Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆրանչիսկոս Պապը Քննադատած Է Գերտէրութիւնները Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերուն Համար

June 23, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ֆրանչիսկոս պապը
Ֆրանչիսկոս պապը

«Թայմ» կը գրէ, որ Ֆրանչիսկոս պապը կիրակի օր քննադատած է գերտէրութիւնները 20-րդ դարուն տեղի ունեցած կոտորածները կանխարգիլելու համար ոչինչ ընելու եւ լուռ մնալու համար: Հռոմի եպիսկոպոսապետը նշեալ քննադատութիւնները կատարած է Թուրին կատարած այցելութեան ընթացքին, երբ ան պատմած է երիտասարդներուն, որ կը հասկնայ, թէ ինչո՛ւ անոնք կը դժուարանան վստահիլ աշխարհին:

Ֆրանչիսկոս պապը անդրադարձած է Հայոց ցեղասպանութեան, Համաշխարհային Բ. պատերազմին, ինչպէս նաեւ` Ռուսիոյ մէջ Ստալինի օրով գործող ԿՈՒԼԱԿ-ներուն (ճամբարներու եւ կալանավայրերու գլխաւոր վարչութիւն):

Ան դատապարտած է գերտէրութիւնները ոչինչ ձեռնարկելու համար, երբ բոլոր տեղեկութիւնները կը մատնանշէին, որ Եւրոպայի մէջ Համաշխարհային Բ. պատերազմի տարիներուն հրեաները, քրիստոնեաները, միասեռականները եւ ուրիշներ կ՛ուղարկուէին մահուան ճամբարներ:

«Գերտէրութիւնները ունէին լուսանկարները երկաթուղիներու, որոնց միջոցով շոգեկառքերը կ՛երթային Աուշվից` հրեաներուն, քրիստոնեաներուն, միասեռականներուն, բոլորին սպաննելու: Ինչո՞ւ անոնք չռմբակոծեցին այդ երկաթուղիները», հարց տուած է ան:

Ան խօսած է նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան մասին` զայն անուանելով «Հայաստանի մեծ ողբերգութիւն»:

«Նախորդ դարուն այդքան շատ, միլիոնաւոր հայեր մահացած են: Բայց ո՞ւր էին գերտէրութիւնները այդ ժամանակ: Անոնք այլ ուղղութեամբ կը նայէին», ըսած է պապը:

«Թայմ» կը յիշեցնէ, որ ապրիլին պապը զայրացուցած էր Թուրքիան, երբ օգտագործած էր «ցեղասպանութիւն» եզրը:

Պապը երիտասարդներուն յայտնած է, որ այսօրուան աշխարհին մէջ «ամէն ինչ կը կատարուի գումարի համար»: Ան քննադատած է անոնց, որոնք խաղաղութիւն քարոզելով` զէնք կ՛արտադրեն եւ կը վաճառեն:

 

Նախորդը

«Ո՛Չ Թալանին» Նախաձեռնութեան Բազմամարդ Երթը` Դէպի Նախագահական Նստավայր

Յաջորդը

Կառավարութիւնը Ազգային Ժողովին Կրկին Արտակարգ Նստաշրջան Գումարելու Առաջարկ Ներկայացուց

RelatedPosts

«Հայփոստ»-ը Կը Մերժէ Պաքուի Մէջ  Պահուող Հայերուն Նամակներ Փոխանցել
Հայկական

«Հայփոստ»-ը Կը Մերժէ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայերուն Նամակներ Փոխանցել

October 19, 2026
ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարը Յայտարարեց,  Որ Հայ Գերիներու Հարցը Իրենց Համար  Մեծ Կարեւորութիւն Ունի
Գլխաւոր լուրեր

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարը Յայտարարեց, Որ Հայ Գերիներու Հարցը Իրենց Համար Մեծ Կարեւորութիւն Ունի

October 17, 2026
ԵԱՀԿ-ի Գործող Նախագահը Հայաստանէն  Յայտարարեց` Մարդասիրական Հարցերու Մէջ  Մարտահրաւէրները Կը Յամենան
Հայկական

ԵԱՀԿ-ի Գործող Նախագահը Հայաստանէն Յայտարարեց` Մարդասիրական Հարցերու Մէջ Մարտահրաւէրները Կը Յամենան

October 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.