Հայաստան
Հայկական Բարբառներու
Ուսումնասիրութիւն
Հայաստանի Գիտութիւններու ակադեմիան լոյս ընծայած է ուսումնասիրութիւն մը, որ նուիրուած է Ղարաբաղի լեռնային շրջանին մէջ խօսուած ադրուտեան բարբառին: Աշխատութեան հեղինակը` լեզուաբան Արմենակ Պօղոսեան, վերլուծած է այս բարբառին հնչականութիւնը, բառերը, անոնց ձեւականութիւնն ու համադրութիւնը եւ բառարան մը կազմած է:
Շուտով լոյս կը տեսնէ նաեւ ուսումնասիրութիւն մը` «Քեսապի բարբառը», որուն հեղինակն է քեսապցի Ալեքսանդր Փաշայեան:
Այս նիւթերը ապագային պիտի ծառայեն բարբառագիտական ատլասի մը կազմութեան:
Զբօսաշրջութեան Վերելքը
Հայաստան այսուհետեւ մաս կը կազմէ ինքնաշարժով կատարուած միջազգային զբօսաշրջութեան գօտիին: Հիւսիսէն` Ազրպէյճանի սահմանէն կը սկսի 170 քիլոմեթրնոց ճամբայ մը, ուրկէ դէպի Երեւան գացող զբօսաշրջիկները պիտի կարենան տեսնել Դիլիջանի գեղատեսիլ կիրճն ու ջերմակայանը, Սեմենովեան կիրճը եւ Սեւանայ լիճը:
«Աստրոֆիզիքա» Հանդէսը
Հայաստանի Գիտութիւններու ակադեմիան սկսած է հրատարակել «Աստրոֆիզիքա» գիտական հանդէսը, որուն խմբագրապետն է Բիւրականի աստղադիտարանի տնօրէնը` Վիքթոր Համբարձումեան: Այս վերջինը յայտարարած է, թէ հանդէսը նիւթեր պիտի հրատարակէ աստղաբնագիտութեան զանազան մարզերուն մէջ խորհրդային աստղաբնագէտներու հետազօտութիւններու մասին:
Լիբանանահայ Կեանք
Սուրէն Խանամիրեան Ազգային Քոլեճի
Մանկապարտէզի Հանդէսը
Սուրէն Խանամիրեան ազգային քոլեճի մանկապարտէզի հանդէսը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 19 յունիս 1965, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, քոլեճի բակին մէջ, հովանաւորութեամբ լիբանանահայոց առաջնորդ Տաճատ արքեպիսկոպոսի:
Հանդէսին ներկայ էր քոլեճի ազգային բարերար, պետական երեսփոխան Սուրէն Խանամիրեան:
Բակը ամբողջութեամբ լեցուն էր ծնողներով:
Հանդէսը սկսաւ լիբանանեան ազգային քայլերգով: Գործադրուեցաւ ճոխ յայտագիր մը: Ծնողներ մեծ հաճոյքով դիտեցին իրենց փոքրիկներուն արտասանութիւնները, խաղերը, մարզանքները, պարերը, տողանցքն ու այլ շնորհները:
Վարիչ-մանկապարտիզպանուհի Էլիզ Պուլտուքեան իր կարելին ըրած էր, որպէսզի գոհ մնային ծնողները:
Քոլեճի տնօրէն Եդուարդ Էլոյեան կարդաց տեսչական տեղեկագիրը որմէ բացայայտօրէն պարզուեցաւ, թէ գոհացուցիչ աշխատանք տարուած է անցնող տարեշրջանին:
Յայտագրի վերջաւորութեան Յակոբ Գարաօղլանեան կարդաց խնամակալութեան տեղեկագիրը:
Խնամքով պատրաստուած տեղեկագրէն պարզուեցաւ, որ խնամակալութիւնը իր կարելին ըրած է, որպէսզի քոլեճը ունենայ բարձր մակարդակ:
Իր տեղեկագրի վերջաւորութեան Յ. Գարաօղլանեան շեշտեց. «Ամէն ջանք պիտի թափենք հասցնելու համար Ազգային Սուրէն Խանամիրեան քոլեճը այն բարձրութեան, որուն բոլորս կը բաղձանք»:
22 փոքրիկներ ստացան վկայական:
Փակման խօսքը ըրաւ առաջնորդ սրբազանը եւ լաւագոյն տպաւորութիւններով հանդէսը վերջ գտաւ սրբազան հօր «Պահպանիչ»-ով:
Սկաուտական Խարուկահանդէս
Էշրեֆիէի եւ Պէյրութի Սկաուտական խորհուրդներու կազմակերպած խարուկահանդէսներէն ետք, որոնք մեծ խանդավառութիւն ստեղծեցին սկաուտական շարքերէն ներս, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի Սկաուտական խորհուրդին կազմակերպած երրորդ խարուկահանդէսը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 19 յունիս 1965, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Պուրճ Համուտի Ժողովրդային տան բացօթեայ դաշտին վրայ:
Գործադրուեցաւ ճոխ յայտագիր մը` նուագախումբի, սկաուտներու, արենուշներու եւ գայլիկներու մասնակցութեամբ, որոնք հաճոյքով դիտուեցան հոծ թիւով հանդիսականներու կողմէ:
Ամէնէն տպաւորիչ մասը եղաւ, եռագոյն, լիբանանեան եւ ՀՄԸՄ-ի սկաուտական դրօշակներու հովանիին տակ տեղի ունեցած գայլիկներու եւ սկաուտներու երդման արարողութիւնը:
Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի տնօրէն Կարապետ Պետրոսեան եւ Պետրոս աբղ. Պէրպէրեան խօսեցան խարուկահանդէսի եւ սկաուտական կոչումի նշանակութեան մասին:
Խարուկահանդէսը վերջ գտաւ խանդավառ մթնոլորտի մէջ:
Ս. Քառասնից Մանկանց Ազգային Երկսեռ
Վարժարանի Մանկապարտէզի Հանդէսը
Սրբոց Քառասնից Մանկանց ազգային երկսեռ վարժարանի մանկապարտէզի վկայականաց բաշխման հանդէսը տեղի ունեցաւ կիրակի, 20 յունիս 1965, կէսօրէ առաջ ժամը 10:30-ին, «Քոլեժ տը լա Սալ»-ի հանդիսասրահին մէջ, հովանաւորութեամբ լիբանանահայոց առաջնորդ Տաճատ արքեպիսկոպոսի եւ նախագահութեամբ Մելքոն Պուլղուրճեանի:
Ծնողներ ծայրէ ծայր լեցուցած էին հանդիսասրահը:
Հանդէսը սկսաւ լիբանանեան ազգային քայլերգով, որուն յաջորդեց յայտագրի ճոխ ու անթերի գործադրութիւնը:
Հանդիսականներ գնահատանքով ծափահարեցին իրենց փոքրիկներուն ճաշակաւոր ու այլազան զգեստաւորումով կատարած եւրոպական, յունական, արաբական, չինական ու հայկական պարերը, նաեւ` պալէն ու մարզանքը:
Վարիչ-մանկապարտիզպանուհի Նուարդ Պէրպէրեան արժանի է ամէն գնահատանքի` բծախնդիր ու լուրջ աշխատանքով պատրաստուած այս գեղեցիկ հանդէսին համար:
Վարժարանի տնօրէն Սեդրակ Զաւէն, շնորհակալութեան իր պատշաճ խօսքը ուղղելէ ետք, հայրենաշունչ ճառ մը խօսեցաւ, Մեծ եղեռնի գազան ջարդարարներուն իբրեւ պատասխան, ներկայացնելով ծաղկող ու առողջ նոր սերունդը:
103 փոքրիկներ վկայական ստացան:
Առաջնորդ սրբազան հօր փակման խօսքով ու «Պահպանիչ»-ով վերջ գտաւ հանդէսը` լաւագոյն տպաւորութիւններով:
Յակոբ Կիւլոյեան
Եգիպտոսի Եւ Լաթաքիոյ Մէջ
Մայիս 28, ուրբաթ երեկոյեան, սիրուած ասմունքող Յակոբ Կիւլոյեան Պուրճ Համուտի «Գերմանիկ» սրահին մէջ 2000 հանդիսականներու ներկայութեան, 15-րդ անգամ ըլլալով սքանչելի կորովով «Անլռելի զանգակատունը» ներկայացնելէ ետք հայ ժողովուրդի լայն զանգուածին, Եգիպտոսէն եկած մասնաւոր հրաւէրին ընդառաջելով, յունիս 4, ուրբաթ երեկոյեան մեկնեցաւ Գահիրէ, ուր յունիս 5-ին վիպասեց Հելիոպոլսոյ «Յուսաբեր»-ի սրահին մէջ: Ներկայ էր ընտիր հասարակութիւն մը` Գահիրէի բոլոր խաւերէն անխտիր: Եգիպտահայութիւնը իրեն պատիւ բերող գիտակցութեամբ ու լրջութեամբ ասմունքողին հետ ապրեցաւ գեղարուեստական եւ հայրենասիրական վայելքը:
Յունիս 6-ին Յ. Կիւլոյեան հրաւիրուած էր Աղեքսանդրիա, ուր եւս նոյն խանդավառ ու հաւատաւոր ժողովուրդի մը ներկայութեան բեմ եկաւ ասմունքողը:
Չկարենալով տարբեր ելոյթներ ունենալ, գաղութի հայութեան բաղձանքին ընդառաջ` Յ. Կիւլոյեան վերադարձաւ Պէյրութ:
Իսկ շաբաթ, յունիս 19-ին, մեկնեցաւ Լաթաքիա, ուր դարձեալ վիպասեց «Անլռելի զանգակատուն»-ը մասնաւոր հրաւէրովը տեղւոյն Թարգմանչաց վարժարանին: