ներկաները ջերմօրէն շնորհաւորեցին Ժորժ Սարգիսեանը` մաղթելով ուժ եւ կորով իր գեղեցիկ գործին յարատեւման եւ վայելքին ի խնդիր:

Տ.

 

«Արմենիա» Երգի-Պարի Խումբին Ելոյթը
Նահր-Քելպի Մէջ

Երէկ գիշեր «Ուատի Ֆենիսիա»-ի (Նահր-Քէլպ) կախարդական մթնոլորտին մէջ տեղի ունեցաւ «Արմենիա» երգի ու պարի խումբին առաջին ելոյթը` նախագահութեամբ Լեռնալիբանանի կուսակալ Ֆաուզի Պարտաուիլի:

Մեծ թիւով հանդիսականներ ներկայ գտնուեցան այս երեկոյթին, որուն կը մասնակցէին բազմաթիւ արուեստագէտներ:

Հայկական պարերն ու երգերը ընդհանրապէս լաւ էին ու հաճելի: Սարգիս Շաթրեան, իբրեւ  խմբավար, յաջողութեամբ կատարեց իր գործը: Մկրտիչ Չոլաքեանի պարային մասնագիտութիւնը արդիւնաւորուեցաւ: Բայց գլխաւորաբար երեկոյթին փայլը աւելցուցին Ժանեթ Գույումճեան եւ Արա Կիրակոսեան, առաջինը իր վճիտ ձայնով, երկրորդը` զօրեղ ու տիրական:

Կ՛արժէ տեսնել այս գեղարուեստական երեկոյթը, բայց որպէսզի յաջորդ ելոյթները ըլլան նուազ խոցելի, անհրաժեշտ է սրբագրել կարգ մը թերիներ:

Նախ բարձրախօսները պէտք եղածին պէս չգործածուեցան: Ժանեթ Գույումճեանի եւ Լեւոն Գաթրճեանի առաջին երգերը չլսուեցան:

Երկրորդ ու հիմնական դիտողութիւն. երգչախումբի մասը շատ երկար էր: Կարելի չէ ժամ մը ամբողջ, նման երեկոյթի մը ընթացքին, համերգ տալ: Համերգի տեղ չէ հոն: Մանաւանդ երբ «Անուշ» օփերայէն հատուած մը կը տրուի: Մեր դիտողութիւնը չ՛երթար անշուշտ երգիչներուն եւ խմբավարին, այլ` գեղարուեստական պատասխանատուին:

Երէկուանը անշուշտ փորձ մըն էր: Այսօր պէտք է ուշադիր ըլլալ:

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Լիպանիզ Միւզիք Սքուլի Համերգը Ս. Լուիս Եկեղեցւոյ Մէջ

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In