Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Լեռնային Ղարաբաղի Իրավիճակի Սրման Պարագային Հայաստանը Կրնայ Լրացուցիչ Ուժեր Ստանալ Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագիրի Կազմակերպութենէն» Կ՛ըսէ Պորտիւժա

June 19, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Նիքոլայ Պորտիւժա
Նիքոլայ Պորտիւժա

Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Նիքոլայ Պորտիւժա յայտնեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման տեսանկիւնէն ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ձեւաչափը լաւագոյնն է:

Ըստ անոր, Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին վերաբերեալ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան դիրքորոշումը կը մնայ նոյնը:

«ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը շատ մանրակրկիտ կերպով կ՛ուսումնասիրէ այդ խնդիրը եւ ոչ մէկ այլ կառոյց պէտք է մասնակցի այդ հոլովոյթին», յայտարարեց Պորտիւժա` աւելցնելով. «Մենք անընդհատ Հայաստանէն կը ստանանք տուեալներ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի գօտիին մէջ սպաննուածներու եւ կրակոցներու մասին: Բացի ատկէ, պէտք է ընդգծել, որ Հայաստանը` իբրեւ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան լիիրաւ անդամ, իրավիճակի սրման պարագային իրաւունք ունի լրացուցիչ ուժեր ստանալու», ըսաւ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղարը:

Պորտիւժա տեղեկացուց նաեւ, որ սեպտեմբերի վերջաւորութեան եւ հոկտեմբերի սկիզբը Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան անդամ երկիրներու ազգային անվտանգութեան ուժերու մասնակցութեամբ լայնածաւալ ռազմափորձերու նախապատրաստական աշխատանքները կ՛ընթանան ըստ նախատեսուածին:

Անդրադառնալով Ազրպէյճանի` Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան անդամակցութեան հարցին` Պորտիւժա նշեց, որ բոլոր պետութիւնները պէտք է մասնակցին հաւաքական անվտանգութեան համակարգին:

«Եթէ Ազրպէյճան այդպիսի հարց բարձրացնէ, մենք, ի հարկէ, կրնանք զայն քննարկել մասնակցութեամբ կազմակերպութեան բոլոր անդամներուն, ներառեալ` Հայաստանի», ըսաւ ան:

Ինչ կը վերաբերի Ռուսիոյ կողմէ Ազրպէյճանին վաճառուող զէնք-զինամթերքի խնդիրին, ապա Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղարը ըսաւ. «Ես բազմիցս անդրադարձած եմ այս հարցին եւ կ՛ուզեմ դարձեալ կրկնել, որ Ռուսիան զէնք կը վաճառէ ե՛ւ Հայաստանին, ե՛ւ Ազրպէյճանին հաւասարութեան սկզբունքով, որպէսզի պահպանուի հաւասարակշռութիւնը»:

Նախորդը

«ՕԹԱՆ Չի Խրախուսեր Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Զինուորական Ճամբով Լուծումը» Կ՛ըսէ Ալլի

Յաջորդը

Պելճիքայի Վարչապետը Կառավարութեան Անունով Ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը

RelatedPosts

Հրապարակուեցան Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Պաշտօնական Արդիւնքները
Հայկական

Հրապարակուեցան Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Պաշտօնական Արդիւնքները

October 27, 2026
Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակը  Կը Ներկայացնէ Ռուբէն Վարդանեանի Գործին  Վերաբերեալ Իրաւական Ժողովածու
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակը Կը Ներկայացնէ Ռուբէն Վարդանեանի Գործին Վերաբերեալ Իրաւական Ժողովածու

October 27, 2026
Պայրամով. «Հայ Հասարակութիւնը Պէտք Է Ընդունի,  Որ Խաղաղութիւնը Կարեւոր Է Թէ՛ Իր,  Թէ՛ Ալ Ազրպէյճանական Հասարակութեան Համար»
Գլխաւոր լուրեր

Պայրամով. «Հայ Հասարակութիւնը Պէտք Է Ընդունի, Որ Խաղաղութիւնը Կարեւոր Է Թէ՛ Իր, Թէ՛ Ալ Ազրպէյճանական Հասարակութեան Համար»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.