Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (24 Յունիս 1965)

Յունիս 24, 2015
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մերօրեայ Հարցեր

Ի՞նչ Շահեցանք Յիսնամեակի
Համազգային Պոռթկումներէն

Թերեւս գտնուին ոմանք, որոնք «զուր ջանք եւ անօգուտ վաստակ» համարեն Մեծ եղեռնի յիսնամեակին առթիւ յայտնաբերուած համազգային բողոքի ցոյցերը: Յոռետեսները, թերահաւատները եւ գոյավիճակի տեւականութեան համոզուած կարճատեսները կրնան կարծել, թէ ապարդիւն անցան մեր բոլոր ջանքերը այս առթիւ, քանի որ անմիջական շահ մը չունեցանք: Բարեբախտաբար կը սխալին բոլոր այս կարգի մտածելակերպ ունեցողները:

Մեր քաղաքական եւ կրօնական առաջնորդները, քիչ-շատ գիտակ օրուան քաղաքական մթնոլորտին, անմիջական շահեր չէին սպասեր, վստահ էին, թէ մէկ օրէն միւսը պիտի չլուծուէր հայկական ցաւոտ հարցը, տեղեակ էին մեր առջեւ ծառացած խոչընդոտներուն, ըլլայ դարաւոր թշնամիին կամ «բարեկամ», շահապաշտներու կողմէն:

Պատահածը զարթօնք մըն էր համահայկական, սթափում մը` յիսնամեայ թմբիրէն` արդիւնք` թալէաթեան հարուածին, որ ծրագրուած էր մահացու ըլլալու, բայց որ վրիպեցաւ իր նշանակէտէն:

Եղածը սկզբնաւորութիւն մըն է նոր պայքարներու, նոր արշաւներու, որ պիտի շարունակենք ի գին ամէն զոհողութեան, առանց նկատի առնելու տարիներու թիւը եւ կամ հարկ եղած նիւթական ու բարոյական յանձնառումները:

Յիսնամեակի առթիւ մեր ըրած ջանքերը շահաբեր եղան թէ՛ ներքին եւ արտաքին ճակատներու վրայ:

Առաջին. ներքնապէս «պառակտուած» եւ աւանդաբար «անմիաբան» համարուած հայը ցոյց տուաւ աշխարհին բոլոր դիտողներուն, թէ ատակ է համախմբուելու համահայկական եւ կենսական խնդիրներու շուրջ, թէ` այնքա՛ն մը իմաստութիւն մը սորված է դարերու փորձառութենէն, որ զանազանէ էականը` մասնակի կամ երկրորդական շահերէ:

Երկրորդ նոր սերունդի ապազգայնացման առասպելը օդը ցնդեցաւ պղպջակի մը նման: Հեռաւոր ամերիկաներէն մինչեւ եւրոպական ոստանները, մինչեւ Միջին Արեւելքի արաբական աշխարհը, նոր սերունդը կողքին կեցաւ հին սերունդին եւ երբեմն տեղեր նոյնիսկ առաջնորդեց ազգային շարժումը: Ազգային ազատագրութեան դրօշը, որ ցարդ ծերացած ձեռքերով բռնուած էր, նոր ու երիտասարդական արիւնով տրոփող բազուկներ աւելի վեր բարձրացուցին զայն:

Կը մնայ մեզի զօրացնել համերաշխութեան եւ իրեր հասկացողութեան շարժումը, կը մնայ մեզի քաջալերել մեր երիտասարդներու զարթօնքը եւ անոնց համախմբումը համազգային նշանախօսքերու դիւթանքին տակ, մոռցնելու աշխատելով պիտակներու տրուած անվայել առաջնութիւնը: Մինչեւ Հայ դատի արդար եւ բանաւոր լուծումը` ամօթ է, յիմարական է կուսակցական նախասիրութիւններու գզվըտուքը…

Արտաքին ճակատի վրայ նախ թուրքերը շառաչուն ապտակ մը ստացան «մեռած» կարծուած հայութենէն: Իրենց թերթերուն եւ պաշտօնական անձնաւորութիւներուն տուած պատասխանները` հայկական փաստուած ամբաստանութիւններուն, տղայական են, չըսելու համար` յիմարական: Իբր թէ հայերը թուրք բանակին կռնակը կտրած են, իբր թէ հայերը երկու միլիոն իսլամներ ջարդած են արեւելեան  նահանգներու մէջ… Անկարելի է պատմութիւնը խեղաթիւրել: Առաջին ընդհանուր պատերազմը սկսելէ առաջ թուրքը իր կռնակը ամրացուց` հայ դիմադրականութեան հաւանական դիրքերը չէզոքացնելով կամ քանդելով: Կիլիկեան կաթողիկոսութեան, Պոլսոյ պատրիարքարանի եւ ամերիկեան միսիոնարութեան կարճատես համագործակցութեամբ զէյթունցիները վար իջան իրենց ազատ սարերէն: Տարագրուեցան եւ փճացան արաբական անապատներուն մէջ:

Դաշտային Տարօնի անզէն բնակչութիւնը հրկիզուեցաւ իր խոտի մարագներուն մէջ, իսկ քաջարի Սասունի լեռնականները պաշարուեցան թրքական բանակներով եւ քրտական աշիրէթներով, 7-8 ամիս անողոք կռիւներէ ետք, սնունդի եւ ռազմանիւթի պակասը բնականաբար ընկճեց արի լեռնականները, որոնք նախընտրեցին ազատ մահը եւ փոքրամասնութիւն մը յաջողեցաւ ճեղքել թրքական գծերը եւ ապաստանիլ Կովկաս` շարունակելու համար ազատութեան պայքարը:

Այսպէս, թուրքը կանխապէս պատրաստուած ծրագրով յաջողեցաւ ցրուած եւ անպաշտպան հայութիւնը բնաջնջել իր բնիկ քաղաքներուն ու գիւղերուն մէջէն սկսած մինչեւ Միջագետքի անապատները, պատմութեան մէջ նմանը չգտնուած գազանութեամբ: Վասպուրականի, Շապին Գարահիսարի, Ուրֆայի եւ Մուսա Լերան դիմադութիւնները պարտադրուած ինքնապաշտպանութիւններ էին, եւ ոչ թէ ընդհանուր ապստամբութեան ծրագրի մը մաս կը կազմէին: Թուրքերը նախ իրենք չենք հաւատար իրենց տղայական ամբաստանութիւններուն, որ իբր թէ հայերը ճամբան կտրած ըլլան թուրք բանակներուն: Ամբողջ զօրքը եւ երկրի ոստիկանութիւնը իրենց ձեռքը ըլլալով` ամբողջ Արեւմտահայաստանը ամայացած ըլլալով` անզէն հայ կիներուն եւ մանուկներուն մնացորդացը ինչպէ՞ս կրնար թուրք բանակներուն կռնակը կտրել…

Թուրք խօսնակները վերի անհիմն ամբաստանութիւններուն առընթեր կը կրկնեն հայեւթուրք դարաւոր բարեկամութիւնը, հայու մշակութային առաւելութիւնները եւ յանցանքը կը բեռցնեն օտար ուժերու գրգռումին: Իբր թէ հայ քոմիթաճիները գործիք եղած են օտարներու եւ պատճառ դարձան թուրք եւ հայ փոխադարձ ջարդերու, եւ թուրք կառավարութիւնը անմեղ է…

Քիչ մըն ալ առաջ երթալով` յիսնամեակի առթիւ եղած ոգեկոչումները եւ բողոքի ցոյցերը կը վերագրեն Կիպրոսի եւ Յունաստանի գրգռութիւններուն: Իբր թէ խեղճ հայերը խամաճիկ են օտարներու ձեռքը, իրենք չեն գիտեր իրենց ըրածը, իրենց շահը կամ վնասը…

Իրենց սոփեստութիւններուն եթէ նախ իրենք հաւատային, թերեւս աշխարհի վրայ գտնուէին կարճամիտներ` անոնց հաւատք ընծայելու…

Թուրքերու ուրիշ մէկ յանկերգն է` «Մոռցէ՛ք անցեալը ապագային նայինք»: Ինչպէ՞ս կրնան մոռնալ հայերը, երբ թուրքը դեռ անզիջող է, դեռ կ՛ուրանայ իր Մեծ Ոճիրը: Դեռ իբր ազգային հերոս կը նկատէ դահճապետ Թալէաթը, Էնվերը եւ իթթիհատական բորենիները: Ինչպէ՞ս կրնան մոռնալ հայերը, երբ քեմալականներն ալ կը հետապնդեն համաթուրանական երազները եւ իրենց ձեռքին մէջ կը պահեն Արարատը, Կարսն ու Արտահանը եւ կը պնդեն որ Ղարաբաղն ու Նախիջեւանը մաս կազմեն իրենց եղբայրակից ազերիներու հայրենիքին: Առանց արդար հատուցումի եւ բռնագրաւուած հայ պատմական հոգերու վերադարձին` մոռնալ անկարելի է:

Մոռացման անկարելիութենէն զատ, Մերձաւոր Արեւեքի խաղաղութիւնը անկարելի է` առանց արդար հատուցման: Արտաքին միւս ճակատին գալով` ամբողջ Եւրոպան եւ Ամերիկաները եւ Ասիոյ ժողովուրդները յիշեցին` որ Հայ դատ մը գոյութիւն ունի, որ հայերը, հակառակ թուրքերու ցեղասպանութեան, դեռ ողջ են եւ պահանջող` իրենց արդար իրաւունքներուն, իրենց բռնագրաւուած եւ ամայացած հայրենի հողին:

Այս յիշուած շահերը անկարեւոր չեն, կը մնայ մեզի շարունակել մեր պայքարը նոյն թափով, համագործակցութիւնը աւելի սերտացնելով, ճիւաղ թուրքին հագած կեղծ դիմակը պատռելով` ցոյց տանք աշխարհին անոր իսկական դէմքը, որ անընդունակ է քաղաքակրթական եւ յառաջդիմական գաղափարներու, որ` դահիճն է հին քաղաքակրթուած ազգերու, որոնց գերեզմաններուն թառած` կը յանդգնի անոնց քաղաքակրթական նշխարները իւրացնել:

Գ. ԱԼԱՆ

Պէյրութ

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

«Ազդակ»` Ութսունութ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Բանակը` Արեւելեան Արուարձաններու Գլխաւոր Դիրքերուն Վրայ

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?