ՕԹԱՆ-ի խորհրդարանական վեհաժողովի փոխնախագահ Փաոլօ Ալլի` Երեւանի մէջ սկսած ՕԹԱՆ-ի խորհրդարանական վեհաժողովի 89-րդ Ռոզ Ռոթ սեմինարին ընթացքին յայտարարած է, որ ՕԹԱՆ չի խրախուսեր Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի զինուորական ճամբով լուծումը:
Ըստ անոր, տագնապի խաղաղ լուծման հարցը սեմինարի օրակարգային խնդիրներէն մէկն է: «Բնականաբար, մենք պիտի քննենք վերջին շրջանին զինուորական գործողութիւններու թեժացումը: Զինուորական մակարդակով թեժացումը չի բխիր մեր շահերէն, մենք չենք խրախուսեր խնդիրի զինուորական լուծումը: Յոյսով եմ` կողմերը պիտի յանգին փոխշահաւէտ լուծման: Հիասթափեցնող է, որ մենք մէկ քայլ ետ ենք նախորդ Ռոզ Ռոթ սեմինարէն: Անշուշտ, Ազրպէյճանի պատուիրակութեան բացակայութիւնը այս քննարկման ցաւալի է, եւ յոյսով եմ ճամբայ պիտի գտնենք կառուցողական երկխօսութեան համար: Կողմերը պէտք է հասկնան, որ երկխօսութիւնը միակ լուծումն է», ըսաւ Ալլի:
ՕԹԱՆ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովի Հայաստանի պատուիրակութեան ղեկավար Կորիւն Նահապետեան իր կարգին շեշտեց, որ Ռոզ Ռոթ նախորդ սեմինարին, որ տեղի կ՛ունենար Պաքուի մէջ, Հայաստան մասնակցած է: