Տեսակցութիւն Ս. Վրացեանի Հետ
«Անահիտ» Գրական Մրցանակի Առիթով
Մայիսի վերջին օրերուն մամուլին մէջ յայտարարուեցաւ «Անահիտ» գրական մրցանակի բաշխումը: Ամէն տարի, դպրոցական եղանակի վերջին ամսուն, մինչ մտաւորական կեանքը կը կորսնցնէ իր համեմատական կենսունակութիւնը գաղութէ գաղութ, թերթերը արձագանգ կը հանդիսանան, հոգ չէ թէ` սահմանափակ ծիրի մէջ, այս գրական մրցանակին, որ ահա կու գայ իր վեցերորդ մրցանակաւորին անունը հրապարակելու. պոլսահայ երիտասարդ բանաստեղծ Զարեհ Խրախունի: Երեւոյթը իր անաղմուկ ճշդապահութեամբը ուշագրաւ արդէն, իր ետին կ՛ենթադրէ սրտառուչ, հազուագիւտ, նաեւ հաւատարմութիւն մը` հայ գիրի մերօրեայ, Աղբալեան պիտի ըսէր` «ջերմանոցային» արտադրութիւններուն եւ գեղեցիկով տեսլահար անոր սակաւաթիւ կոչեցեալներուն հանդէպ: «Համազգային»-ի բարոյական հովանաւորութիւնը վայելող այս մրցանակը, ուրեմն մեզմէ կը պահանջէ այն, ինչ որ երբեմն կը շռայլենք մեր խառնածին արժէքներուն եւ կը զլանանք վաւերականներուն:
Այս խորհրդածութիւնները քայլերս կ՛առաջնորդեն Ս. Վրացեանի մօտ, որ «Համազգային»-ի Կեդրոնական վարչութեան անունով կը նախագահէ «Անահիտ» գրական մրցանակի յանձնախումբին: Զինք կը գտնեմ Ճեմարանի պարտէզին մէջ` յետմիջօրէի ստուերներուն տակ նստած: Կը սկսիմ հարցումներուս:
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Կը հաճի՞ք պրն. Վրացեան, տեղեկութիւններ տալ «Անահիտ» մրցանակի հաստատման պարագաներու մասին:
ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- «Անահիտ» գրական մրցանակը հիմնուած է 1957-ին, ամերիկահայ Անահիտ Գարակէօզեանի անունով, մահացած` նոյն թուականին, Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ: Վանեցի էր, կինը` Սան Ֆրանսիսքոյի մեր ծանօթ ընկերներէն Աւետիս Գարակէօզեանի: Օժտուած հանրային հետաքրքրութիւններով եւ հայ մշակոյթի սիրով` գործօն անդամուհիներէն էր Քալիֆորնիոյ ՀՕ Միութեան մասնաճիւղին: Իր յուղարկաւորութեան առթիւ կատարուած հանգանակութենէ մը հայթայթուեցաւ շուրջ 1500 տոլար գումար մը, որ հիմքը կազմեց «Անահիտ» գրական մրցանակին:
Հ.- Իսկ մրցանակի բնոյթն ու ձգտումնե՞ր:
Պ.- Մրցանակի նպատակն է քաջալերել նորահաս գրական ուժերը եւ վարձատրել սփիւռքի վաստակաւոր գրողները: Թէեւ անհատական նախաձեռնութիւն, կատարուած Աւետիս Գարակէօզեանի կողմէ, ան կը վայելէ հովանաւորութիւնը «Համազգային»-ի: Կազմուած է Կեդրոնական վարչութեան կողմէ, բաղկացած` հայ գրականութեամբ եւ ընդհանրապէս հայ մշակոյթով հետաքրքրուող անձերէ, մեծ մասամբ` գրող, ուսուցիչ եւ այլն: Նկատի կ՛առնուին տարուան ընթացքին լոյս տեսած բոլոր գործերը, բայց մրցանակ ստացող նոր գործէն անդին` գրագէտին ընդհանուր արժէքն ալ գնահատումին մէջ ունի իր դերը: Ասկէ անկախ, որոշ նախապատուութիւն կը տրուի նոր ուժերու:
Հ.- Եւ կարելի՞ է ըսել, որ մրցանակը իր ձգտումներուն համապատասխան արդիւնքի հասած է:
Պ.- Դժբախտաբար կարելի չէ այդ հարցին ամբողջութեամբ դրական պատասխան տալ: Առաջին` յանձնախումբը ցարդ ի վիճակի չէ եղած տարուան ընթացքին լոյս տեսած բոլոր գործերը ունենալու իր տրամադրութեան տակ, հակառակ որ այդ իմաստով յայտարարութիւններ տրուած են մամուլին: Փափաքելի է, որ հեղինակները ինքնաբերաբար իրենց նոր գործերէն մէկական օրինակ ուղարկեն յանձնախումբին, «Համազգային»-ի հասցէով: (*)
Երկրորդ` յանձնախումբը մինչեւ վերջերս առիթ չունեցաւ մրցանակը յատկացնելու երիտասարդ գրագէտի մը, հակառակ որ, ինչպէս ըսի, սկզբնական ծրագիրը նախապատուութիւն կու տար նոր անուններու: Այս տարի միայն մրցանակը տրուեցաւ երիտասարդ բանաստեղծի մը, որ, յոյս ունինք, մեր գրականութեան մէջ հետզհետէ աւելի կարեւոր տեղ կը գրաւէ:
Հ.- Կրնա՞ք գաղափար մը տալ մրցանակի գումարին եւ հիմնադրամի տնօրինումին մասին:
Պ.- Ինչպէս ըսի, գումարը սկզբնապէս 1500 տոլարի կը հասնէր: Այս գումարէն վեց տարիէ ի վեր «Անահիտ» մրցանակին կը յատկացուի տարեկան 100 տոլար: Իսկ 50 լիբ. ոսկի ալ Ն. Փալանճեան Ճեմարանի լսարանական թերթ «Ջահակիր»-ի մէջ լոյս տեսած ընթացիկ տարուան երկու լաւագոյն գրութիւններուն: Բնականաբար հիմնադրամի միայն տոկոսը բաւարար չէ եւ մրցանակի մայր գումարը հետզհետէ կը նուազի: Փափաքելի պիտի ըլլար, անշուշտ ապահովելու համար մրցանակի գոյատեւումը, նախ հիմնադրամը հասցնել նուազագոյն ինքնաբաւութեան մը, որուն շնորհիւ յանձնախումբը կարենար մրցանակին տրամադրել տոկոսը միայն` մայր գումարը պահելով անձեռնմխելի:
Հ.- Եւ որո՞նք են անցնող վեց տարիներու մրցանակաւորները:
Պ.- 1959-էն ի վեր, ամէն տարուան մայիսի 28-ին յայտարարուած են «Անահիտ» մրցանակաւորներու անունները` հետեւեալ կարգով.
1957-ին` Համաստեղ, իր «Աղօթարան»-ին առիթով,
1958-ին` Ն. Պէշիկթաշլեան, որպէս գնահատութիւն իր ամբողջ գործին,
1959-ին` Եդուարդ Տարօնեան, իր «Համասփիւռ»-ին առիթով,
1961-ին` Արսէն Երկաթ, իր «Քերթուածներ»-ուն առիթով,
1962-ին` Արամ Հայկազ, իր «Չորս աշխարհ» պատմուածքներու հատորին առիթով,
1963-ին` Շ. Նարդունի, իր «Սպիտակ առաւօտ» հատորին առիթով:
Իսկ 1964-ի մրցանակաւորը` վերջինը, հանդիսացաւ, ինչպէս ըսի, պոլսահայ բանաստեղծ Զարեհ Խրախունի:
Հ.- Վեց տարուան գոյութենէ մը ետք կարելի՞ է ըսել, պրն. Վրացեան, թէ ի՛նչ հեռանկարներ կը պարզուին «Անահիտ» մրցանակին եւ յանձնախումբին առջեւ:
Պ.- «Անահիտ» մրցանակի ապագան ապահովելու համար անհրաժեշտ է անշուշտ, ինչպէս քիչ առաջ կ՛ըսէի, նախ ապահովել անոր նիւթական վիճակը: Ան մասնաւոր նախաձեռնութիւն է միայն, Ա. Գարակէօզեանի կողմէ կատարուած, եւ հակառակ «Համազգային»-ի հովանաւորութեան, նիւթապէս կը մնայ սահմանափակ տարողութեան մէջ: Փափաքելի է, որ ան ունենայ աւելի մնայուն ու ապահով վիճակ: Պէտք է գիտակցինք, որ մանաւանդ սփիւռքի մէջ գրականութիւնը զարգացնելու եւ նոր ուժեր գրականութեան բերելու համար գրական մրցանակը կարող է կարեւոր դեր կատարել` որպէս արտայայտութիւն հանրային հետաքրքրութեան: Այդ հետաքրքրութեան ստեղծումն է միայն, որ կրնայ կեանք եւ հարստութիւն տալ` դժուարին պայմաններու մէջ գոյատեւող սփիւռքահայ գրականութեան:
Յ. Ք.
(*) Համազգային Ընկերութիւն
10 Հիւսէյն Պէյհում փողոց
Պէյրութ-Լիբանան
Ուխտագնացութիւն Ազգային Հերոս
Ս. Թեհլիրեանի Գերեզմանին
«Ասպարէզ»-էն կը տեղեկանանք, թէ յունիս 6-ի կիրակի օր համաժողովրդական ջերմ մասնակցութեամբ տեղի ունեցած է ուխտագնացութիւն` ազգային հերոս Սողոմոն Թեհլիրեանի գերեզմանին: Ուխտագնացութիւնը կազմակերպած էր ՀՅԴ Քալիֆորնիոյ Կեդրոնական կոմիտէն, եւ ուխտաւորներ եկած են մինչեւ Սան Ֆրանսիսքոյէն, Լոս Անճելըսէն եւ այլ քաղաքներէ` Ֆրեզնօ:
Ներկայ էին Ս. Թեհլիրեանի այրին` Անահիտ, եղբօր կինը` Նազելի եւ զաւակը` Աւետիս Թեհլիրեաններ: Ներկայացուցիչներ` ազգային, կուսակցական, բարեսիրական, եւ զանազան հանրային կազմակերպութիւններէ: Հանդիսաւոր հոգեհանգիստ կատարուած է հերոսի գերեզմանին վրայ` մասնակցութեամբ երեք քահանայ հայրերու:
Խօսած են` Մելիք Շահ, երիտասարդ Լինտի Աւագեան, Վարդան քհնյ. Տիւլկերեան եւ ՀՅԴ Քալիֆորնիոյ Կ. կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Մանճիկեան:
Այս ուխտագնացութեան առթիւ կատարուած է բացումը Սողոմոն Թեհլիրեանի մեծադիր նկարին, որ գործն է ամերիկացի յայտնի նկարիչ Սթիվըն Կոլի, ծանօթ իր նկարներով եւ քանդակներով` նախագահ Քենետիի, նախագահ Ռուզվելթի, տիկին Ռուզվելթի:
Ս. Կոլ նկարը պատրաստած է անվճար` ի յարգանս հայ հերոսին: