Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (17 Յունիս 1965)

June 17, 2015
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պաշտօնական Զեկոյց

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան
Միաբանական Ընդհանուր Ժողովը

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Միաբանական ընդհանուր ժողովը գումարուեցաւ 9 յունիս 1965, չորեքշաբթի երեկոյեան ժամը 6:30-ին` հրաւէրով եւ նախագահութեամբ Խորէն Ա. վեհափառ կաթողիկոսի:

Ժողովի օրակարգերն էին.

1.- Ընտրութիւն մայր դիւանի:
2.- Ընթերցում եւ վաւերացում նախորդ նիստի ատենագրութեան:
3.- Երկամեայ զեկոյց վեհափառ հայրապետի:
4.- Ընտրութիւն տնօրէն ժողովոյ:
5.- Միաբանական կանոնագրութեան վերամշակում:

Ժողովին մասնակցեցան հետեւեալ միաբանները.

Ղեւոնդ, Տաճատ, Արտակ, Հրանդ, Սահակ արքեպիսկոպոսներ եւ Գարեգին եւ Արտաւազդ եպիսկոպոսներ:

Արսէն, Վարդան, Վահրամ, Սմբատ, Մեսրոպ, Մաշտոց, Եզնիկ, Կորիւն, Սուրէն եւ Բաբգէն վարդապետներ եւ Կոմիտաս, Եփրեմ եւ Պետրոս աբեղաներ:

Ժողովը բացուեցաւ վեհափառ հայրապետին աղօթքով:

Միաձայնութեամբ դիւանի ատենապետ ընտրուեցաւ Ղեւոնդ արքեպիսկոպոս, իսկ ատենադպիր` Պետրոս աբեղայ:

Կարդացուեցաւ նախորդ նիստի ատենագրութիւնը եւ վաւերացուեցաւ:

Վեհափառ հայրապետը Ս. Աթոռի երկամեայ գործառնութեանց հաշուեկշիռ-տեղեկագիրը զեկուցեց` նիւթական եւ բարոյական գետնի վրայ, հակիրճ եւ խտացուած ձեւով: Ապա շնորհակալութիւն յայտնեց թեմակալ առաջնորդներուն եւ միաբանութեան անդամներուն` իրենց բոլորանուէր աջակցութեան համար:

Շինարարական աշխատանքներու մասին իր զեկոյցէն ետք, պարզեց միաբաններուն իր այն ձգտումը, որով կ՛ուզէր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը նիւթապէս ինքնաբաւ դարձնել, որ մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց միաբաններուն մէջ:

Միաձայնութեամբ Տաճատ արքեպիսկոպոս, Գարեգին եպիսկոպոս եւ Տաթեւ վարդապետ Տնօրէն ժողովի անդամ ընտրուեցան:

Յետ Տնօրէն ժողովի ընտրութեան, Միաբանական ընդհանուր ժողովը պաշտօն տուաւ Տնօրէն ժողովի անդամներուն` վերամշակել միաբանական ներքին կանոնագիրը եւ յաջորդ Միաբանական ժողովին բերել առ ի քննութիւն եւ ի վաւերացում:

Ժողովը փակուեցաւ ժամը 8:30-ին, վեհափառ հայրապետին աղօթքով, եղբայրական ջերմ մթնոլորտի մէջ:

ԴԻՒԱՆ ՄԻԱԲԱՆԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎՈՅ

Ատենապետ
ՂԵՒՈՆԴ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ

Ատենադպիր
ՊԵՏՐՈՍ ԱԲԵՂԱՅ

 

ՀՅԴ Նոր Սերունդի
Պատգամաւորական Ժողովը

Հաճոյքով կը հրատարակենք Փարիզի մեր պաշտօնակից «Յառաջ»-ի յունիս 11-ի թիւին մէջ լոյս տեսած հետեւեալ թղթակցութիւնը` ՀՅԴ «Նոր սերունդ»-ի Պատգամաւորական ժողովի մասին:

Ֆրանսայի կլանող միջավայրին մէջ «Նոր սերունդ»-ի միջոցով հայ երիտասարդութեան հաւատարմութիւնն ու հետաքրքրութիւնը` հանդէպ մեր «փոքր ածուին», կը խանդավառէ մեզ` իբրեւ վկայութիւնը այն իրողութեան, որ գաղափարական երիտասարդութիւնը, բոլոր երկինքներու տակ, լաւագյն գրաւականն է հայ ժողովուրդի լուսաւոր ապագային:

Հոգեգալուստի օրերուն Փարիզի մէջ գումարուեցաւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան «Նոր սերունդ»-ի 16-րդ Պատգամաւորական ժողովը: Եռօրեայ յաջորդական նիստերուն մասնակցեցան 21 խումբերու պատգամաւորներ, ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական կոմիտէի, ՀՅԴ «Նոր սերունդ»-ի Կեդրոնական վարչութեան, ինչպէս նաեւ «Յառաջ»-ի եւ «Հայաստան»-ի ներկայացուցիչները: Եռօրեայ աշխատանքներուն նոյնպէս մասնակցեցան երէց եւ երիտասարդ հրաւիրեալներ ու բազմաթիւ նորսերնդականներ:

Առաջին նիստը տեղի ունեցաւ շաբաթ առաւօտ: Բացումը կատարեց ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը, որ այս առթիւ կարեւոր նկատեց դաշնակցական երիտասարդական այս կազմակերպութեան ազգային առաքելութիւնը: Շեշտեց նոյնպէս, որ ՀՅԴ «Նոր սերունդ»-ին հիմնական առաջադրութիւններուն մաս կը կազմէ ֆրանսական մշակոյթին ծանօթացումը հայ երիտասարդութեան եւ, փոխադարձաբար, հայ արժէքներու ծանօթացումը` ֆրանսական շրջանակներուն:

Ապա յաջորդաբար եւ օրինակելի բծախնդրութեամբ ընտրուեցան դիւանի կազմը լիազօրագրերու ստուգիչ, բանաձեւային եւ հաշուեքննիչ յանձնախումբերը:

Յաջորդաբար կարդացուեցան կեդրոնական Ֆրանսայի ութ, փարիզեան շրջանի եօթը եւ հարաւային Ֆրանսայի Շրջանային վարչութեան բարոյական գործունէութեան միամեայ տեղեկագիրները եւ նիւթական գործառնութեան հաշուեկշիռները:

Առաջին առթիւ պարզուեցաւ, որ գրեթէ բոլոր խումբերն ալ մեծ ճիգ ու աշխատանք թափած են, որպէսզի լաւագոյն ու առաւելագոյն ձեւով իրագործեն նախորդ Պատգամաւորական ժողովին որոշումները: Հերթական նիստերը գումարուած են կանոնաւորապէս ամէն շաբաթ, որոնց ընթացքին անպակաս եղած են հայերէնի դասերն ու դասախօսութիւնները: Հայերէնի դասընթացքները պարտադիր եղած են բոլոր խումբերուն մէջ, բոլոր անդամներուն համար: Դժբախտաբար մեկուսի շրջաններ, ինչպէս, օրինակ, Սեն Շամոն, կը տառապին ուսուցիչի պակասէ: Այսուհանդերձ, գնահատելի գիտակցութեամբ մը փորձած են իրենք իրենց միջոցներով սորվիլ մայրենի լեզուն` օգտագործելով, յատկապէս, փրոֆ. Ֆէյտիի ֆրանսերէն լեզուով պատրաստուած հայերէն լեզուի դասընթացքը:

Ինքնազարգացումի հիմնական ազդակ է դասախօսութիւնը: Որով իւրաքանչիւր խումբ աշխատած է առաւելագոյն չափով հետեւիլ Կեդրոնական վարչութեան պատրաստած դասախօսական ծրագրին: Ժողովներու ընթացքին պարբերաբար կարդացուած եւ քննութեան առարկայ դարձած են հայոց պատմութեան զանազան ժամանակաշրջանները, հայ մշակոյթի  զանազան երեսները պատկերացնող գրաւոր նիւթերը, որոնք կանոնաւորապէս շրջաններուն ղրկուած են Կեդրոնական վարչութեան կողմէ:

Զանազան շրջաններ հիմնած են երգչախումբեր, ինչպէս` Լիոն, Տեսին, ուրիշ շրջաններ` պարախումբեր, ինչպէս` Փարիզ, Պոմոն, Մարսէյ, Տեսին, Սենթ Էթիէն, ու նաեւ թատերախումբեր (Մարսէյ, Առնուվիլ):

Երեք տարիէ ի վեր հարաւային Ֆրանսա օժտուած է Շրջանային վարչութեամբ մը` իբրեւ արդիւնք զանազան խումբերու եւ մեծ թիւով անդամներու գոյութեան` արուարձաններէն մինչեւ մօտակայ Կարտան:

Պատգամաւորական ժողովը անհրաժեշտ գտաւ, որ կեդրոնական Ֆրանսա եւս, իր կարգին, ունենայ իր Շրջանային վարչութիւնը: Այս որոշումը արդիւնք է այն իրողութեան, որ օր ըստ օրէ աւելի մեծ ծաւալ կը ստանայ «Նոր սերունդ»-ին գործունէութիւնը այս շրջանին մէջ:

«Նոր սերունդ»-ին ձայնը կենդանի է նաեւ մինչեւ Պորտօ, ուր, հակառակ առանձնացած պայմաններուն, շրջանի ընկերուհիներն ու ընկերները կ՛աշխատին վառ պահել նոր սերունդին ջահը այս փոքրաթիւ գաղութին մէջ:

Կենդանի շարժում մը զգալի է Փարիզի մէջ: Եօթը խումբեր` հայաշատ բոլոր արուարձաններէն մինչեւ քաղաքի կեդրոնը, ամէն առիթով լսելի կը դարձնեն հայ երիտասարդութեան ձայնը:

Կեդրոնական վարչութեան ատակ գործիչներ պատրաստելու ծրագիրը, որ գործադրութեան դրուած է տարիէ մը ի վեր, կատարած է բախտորոշ դեր: Այսուհանդերձ, ժողովականները մատնանշեցին թերիներ, պակասներ: Ծրագիրը աւելի ընդլայնեցաւ: Դրուեցաւ գործնական հիմերու վրայ:

ՀՅԴ «Նոր սերունդ»-ի անցեալ տարուան բանակումը եւս արձանագրած է մեծ յաջողութիւն: Մեծ թիւով երիտասարդներ մասնակցած են: Գործադրուած է դաստիարակչական յատուկ ծրագիր մը` պատրաստուած դաստիարակներու կողմէ:

Նորութիւն մը եղած է ձմեռնային բանակումը Պելֆոնթենի մէջ: Որոշուեցաւ շարունակել աւելի լայն չափերով:

ՀՅԴ «Նոր սերունդ»-ին պաշտօնաթերթը` «Հայաստան», ֆրանսերէն եւ հայերէն իր զոյգ բաժիններով մեծապէս կը սատարէ մեր ազգային գաղափարախօսութեան ամրապնդման: Ժողովը գոհունակութեամբ արձանագրեց, որ թերթը լոյս տեսած է կանոնաւոր եւ ապահոված է երէց ու երիտասարդ անուանի մտաւորականներու, հրապարակագիրներու մնայուն աշխատակցութիւնը:

Այս տարի եւս բազմաթիւ երիտասարդներ մուտք գործած են մայր կուսակցութեան շարքերը: Այս հաստատումը արժանացաւ ժողովականներու ծափահարութեան:

Մարսէյէն մինչեւ Փարիզ, հեռաւոր արուարձաններէն մինչեւ մեծ քաղաքներու կեդրոնները, ՀՅԴ «Նոր սերունդ»-ը ոչ միայն իր լայն մասնակցութիւնը կը բերէ ազգային եւ կուսակցական գրեթէ բոլոր ձեռնարկներուն, այլեւ նոյնիսկ կ՛ըլլայ նախաձեռնարկ:

ՀՅԴ «Նոր սերունդ»-ի 16-րդ Պատգամաւորական ժողովը առիթ մը եղաւ անգամ մը եւս հաստատելու, որ երիտասարդական այս կազմակերպութիւնը իր գոյութեան քսան տարիներու ընթացքին կատարած է նախախնամական դեր նոր սերունդի հայեցի դաստիարակութեան, ազգային դիմագիծի պահպանումին եւ, յատկապէս, ՀՅ Դաշնակցութեան համահայկական գաղափարներու տարածման եռեակ մարզերուն մէջ:

Իր դերին եւ կոչումին գիտակից սերունդի մը արտայայտութիւնը եղաւ Պատգամաւորական ժողովը, որ վերջ գտաւ երկուշաբթի իրիկուն, «Մշակ, բանուոր» երգով:

 

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

«Ազդակ»` Ութսունութ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Պուրճ Համուտի Մէջ Անդորրութեան Հաստատումի Ճիգեր Եւ Բնականոն Կեանքի Վերադարձ

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.