Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ-ն Օրէնքի Նախագիծ Կը Պատրաստէ Ելեկտրականութեան Սակի Եւ Ուժանիւթի Համակարգին Վերաբերեալ

June 19, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

6-18-15_FotorCreated27Հանրային ծառայութիւնները համակարգող յանձնախումբը նախանցեալ օր որոշում տուաւ բարձրացնելու ելեկտրականութեան հոսանքի սակը: Պատասխանելով լրագրողներու այն հարցումին, թէ ի՞նչ կը  պատրաստուի ընել Դաշնակցութիւնը, արդեօք հետեւողական պիտի ըլլա՞յ այն յայտարարութիւններուն գծով, որ պէտք է ստուգումներ կատարուին այդ մարզին մէջ, եւ որ պէտք է կանխարգիլել ելեկտրականութեան հոսանքի սակի բարձրացումը, Արծուիկ Մինասեան պատասխանեց. «Իսկ մենք մեր ո՞ր խօսքին մէջ հետեւողական չենք եղած»:

Պատգամաւորը աւելցուց, որ յառաջիկային  Դաշնակցութիւնը պիտի հրապարակէ օրէնքի նախագիծ` սակի հաշուարկը կապելով սպառողներու խումբերու կենսաապահովման նուազագոյն զամբիւղին, արտադրողներու եւ ծառայութիւն մատուցողներու համար` ապրանքներու ինքնարժէքին հետ: Երկրորդ, որ որեւէ սակ առնուազն հինգ տարի պիտի չփոխուի բարձրացման ուղղութեամբ:

Պատասխանելով լրագրողներու այն հարցումին, թէ կարելի՞ է փողոցային պայքարի միջոցով լուծել ելեկտրականութեան հոսանքի սակի հարցը` յօգուտ քաղաքացիներուն, Արծուիկ Մինասեան պատասխանեց, որ ինք չի յիշեր դէպք մը, երբ փողոցային պայքարի միջոցով հարց լուծուած է: Պատգամաւորին կարծիքով` փողոցային պայքարը կրնայ օգնել, որպէսզի հարցը լուծուի օրէնսդրական եւ սահմանադրական ճամբով, ինչպէս եղաւ կուտակայինի դէմ պայքարին մէջ: Ըստ անոր, Ազգային ժողովի քաղաքական ուժերը պէտք է փորձեն օրէնսդրական ճամբով յառաջ մղել այնպիսի նախաձեռնութիւններ, որպէսզի այդ հոլովոյթը կասեցուի եւ վերահաշուարկ իրականացուի:

Միւս կողմէ, ըստ պատգամաւորին, եթէ ըլլայ  աջակցութիւն նաեւ Ազգային ժողովէն դուրս, ատիկա կ՛օգնէ նախաձեռնութիւնները յաջողութեամբ կեանքի կոչելու: Արծուիկ Մինասեան ըսաւ, որ օրէնսդրական նախաձեռնութեան միջոցով կրնան պահանջել, որ անկախ հաշուեքննութիւններ կատարուին ուժանիւթի ամբողջ համակարգին մէջ:

 

 

Նախորդը

Միրզոյեան Ընդունեց Եւրոպացի Քաղաքագէտներ Եւ Հետազօտողներ

Յաջորդը

«ՕԹԱՆ Չի Խրախուսեր Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Զինուորական Ճամբով Լուծումը» Կ՛ըսէ Ալլի

RelatedPosts

Հրապարակուեցան Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Պաշտօնական Արդիւնքները
Հայկական

Հրապարակուեցան Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Պաշտօնական Արդիւնքները

October 27, 2026
Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակը  Կը Ներկայացնէ Ռուբէն Վարդանեանի Գործին  Վերաբերեալ Իրաւական Ժողովածու
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակը Կը Ներկայացնէ Ռուբէն Վարդանեանի Գործին Վերաբերեալ Իրաւական Ժողովածու

October 27, 2026
Պայրամով. «Հայ Հասարակութիւնը Պէտք Է Ընդունի,  Որ Խաղաղութիւնը Կարեւոր Է Թէ՛ Իր,  Թէ՛ Ալ Ազրպէյճանական Հասարակութեան Համար»
Գլխաւոր լուրեր

Պայրամով. «Հայ Հասարակութիւնը Պէտք Է Ընդունի, Որ Խաղաղութիւնը Կարեւոր Է Թէ՛ Իր, Թէ՛ Ալ Ազրպէյճանական Հասարակութեան Համար»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.