Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան երէկ աշխատանքային ճաշի հրաւիրեց Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած ԵԱՀԿ-ի անդամ պետութիւններու դեսպանները եւ ԵԱՀԿ-ի երեւանեան գրասենեակի ղեկավար Անտրէյ Սորոքինը: Քննարկուեցան ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահ Իվիցա Տաչիչի շրջան այցելութեան արդիւնքները, ԵԱՀԿ-ի օրակարգային հարցերը:
Էդուարդ Նալբանդեան ղարաբաղեան հիմնախնդիրի լուծման հոլովոյթին անդրադառնալով կարեւոր նկատեց ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահ Իվիցա Տաչիչի հանդիպումը Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ` ընդգծելով, որ ուղղակի հաղորդակցութիւնները կարելիութիւն կ՛ընձեռեն առաւել առարկայական եւ անաչառ պատկերացում կազմելու իրավիճակին մասին:
Նալբանդեան բարձր գնահատեց ԵԱՀԿ-ի երեւանեան գրասենեակի գործունէութիւնը: