Ria.ru կայքը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով լրագրողներուն յայտնած է, թէ Պաքուի մէջ շաբաթ օր կայացած Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի նախագահներ Վլատիմիր Փութինի եւ Իլհամ Ալիեւի միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին քննարկուած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման նիւթը:
«Հիմնականին մէջ քննարկուած են ռուս-ազրպէյճանական երկկողմանի յարաբերութիւնները: Անոնք բազմաբեւեռ են եւ բազմազան, եւ մեր յարաբերութիւններուն բոլոր բաղադրիչ մասերը շատ մանրամասն քննարկուած են: Ղարաբաղի նիւթը շօշափուած է», ըսած է Փեսքով:


